Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրուած Օրեր. Հարպ

October 9, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ընթերցողին: Ապրուած Օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր: Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել անոնցմէ որոշները: Յուսամ անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

– Հարի Որբերեան, Holiday Inn Beirut, 2010, «Ժիքլէ» տպագրութիւն, Արտալճեան ընտանիքի հաւաքածոյ:

13 ապրիլ 1975-ին Այն Ռըմմենէի մէջ հանրակառք մը գնդակոծուեցաւ: Ես երեխայ էի: Դէպքին մանրամասնութիւնները չէի հասկնար: Միայն կը յիշեմ մեծերուն խօսակցութիւնները: Հանրակառքի մը մասին կը խօսէին, կրակոցի մը, սպաննուած մարդոց: Յետոյ դպրոցը սկսաւ երբեմն փակուիլ: Կը փակուէր, կը վերաբացուէր, նորէն կը փակուէր: Պէյրութի մէջ բան մը փոխուած էր: Այն քաղաքը, որ տակաւին Միջին Արեւելքի Փարիզը կը կոչուէր, մեզի համար պարզապէս մեր տունն էր` մեր դպրոցը, փողոցներն ու բարեկամները: Չէինք գիտեր, որ մեր ճանչցած Պէյրութը կամաց-կամաց պիտի անհետանար:

Սկիզբը կրակոցը արտակարգ բան էր: Յետոյ դպրոց չերթալը սովորական դարձաւ: Յետոյ` պայթումները, զինեալ մարդիկը փողոցներուն մէջ, անցարգելները: Կամաց-կամաց սովորականին սահմանը կը փոխուէր: Լիբանանը կը բաժնուէր համայնքային եւ քաղաքական գիծերու համաձայն` քրիստոնեայ, իսլամ, պաղեստինցի, աջ, ձախ: Սուրիան, Իսրայէլը, արաբական աշխարհը, Ամերիկան ու Խորհրդային Միութիւնը իրենց ձեւերով ներկայ էին: Կրօնը, քաղաքականութիւնը, համայնքային պատկանելիութիւնն ու Պաղ պատերազմը իրարու խառնուած էին: Բայց երեխայի մը համար պատերազմը այդ բառերով չէր բացատրուեր: Պատերազմը այն էր, երբ մեր բնակարանը վնասուեցաւ, եւ ստիպուեցանք ժամանակ մը մեծ ծնողներուս մօտ` Աղեքսանդրիա երթալ:

Յետոյ եկաւ 6 դեկտեմբեր 1975-ը` Սեւ շաբաթը, եւ անոր յաջորդած ինքնութեան թուղթերով սպանութիւնները: Այդ օրերուն քեռիս` Ճոն Գալֆայեանը, քիչ մնաց սպաննուէր: Զինեալներ Պէյրութի փողոցներուն մէջ անցարգելներ հաստատած էին, ինքնութեան թուղթերը կը ստուգէին եւ, ըստ համայնքային պատկանելիութեան, մարդիկ կը սպաննէին: Ճոնն ալ կանգնեցուցին: Ան աղաչեց, որ զինք չսպաննեն: Խումբին իսլամ հրամանատարը ի վերջոյ ազատ արձակեց զինք: Հայ էր: Այդ փոքր տարբերութիւնը այդ օրը իր կեանքը փրկեց:

– Մեր պատշգամէն տեսած հարպը` երեխայի մը աչքերով:

Քանի մը շաբաթ ետք սկսան Թել Զաաթարի շուրջ կռիւները: Էշրեֆիէի բարձրադիր մեր բնակարանին տանիքէն իրիկունները հեռուէն կը դիտէինք կռիւները: Այսօր տարօրինակ կը թուի նոյնիսկ գրել այս նախադասութիւնը: Երեխաներ էինք եւ իրիկունները տանիքէն պատերազմ կը դիտէինք, բայց այդ ալ կամաց-կամաց սովորական դարձած էր: Պատերազմը կը մտնէր մեր առօրեային մէջ եւ իւրաքանչիւր նոր փուլի հետ քիչ մը եւս կը փոխէր այն, զոր բնական կը համարէինք:

Հայ համայնքը պատերազմի սկիզբէն փորձեց ուրիշ ճանապարհ մը ընտրել: Որդեգրեց, այսպէս կոչուած, դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը եւ մերժեց միանալ քրիստոնեայ աջակողմեան ճակատին` պաղեստինցիներուն եւ ձախակողմեան ուժերուն դէմ: Այս պատերազմը մերը չէր: Բայց պատերազմը միշտ չէ, որ կը յարգէ չէզոք մնալու որոշումը: Հայկական թաղերուն մէջ կազմուեցան ինքնապաշտպանութեան խումբեր:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի Մարգար Թումայեանի լուսանկարներու արխիւէն:

Անոնց նպատակը պատերազմին մասնակցիլը չէր, այլ` հայկական թաղերը պաշտպանելը: Բախումներ եղան, յատկապէս` փաղանգաւորներուն հետ, եւ հայ երիտասարդներ ալ ինկան: Չէզոք մնալու համար ալ երբեմն զէնք պէտք էր կրել: Պատերազմի աճայիպ (զարմանալի) հակասութիւններէն մէկն էր ասիկա: Դրական չէզոքութեան եւ անոր ետին եղած իմաստութեան մասին առանձին պիտի գրեմ յաջորդ գրութիւններէս մէկուն մէջ:

Պատերազմի առօրեան. ջուրի հերթ` Պուրճ Համուտի մէջ: Լուսանկարը` Մարգար Թումայեանի արխիւէն:

Տարիները անցան: Պատերազմն ալ փոխուեցաւ: Նոր կողմեր մտան, հին դաշինքներ քանդուեցան, նորերը կազմուեցան: Կային ծանր ամիսներ, կային նաեւ համեմատաբար խաղաղ շրջաններ: Կեանքն ալ հետզհետէ դժուարացաւ: Ջուրը եւ ելեկտրականութիւնը յաճախ կը կտրուէին, ուտելիքը, դեղորայքն ու առօրեայ անհրաժեշտ բաները երբեմն կը պակսէին: Կը սորվէինք ունեցածով բաւարարուիլ եւ սպասել: Մենք ալ կը մեծնայինք: Կրակոցին ձայնը այլեւս միշտ չէր վախցներ: Կը սորվէինք` ո՛ր ճամբան բաց էր, ո՛րը` փակ, ո՛ր թաղը կարելի էր երթալ, եւ ուրկէ պէտք էր հեռու մնալ: Մեր շուրջը երիտասարդներ զէնք կը կրէին, պահակութիւն կ՛ընէին, երբեմն ալ չէին վերադառնար: Պատերազմը, որ սկիզբը մեծերուն խօսակցութիւնն էր, դարձած էր մեր պատանեկութեան առօրեան:

1980-ի շուրջ էր: Սիմոնիկն ու ԿՊ-ն երբեմն պահակութեան կը ղրկուէին Արեւմտեան Պէյրութ: Այդ օրերուն Արեւմտեան Պէյրութն ու Արեւմտեան Հայաստանը շփոթողներ ալ կային: Դպրոցէն ետք երբեմն միասին Ճեմարանի բակը կը նստէինք: ԿՊ-ն «Թոշիպա» քասեթ նուագող մը ունէր: Փոլ Պաղտատլեանի իր սիրած քասեթ-ներէն մէկը կը հանէր ու կը դնէր: Պահածոյ միս մը կը բանայինք: Ճեմարանի պահակը` ռեհմեթլիք (ողորմած) Մեղուարը, լոլիկ մը ջարդեց ու ներսէն կէս շիշ վիսքի բերաւ (ինքը արդէն խմելու սկսած էր): Փոլի մելամաղձոտ ձայնը կը բարձրանար «Թոշիպա»-էն: ԿՊ-ն 14-նոցը մաշած ճինզէն հանեց, որ հանգիստ նստի. ձայնը քիչ մը եւս բարձրացուց, բաժակը ձեռքը առած` մեզի նայելով կ՛ըսէր. «Է՜հ, հարպ (պատերազմ) է ակամ: Խմեցէ՛ք»: Կենաց մը կը բարձրացնէինք եւ վայրկեան մը այդ դաժան պատերազմին մէջ կը ժպտէինք: Տարիներ ետք միայն հասկցայ, թէ ԿՊ-ին այդ կէս կատակ, կէս յոգնած «հարպը» որքան բան կը պարունակէր:

Հարպը կ՛ապրէինք, բայց նաեւ կը փորձէինք հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուէր մեր շուրջը: «Պի.Պի.Սի.»-էն եւ «Ռատիօ Մոնթէ Քարլօ»-էն կը լսէինք, «Նահար», «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» եւ «Ազդակ» թերթերուն մէջ կը կարդայինք: Հարպի մասին ուրիշ բացատրութիւններ ալ կը լսէի ընտանեկան այցելութիւններու ժամանակ` ընկեր Աբոյենց կամ Փափազեաններուն մօտ, ուր հանգուցեալ Լեւոն Պէրպէրեանն ալ երբեմն ներկայ կ՛ըլլար: Ամէն ինչ չէի հասկնար, բայց այդ տարբեր տեսակէտներէն կամաց-կամաց կը կազմուէր պատերազմի մասին պատանեկան պատկերացումս: Ամէն նոր փուլի հետ կը կարծէինք, թէ թերեւս վերջը մօտ էր: Բայց հարպը կը շարունակուէր, իսկ մենք անոր մէջ կը մեծնայինք: Մեր պատանեկութեան ու երիտասարդութեան տարիներէն շատերը այդպէս անցան` սպասելով, որ վերջապէս աւարտի: Մինչեւ որ 1989-ին եկաւ Թայէֆի պատմական համաձայնութիւնը, որ ճամբայ բացաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտին:

Պուրճ Համուտը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն. Լուսանկարը` Մարգար Թումայեանի արխիւէն:

Մինչ մենք կը սպասէինք, որ հարպը վերջանայ, ուրիշ բան մը կամաց-կամաց վերջ կը գտնէր: Մեր ճանչցած գեղեցիկ Պէյրութը կը քանդուէր, իսկ անոր հետ` մեր մեծցած կեանքի ձեւը: Քաղաքը օր մը պիտի վերաշինուէր, բայց այդ Պէյրութը այլեւս պիտի չվերադառնար:

1975-ին հարպը հանրակառք մըն էր Այն Ռըմմենէի մէջ, որուն մասին մեծերը մտահոգ կը խօսէին: Յետոյ դարձաւ փակ դպրոց, վնասուած տուն ու թեհժիր (գաղթ), անցարգել ու ինքնութեան թուղթ, դրական չէզոքութիւն, ակումբի պահակութիւն, Նապաա, զէնք կրող տղաք ու նահատակ ընկերներ: Դարձաւ նաեւ պահածոյ միս, լոլիկ, վիսքի եւ Փոլ Պաղտատլեանի երգի տակ ժպիտ մը: Կեանքը կը շարունակուէր, բայց սովորականը այլեւս փոխուած էր:

Եւ յետոյ, մէկիկ-մէկիկ, մենք ալ հեռացանք լիբանանահայ մեր գաղութէն: Մէկը Ամերիկա, միւսը Քանատա, ուրիշ մը` ուրիշ տեղ: Բայց բոլորս չհեռացանք: Տարիներ ետք ընկեր Մամիկոնը յիշատակի երեկոյ մը կազմակերպեց Լոս Անճելըսի մէջ, պատերազմի տարիներուն ինկած հայ տղոց համար: Սրահին մէջ անոնց նկարները շարուած էին` մէկը միւսին քով: Երիտասարդ դէմքեր, որոնք մնացած էին այն տարիքին, երբ մենք զիրենք ճանչցած էինք: Անոնք ինկան, մենք ապրեցանք: Իրենց յիշատակը անթառամ:

2015-ին մեր նահատակ տղոց յուշամատեան ձեռնարկէն տեսարան մը:

Պատերազմը միայն շէնքեր չքանդեց ու կեանքեր չխլեց: Ան ցրուեց նաեւ ամբողջ սերունդ մը: Այն հարպը, որ 1975-ին երեխայի մը համար հանրակառքի մը մասին մեծերուն խօսակցութիւնն էր, տարիներու ընթացքին դարձաւ մեր պատանեկութիւնը կլանող եւ շատերուն կեանքը խլող հրէշ մը: Մեզմէ շատերուն մէջ ալ ձգեց վէրքեր, որոնք այս կամ այն ձեւով ամբողջ կեանք մը մեզի հետ մնացին:

Էյ վալլահ:

***

Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները

Ա.- Կելիպոլի Տուն Թիւ 54  https://www.aztagdaily.com/archives/702461

Բ.- Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467

Գ.- Կիւզել Պոլիսն Ու Մեծ Մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889

Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183

Ե.- Տանիքէ տանիք  https://www.aztagdaily.com/archives/705619

Զ.-  Երկու Ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110

 

Նախորդը

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

Յաջորդը

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…
Անդրադարձ

Թատրոնի «Խենթերը» Կատակերգական Ներկայացումով Վարագոյրը Բաց Կը Պահեն…

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.