Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Թեհրանի մէջ Սուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած խօսքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար կարելի չէ վստահիլ ՄԱԿ-ին կամ Ապահովութեան խորհուրդին: Անոր գրաւոր խօսքը ներկաներուն կարդաց Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Լեւոն Չաքրեան:
Լաւրով ըսաւ, թէ Սուրիա այն երկիրներէն է, որ պէտք է իրանցի իր բարեկամներուն կողքին ըլլայ, իսկ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է վարչակարգին հետ երկխօսութիւն կատարէ եւ երկրին դէմ նիւթուած ահաբեկչական դաւերուն դէմ կանգնի: «Մենք հաշտութեան գոյացման ջանքեր կը թափենք եւ այդ երթը ամրապնդելու կը միտինք», դիտել տուաւ ան:
Լաւրով ըսաւ, թէ Սուրիական ազատ բանակը Ժընեւի յայտարարութիւնը մերժեց եւ զինեալ պայքարի ճամբով կը ջանայ իշխանութեան տիրել:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Գահիրէի համալսարանին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը «ապօրինի» է եւ «պարտութեան դատապարտուած է»:
Միւս կողմէ` իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող իր ուժերը հրետանիով կրակ բացած են սուրիական հողերուն ուղղութեամբ, երբ այդտեղէն սխալմամբ արձակուած փամփուշտներ հարուածած են իսրայէլեան ռազմական ճիփ մը:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը շեշտեց, որ սուրիական կողմէն իսրայէլեան ճիփին ուղղութեամբ արձակուած փամփուշտները սխալմամբ արձակուած էին եւ ոչ թէ դիտաւորեալ:


