ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Ընթերցողին:
«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Լիբանանի հայ գաղութէն հեռանալէս տասնամեակներ ետք, օր մը, համացանցին վրայ «Լ՛Օրիան լը ժուր» լիբանանեան թերթը թերթատած ատենս, հանդիպեցայ «Le temps des cerises au Shalimar» («Կեռասի եղանակը Շալիմարի մէջ») խորագիրով յօդուածի մը: Հեղինակը կը նկարագրէր Պաապտաթի ամառնային մթնոլորտը` կեռասի, յասմիկի ու կարտինիայի բոյրերով, եւ կը յիշատակէր հայ ընտանիք մը, որ 1960-ականներու կէսերուն իր ամառնային արձակուրդը կ՛անցընէր նորաբաց «Շալիմար» պանդոկին մէջ: Յանկարծ այս լուսանկարին հանդիպեցայ: Ետեւէն, այդ պահուն, երգացանկէս Jane Birkin-ի եւ Manu Chao-ի «Te souviens-tu» երգը կը հնչէր: Կարծես երգն ալ հարցում մը կ՛ուղղէ` «Կը յիշե՞ս»:
Երիտասարդ կին մըն էր` գեղեցիկ, ինքնավստահ, ժամանակի նորաձեւութեամբ: Դէմքը ծանօթ էր: Շա՜տ ծանօթ: Բայց պահ մը պէտք եղաւ գիտնալու, թէ ո՛վ էր: Օրիորդ Գարմէնն էր: Իմ մանկապարտէզի առաջին ուսուցչուհիս:
Տարօրինակ բան է մանկութեան յիշողութիւնը: Մեր ուսուցիչները կը պահենք այնպէս, ինչպէս առաջին անգամ տեսած ենք զիրենք: Չենք մտածեր, որ մեզմէ առաջ ալ կեանք ունեցած են, որ երիտասարդ եղած են, սիրահարած, ամուսնացած, իրենց երազներն ու մտահոգութիւնները ունեցած: Մեզի համար անոնք պարզապէս միշտ հոն էին` դասարանին մէջ, նոյն ձայնով, նոյն ժպիտով, մեր փոքր աշխարհի մեծերէն մէկը:
Բայց լուսանկարին մէջ ուրիշ oրիորդ Գարմէն մը կար: Երիտասարդ կին մը, որուն կեանքին մեծ մասը տակաւին առջեւն էր: Ան չէր կրնար գիտնալ, թէ քանի սերունդ հայ մանուկներ պիտի անցնէին իր դասարանէն, որքան պիտի փոխուէր Պէյրութը, որքան պիտի ցրուէին իր աշակերտները աշխարհով մէկ, եւ թէ կեանքը իրեն ի՛նչ ուրախութիւններ ու ինչպիսի՛ ծանր կորուստներ պիտի բերէր:

Ես ալ այդ հարիւրաւոր մանուկներէն մէկն էի: Այդ տարիներուն մանկապարտէզի դասարանները գոյներով կը զանազանուէին` դեղին դասարան, կանաչ դասարան եւ ուրիշներ: Տարիներու ընթացքին գոյները նոյնը կը մնային, երեխաները կը փոխուէին: Խումբ մը կ՛աւարտէր, ուրիշ մը կու գար: Այսօր ալ, երբ Ճեմարանի մանկապարտէզի հին աւարտական նկարներ կը տեսնեմ, շատերուն մէջ օրիորդ Գարմէնը հոն է` շրջապատուած տարբեր տարիներու փոքրիկներով: Նոյն ծանօթ դէմքը, իսկ շուրջը` միշտ ուրիշ երեխաներ: Անոնցմէ շատերը յետոյ պիտի ցրուէին աշխարհով մէկ:
Երբեմն այս հին նկարներուն կը նայիմ ու կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս այսքան տարի անցած է: Ներաշխարհիս մէջ տակաւին կարծես նոյն երեխան եմ, որ օրիորդ Գարմէնին դասարանին մէջ նստած էր: Այդ օրէն ի վեր ամբողջ կեանք մը ապրեցայ: Մարդիկ եկան ու գացին, քաղաքներ փոխեցի, ուրախութիւններ ու կորուստներ տեսայ: Բայց երբեմն կը մտածեմ` մենք իրապէ՞ս կ՛ապրինք այս բոլորը, թէ կեանքը երկար երազի մը պէս մեր առջեւէն կ՛անցնի: Չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, որ երբ այդ նկարին կը նայիմ, այդ երեխան տակաւին հոն է:

Օրիորդ Գարմէնը միայն դպրոցին մէջ չէի տեսներ: Տօնական օրերուն երբեմն Գարմէնենց կը հանդիպէինք Խոսրով եւ Վերժին Շամլեաններուն տունը` Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ կողքին: Փոքր մանուկի մը համար ուսուցչուհիիդ դպրոցէն դուրս հանդիպիլը քիչ մը անհանգիստ բան էր: Կարծես ուսուցչուհիդ միայն դպրոցին կը պատկանէր: Աւելի վատը այն էր, երբ ծնողքս, առիթը օգտագործելով, կը հարցնէին, թէ` «Րաֆֆին ինչպէ՞ս է դպրոցը»: Ես ալ քովը կեցած կը սպասէի դատավճիռին: Օրիորդ Գարմէնը բառերը չէր ծամծմեր: Լաւը կ՛ըսէր, գէշն ալ կ՛ըսէր: Բայց նոյնիսկ գէշը ըսելու ձեւ մը ունէր` առանց մանուկը նեղացնելու կամ փոքրացնելու: Այդ ալ իր նրբութիւնն էր:

Օրիորդ Գարմէնը դուստրն էր Հայկ եւ Մարի Պուտաքեաններու: Քոյրը` Մարժոլէնը, ապագային Բաբգէն Սասունիի հետ ամուսնացաւ: Ինք ալ Ազգային Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջանաւարտ էր եւ իր կեանքին մեծ մասը պիտի նուիրէր հայ մանուկներու կրթութեան: Մանկավարժական իր ուսումը շարունակած էր Պէյրութի École des lettres-ի եւ Ֆրանսական համալսարանի մէջ, ապա` Անգլիոյ «Froebel Institute»-ին մէջ: Ճեմարանի մանկապարտէզին մէջ սկսած իր երկար ճամբուն ընթացքին մանուկներ կրթեց, նոր մանկապարտիզպաններ պատրաստեց եւ մասնակցեցաւ կրթական նիւթերու մշակման: Լոս Անճելըս տեղափոխուելէ ետք ալ դասարանը չձգեց: Ուսուցանեց Գապայեան եւ Ֆերահեան վարժարաններուն մէջ` մինչեւ 2020: Աւելի քան 67 տարի իր կեանքը կապուած մնաց հայ մանուկին ու դպրոցին: Այդ երկարամեայ վաստակին համար Արամ Ա. կաթողիկոս զինք պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:


Ճեմարանի մէջ ուսուցչութիւնը միայն ասպարէզ մը չէր: Տարիներու ընթացքին հոն ստեղծուած էր հայ կրթութեան ծառայելու աւանդութիւն մը: Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Սիմոն Վրացեանի սերունդէն մինչեւ Մուշեղ Իշխան, Գրիգոր Շահինեան, Հրաչ Տասնապետեան, Երուանդ Փամպուքեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Գէորգ Գանտահարեան եւ ուրիշներ, կար շարունակութիւն մը: Անունները շատ են, եւ ցանկը ամբողջական չէ: Կարեւորն ալ միայն անունները չեն: Կար միջավայր մը, ուր հայերէն, գրականութիւն ու պատմութիւն սորվեցնելը, սերունդներ կրթելը պարզ աշխատանք չէր: Կեանքի գործ էր:
Այսօր, տասնամեակներ ետք, երբ 21-րդ դարու հայակերտման մասին կը խօսինք, յաճախ վերացական բառեր կը գործածուին: Ռազմավարութիւն, ծրագիր, նոր մօտեցում: Կարծես այսօրուան բարդ վիճակին լուծման համար կախարդական բանաձեւ մը կը փնտռենք: Բայց երբ կը մտածեմ Վրացեանի սերունդին եւ անոնց շուրջ ստեղծուած կրթական այդ օղակին մասին, կը թուի, թէ ամէն բանէ առաջ մարդուժն էր, որ տարբերութիւն կը ստեղծէր: Մարդիկ, որոնք կը հաւատային իրենց ըրածին եւ պատրաստ էին իրենց կեանքը տալու այդ գործին: Այսօր ալ այդպիսի մարդիկ կան, անշո՛ւշտ: Բայց քիչ են այն միջավայրերը, որոնք զանոնք իրարու կը կապեն եւ նոր սերունդ կը պատրաստեն: Թերեւս մեր օրերու ամէնէն հետաքրքրական հաստատութենական օրինակներէն մէկը ԹՈՒՄՕ-ն է, զոր քոյրս կը ղեկավարէ, եւ որուն գործին նուիրուած է տարիներէ ի վեր: Բայց այդ արդէն ուրիշ պատմութիւն է:
Այդ գործը Ճեմարանի պատերուն մէջ չէր մնար: Հայագիտական դասընթացքներու միջոցով կը պատրաստուէին ուսուցիչներ եւ գործիչներ, որոնք յետոյ կ՛երթային սփիւռքի տարբեր համայնքներ եւ կը մտնէին հայկական կեանքի մէջ: Մէկ սերունդը կը պատրաստէր յաջորդը, յաջորդն ալ` ուրիշներ: Այդպէս քանի մը տասնեակ նուիրեալ մարդիկ իրենց սորվածը կը հասցնէին հազարաւորներու:

Վերջերս հին դասընկերոջս` «Ազդակ»-ի խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ այս մասին կը խօսէինք: Կը փորձէինք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս իրարու յաջորդող այդ դաստիարակները կրցած էին այսպիսի միջավայր մը ստեղծել եւ տասնամեակներ շարունակ պահել զայն: Անպատասխան հարց մըն ալ մնաց մեր զրոյցէն: Ինչո՞ւ անոնցմէ ետք այլեւս նոյնքան տեսանելի չեղաւ իրարու կապուած, իրարմէ սորվող եւ հայ կրթութիւնը կեանքի գործ դարձուցած նոր սերունդ մը: Անշուշտ նուիրեալ ուսուցիչներ եղան եւ այսօր ալ կան: Բայց այն շղթան, ուր մէկ սերունդը գրեթէ բնական կերպով կը պատրաստէր յաջորդը, կարծես կամաց-կամաց տկարացաւ:
Օրիորդ Գարմէնն ալ այդ շղթային մէկ օղակն էր: Ինք միայն հարիւրաւոր մանուկներու ուսուցչուհին չեղաւ: Նոր մանկապարտիզպաններ պատրաստեց, իր փորձառութիւնը փոխանցեց ուրիշներուն եւ շարունակեց դասարան մտնել: 1950-ականներու կէսերուն Ճեմարանի մանկապարտէզէն սկսած իր ուղին անցաւ Լիբանանի պատերազմի տարիներէն եւ շարունակուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ:

Օրիորդ Գարմէնին կեանքը միայն դպրոցն ու երեխաները չէր: Ան Վարդգէս Տէր Կարապետեանի կինն էր: Վարդգէս Տէր Կարապետեան ՀՄԸՄ-ի առաջին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն էր եւ միութեան համագաղութային կառոյցի կերտման գլխաւոր դէմքերէն մէկը: 1986-ին, մեր Լեւոնիկին եւ Ներսէսին հետ (Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խիւտավէրտեան) Արեւմտեան Պէյրութի Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ սպաննուեցաւ: Իրենց հետ էր նաեւ Յակոբ Պարսումեանը, որ առեւանգուեցաւ եւ անյայտ կորսուեցաւ:

Այդ ծանր կորուստէն ետք օրիորդ Գարմէնը շարունակեց իր ճանապարհը: Լուսին Մալիքեանի մեկնումէն ետք, շուրջ հինգ տարի վարեց Ճեմարանի մանկապարտէզը: Ապա, 1991-էն ետք, փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր Ֆերահեան ազգային վարժարանին մէջ շարունակեց իր սիրած գործը` հայ մանուկներու դաստիարակութիւնը: Տասնամեակները անցան: Օրիորդ Գարմէնը շարունակեց դասարան մտնել: Մինչեւ որ 2020-ի գարնան աշխարհը յանկարծ կանգ առաւ: «Քորոնա» համավարակին պատճառով Ֆերահեանը, միւս դպրոցներուն նման, փակեց դասարանները եւ անցաւ հեռավար ուսուցման: Օրիորդ Գարմէնին համար մանկապարտէզը երեխաներուն մէջ ըլլալ էր` անոնց հետ խօսիլ, երգել, խաղալ, աչքերուն նայիլ: «Զում»-ի պաստառը այդ մանկապարտէզը չէր: Այդպէս, առանց ծրագրելու եւ առանց հրաժեշտի, աւարտեցաւ 1950-ականներու կէսերուն սկսած անոր ուսուցչական ուղին: Օրիորդ Գարմէնը իր վերջին դասը տուած էր` առանց գիտնալու, որ վերջինն էր:
Կը վերադառնամ հին լիբանանեան ամսագիրին մէջ գտած յօդուածիս վերջաւորութեան: Ժորժ Պուսթանի կը գրէ. «Lorsqu’on est né au Liban dans les années 1960, la jeunesse ne dure que le temps d’un après-midi…» («Երբ մարդ ծնած է Լիբանան 1960-ական թուականներուն, երիտասարդութիւնը կը տեւէ միայն կէսօրուան մը չափ…»): Ապա կը յիշեցնէ, թէ տարիներ ետք «Շալիմար»-ը արդէն Պէյրութի ռմբակոծումներէն փախչողներուն ապաստարանը դարձած էր:
Եւ յօդուածը կ՛աւարտէ այդ կնոջ մասին հարցումով մը. «Et la dame, me direz-vous?» («Իսկ տիկի՞նը, պիտի հարցնէք»): Կը կարծէ, թէ լուսանկարին տիկինը հաւանաբար հեռացած է երկրէն, կամ այլեւս այս աշխարհէն, իր ետին ձգելով հին ժապաւէններու տուփ մը` «une caisse de négatifs»:
Աչքս կը մնայ լուսանկարին վրայ: Երիտասարդ Գարմէնը կը նայի ոսպնեակին: Տակաւին չի գիտեր, թէ քանի՜ սերունդ մանուկներ պիտի անցնին իր դասարանէն, որքան պիտի փոխուի աշխարհը իր շուրջը, եւ ինչե՜ր պիտի տեսնէ ու ապրի:

Ժորժ Պուսթանի չէր գիտեր, թէ լուսանկարին մէջի կինը մեր օրիորդ Գարմէնն էր: Բայց ես գտայ զինք: Եւ անցեալ շաբաթ կրկին հանդիպեցանք: Գրկախառնուեցանք, խնդացինք, յիշեցինք հին ծանօթները: Հարցուցի իրեն, թէ ինչպէ՞ս կրցած էր ամբողջ կեանք մը` 1953-էն մինչեւ 2020, նուիրել հայ մանկապարտէզին: «Իմ աշխարհս էր: Բնական էր, որ շարունակէի», ըսաւ ժպտելով:
Ու յանկարծ, վայրկեան մը, կրկին մանկապարտէզի դեղին դասարանս եմ: Գունաւոր գոգնոցս հագած` փոքրիկ գրասեղանիս առջեւ նստած եմ: Դիմացս` աւա՜ղ, մեր «Փոքրիկ Անին» դասագիրքը: Շուրջս դասընկերներս են: Մէկը կը խնդայ, ուրիշ մը պանան մը կ՛ուտէ: Պատերուն վրայ մեր ձեռանկարներն են: Օրիորդ Գարմէնը մեր առջեւն է: Կը խօսի, մենք մտիկ կ՛ընենք: Իր ձայնը այնքա՜ն ծանօթ է:
Տասնամեակներ անցած են, բայց այդ պահուն կարծես ոչինչ փոխուած է: Բոլորս տակաւին հոն ենք: Ոչ մէկս գիտէ, թէ կեանքը մեզ ո՛ւր պիտի տանի, ինչե՛ր պիտի տեսնենք ու ապրինք:
Դասը դեռ չէ վերջացած: Մեր ամբողջ կեանքը տակաւին առջեւն է:
Ո՞ւր գացին այդ տարիները: Էյ վալլահ:
__
Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները
Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54 https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889
Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183
Ե.- Տանիքէ տանիք https://www.aztagdaily.com/archives/705619
Զ.- Երկու ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110
Է.- Հարպ https://www.aztagdaily.com/archives/706548
Ը.- Աղեքսանդրիոյ փոքր հայաշխարհը https://www.aztagdaily.com/archives/707002
Թ.- Մայրս եւ ԼՕԽ-ի իր ընկերուհիները https://www.aztagdaily.com/archives/707943
Ժ.- Քլաշինն ու թմբուկի փայտիկները https://www.aztagdaily.com/archives/708459
ԺԱ. Եգիպտոսի գոյները եւ Ճոնին https://www.aztagdaily.com/archives/709504
ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան https://www.aztagdaily.com/archives/710521


