. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Պելճիքայի Ֆիլիփ թագաւորը 4 դեկտեմբերին Պելճիքայի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Փրեւոյի հետ երկօրեայ այցելութիւն պիտի տայ Լիբանան: Ան 2015-էն ի վեր Լիբանան այցելող առաջին եւրոպացի թագաւորը պիտի ըլլայ»:
. ԻՐԱՔԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտի վերականգնեց Լիբանան այցելութեան իր ծրագիրը, նախագահական պալատի եւ վարչապետարանի շահագրգիռ պաշտօնական կողմերը տեղեակ պահուած են, որ ան Պէյրութ այցելութեան նոր ծրագիր մշակելու խնդրանք ներկայացուցած է: Զէյտի մտադիր է Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով աւերուած տարածքներու վերականգնման համար յատկացուած իրաքեան օժանդակութիւններուն վերաբերեալ յստակ դիրքորոշում յայտնել:
«Անցեալ շաբթուան կիսուն նախատեսուած այցելութեան յետաձգման գլխաւոր պատճառը Զէյտիի զբաղուածութիւնն էր իրաքեան զինեալ ուժերու Ժարֆ Սախր շրջանին մէջ տեղակայման առնչուած գետնի վրայ զգայուն զարգացումներով, որովհետեւ կը տիրէր լարուած մթնոլորտ մը, որ անոր չէր արտօներ երկրէն հեռանալ, մանաւանդ որ զինեալ ուժերուն հրամայած է դէպի շրջան ուղղուիլ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Իսրայէլացի զինուորներ Հարաւային Լիբանանի մէջ անցարգելի մը վրայ կէս ժամ տեւողութեամբ կանգնեցուցին ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուալցին շքախումբը, մինչեւ անոր անցումը դիւրացնելու համար ՖԻՆԻՒԼ-էն ուժի մը միջամտութիւնը»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լուրջ մտավախութիւններ գոյութիւն ունին, որ Նեթանիահու կրնայ ապահովական մտավախութիւններու պատրուակով Իրանի հետ ճակատը բռնկեցնել` Իսրայէլը արտակարգ վիճակի մէջ մտցնելով կազմելու համար ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ զինք քաղաքականապէս «ողջ» կը պահէ եւ Այզենքոթին կ՛արգիլէ քանի մը օրէն սպասուող իր կառավարութիւնը յայտարարել»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գետնի վրայ ընդհանուր զարգացումները մտածել կու տան, թէ մագլցումը դէպի աւելի վտանգաւոր ուղղութեամբ կ’ուղղուի, եւ գետնի վրայ տեղի ունեցողը կարելի չէ անջատել Պէյրութ հասնող քաղաքական պատգամներէն»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Մաքրոնի Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ խորհրդակցութիւններու նախօրեակին Անկախութեան օրուան ուղերձին մէջ հնչած քաղաքական ու ապահովական խօսքերը կը վերահաստատեն Ֆրանսայի, յատկապէս այս կարեւորագոյն պահուն, Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ անսասան աջակցութիւնը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան վարչակազմին ֆրանսական նախագիծը բացարձակապէս մերժելը զայն տեղն ու տեղը թաղեց»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Փարիզի առաջարկած ֆրանսական նախնական նախագիծը, որ հիմնուած է հարաւային Լիբանանի մէջ գործող միջազգային ուժերը կրճատելով միայն շուրջ 3000 զինուոր պահպանելու եւ անոնց լիազօրութիւնը մինչեւ 1 փետրուար 2028 երկարելու գաղափարին վրայ, Լիբանանի մէջ ողջունուեցաւ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաձայնեցուած ծրագիրը Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանին վրայ քանի մը հարիւր դէտերու տեղակայումն է, ինչ որ հաստատօրէն Ռուսիոյ կողմէ վեթոյի պիտի ենթարկուի»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Ուաշինկթըն լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւն մը ուզեց, ինչ որ հին առաջարկ մըն է, նախորդող Թամփայի մէջ բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչները ամերիկեան միջնորդութեամբ նստած էին իսրայէլեան բանակի ներկայացուցիչներուն դիմաց: Վերստին ի յայտ եկած է առաջարկը ՖԻՆԻՒԼ-ը աստիճանական կերպով հեռացնելու` մինչ կը շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնները»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն իրավիճակը ներկայացուց ինչպէս որ է, եւ անկեղծ կերպով խօսեցաւ իրանեան միջամտութեան մասին, բան մը, որ ինքնին Հըզպալլան չի հերքեր»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Աղբիւրներ շէյխ Քասեմի խօսքին ու ուղղակի սպառնալիքներուն հակադարձեցին` նշելով, որ անոր իրականութիւնը մերժելու վիճակը մէկ ուղերձէն միւսը կը վատթարանայ: Անոնք կանգ առնելով պետութեան ու նախագահ Աունին ուղղուած սպառնալիքին առջեւ կը հարցնեն. «Ի՞նչ կը նշանակէ «Համբերութիւնը սահման ունի» արտայայտութիւնը»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մէջ քրիստոնէական յարաբերութիւններու պատասխանատու Ապու Սայիտ Խանսա «Տիար» օրաթերթին. «Անկախութեան տօնակատարութիւնը պէտք էր Սուրի կամ Նապաթիէի մէջ ըլլար` նկատի ունենալով անոնց դրական ցուցանիշերը: Անիկա պետութեան ներկայութիւնն ու հարաւային Լիբանանի զաւակներուն հետ անոր յարաբերութիւնը ամրապնդող քայլ մը պիտի ըլլար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տակաւին կառչած կը մնայ հանրապետութեան նախագահին ու Հըզպալլայի միջեւ կամրջում կատարելու եւ հաղորդակցութիւնը վերականգնելու իր ջանքերուն»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն-Հըզպալլա որեւէ հաղորդակցութիւն, որ շօշափելի արդիւնքներու չի յանգեցներ, կուսակցութիւնը չի հետաքրքրեր: Կուսակցութեան կարծիքով` հանրապետութեան նախագահը սխալ գործեց, երբ հրաժարեցաւ 27 նոյեմբեր 2024-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութենէն»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլայի ղեկավար երեք անձնաւորութիւններու որոնման հրամանագիրները տրուեցան, երբ անոնք աւելի քան երկու անգամ չներկայացան իրենց հարցաքննութեան նիստին, հակառակ ժամադրութենէն տեղեակ պահուելնուն: Անոնց շարքին է Պիլալ Ասաատը` սեփականատէրը այն ինքնաշարժին, որուն մէջ ձերբակալութեան պահուն կը գտնուէին կալանաւորուած անձերը»:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կառավարական կացութիւնը մինչեւ հիմա չի համապատասխաներ ծառայութիւններու առնչուած շարք մը հրատապ խնդիրներու եւ թղթածրարներու լուծման վերաբերեալ տրուած խոստումներուն: Այս մասին կը վկայէ ելեկտրականութեան թղթածրարը, որուն լուծման խոստումներուն հաստութիւնը ինքնին ելեկտրականութեան սիւներու երկարութենէն աւելի դարձած է»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Կը սպասուի, որ նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստը, անցեալ շաբաթ յետաձգուելէն ետք, գումարուի սովորական օրակարգով, որուն վրայ Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցման կէտը պիտի չըլլայ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Գոյութիւն ունի Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու գործը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու պաշտօնական ու կառավարական մակարդակով ուղղուածութիւն մը` անկախ այս քայլի հաւանական ներքին հետեւանքներէն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Մերձակայ պետութեան մը դիւանագիտական առաքելութեան պետը երեքշաբթի օր կէսօրուան ժամը 12:00-ին «առկախուած» քաղաքական կազմակերպութեան մը փոխնախագահին այցելութեան ժամադրութիւն ճշդած էր, սակայն ժամադրութիւնը ջնջեց, առանց որ պատճառը յայտնի դառնայ, եւ փոխարէնը նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ խումբ մը սիւննի լրագրողներու հետ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Հակառակ անոր ժամկէտը աւարտելուն մասին շրջանառուող լուրերուն, ապահովական տեղեկութիւններ կը նշեն, որ Իրանի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հաւատարմագրումը մերժուած նշանակեալ դեսպան Մոհամետ Ռեզա Շիպանիին տրուած բնակութեան արտօնութիւնը ուժի մէջ կը մնայ մինչեւ փետրուար 2027»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Արդարադատութեան պալատին մէջ միջատներու եւ կրծնազգիներու դէմ պայքարի արշաւ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ անոնք սկսած են վտանգել դատական թղթային թղթածրարները»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 84000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.158.000 լ.ո.-ի եւ 2.176.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 102000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.295.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.625.000 լ.ո.:


