Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ իր տարածքին մէջ ռազմակայան ստեղծելու վերաբերեալ առաջարկ ուղարկած է: Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին համաձայն, անիկա կրնայ ձեւաւորուիլ Քաթարի մէջ Թուրքիոյ ունեցած ռազմակայանին օրինակով:
Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանը կը գործէ 2015 թուականէն ի վեր` երկկողմանի համաձայնագիրի հիման վրայ: Բաց աղբիւրներու տուեալներով` այնտեղ տեղակայուած են շուրջ 3000 թուրք զինուորներ: Անիկա կ՛օգտագործուի միացեալ վարժանքներու եւ Քաթարի զինեալ ուժերու անձնակազմի պատրաստման համար:
Սէուտական Արաբիոյ մէջ ռազմակայանի ստեղծման հարցը կրնայ քննարկուիլ թրքական խորհրդարանին կողմէ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ միացեալ պաշտպանութեան մասին Մեքքայի համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք:
Փաստաթուղթը այս շաբաթ անցած է արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբէն, եւ այժմ պէտք է հաստատուի խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին: Անիկա նաեւ պէտք է լիազօրութիւն տայ զինուորները արտասահման ուղարկելու եւ առանձին փաստաթուղթ որդեգրէ ռազմակայանի ստեղծման մասին, եթէ թուրք օրէնսդիրները ատիկա անհրաժեշտ նկատեն:
«Հիւրրիեթ»-ի տուեալներով, անվտանգութեան նոր հայեցակարգի ծիրին մէջ Թուրքիան կը դիտարկէ իր զինուորական ներկայութեան ընդլայնումը տարբեր ցամաքամասերու վրայ, մասնաւորաբար Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ, երկկողմանի համաձայնագիրներու եւ տարբեր դաշինքներու ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ: Ատիկա պայմանաւորուած է նաեւ 2027-2028 թուականներուն Միջին Արեւելքի մէջ զինուորական ուղղակի ներկայութիւնը կրճատելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրներով:
«Թուրքիոյ նպատակը նոր դարաշրջանին մէջ իր ռազմական կարողականութիւնը օգտագործելն է ոչ միայն սեփական սահմանները պաշտպանելու, այլ նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ, ուր ան ունի ապահովական շահեր` զսպման ազդեցութիւն եւ դիւանագիտական ազդեցութիւն ստեղծելու համար», կը գրէ թերթը:
Թուրքիան ռազմակայաններ ունի 12 երկիրներու մէջ: Անոնցմէ մեծագոյնը հիւսիսային Կիպրոսի մէջ է, ուր տեղակայուած են աւելի քան 30000 զինուորներ: Թուրքիան ռազմակայաններ ունի նաեւ Քաթարի, Իրաքի, Սուրիոյ, Սոմալիի, Լիպիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ:


