Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Վերջին Քայլերը Չեն Նպաստեր Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Լաթվիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

November 17, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 նոյեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Լաթվիոյ իր գործընկերոջ` Էտկարս Ռինքեւիչսի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները, անդրադարձած են առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման կարեւորութեան: Հանդիպումէն ետք նախարար Նալբանդեան տեղեկացուցած է, որ լաթվիացի իր գործընկերոջ հետ անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային-միջազգային հարցերու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման իմաստով ի գործ դրուած ջանքերուն` հաստատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման նկատմամբ իրենց մօտեցումը նոյնն է:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Երկուստէք համոզում յայտնած են այն մասին, որ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ հանգուցալուծումը եւ բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունին:

Հանդիպումէն ետք Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչսը լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Լաթվիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրօ միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ իրենց խորին մտահոգութիւնը արտայայտած են Ազրպէյճանի մէջ ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու  առնչութեամբ: «Երբ այդ միջադէպը տեղի ունեցաւ, մենք Վիլնիւսի մէջ կայացուցինք Սքանտինաւեան եւ Պալթեան երկիրներու ժողով, որուն ընթացքին այս մասին յայտարարութիւն կատարուեցաւ: Կը կարծեմ, թէ ներկայի զգայուն պայմաններուն մէջ նման քայլեր չեն նպաստեր երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան»,  նշած է նախարարը: Լաթվիացի նախարարին համաձայն, երբ հարցը կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան համակարգման, իրենք սերտօրէն կը համագործակցին Սքանտինաւեան եւ պալթեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական գործընկերներուն հետ, ուստի կարելի է հաստատել, որ իրենք շատ լրջօրէն կը մօտենան այս հարցին:

Լեռնային Ղարաբաղի հարցին անդրադառնալով` Էտկարս Ռինքեւիչսը նշած է, որ կրնայ իսկոյն եւ անվարան ստորագրել այն սկզբունքներուն տակ, զորս ուրուագծեց Էդուարդ Նալբանդեանը` հակամարտութիւնը լուծել միայն խաղաղ միջոցներով` պատշաճ յարգանք ցուցաբերելով Մինսքի խմբակի համանախագահներուն առաջադրած սկզբունքներուն հանդէպ: Նախարարին համաձայն, քիչ մը մտահոգիչ է, որ այս հարցին գծով յառաջընթաց չ՛արձանագրուիր, սակայն յոյս յայտնած է, որ հարցը միջազգային հանրութեան կողմէ արժանի ուշադրութեան կ՛արժանանայ:

Երկու նախարարներուն միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ միջազգային օրակարգի խնդիրներ` Իրանի կորիզային ծրագիրի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Կողմէ Բողոքագիր` Ուրուկուէյի

Յաջորդը

«Պատիւը Ունինք Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Առաջին Երկիրը Ըլլալու» Յայտնեց Օրիքօ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.