Ամիսներէ ի վեր կը լսենք Ռէալ Մատրիտ ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի գանգատները «Նեկրէյրայի գործ»-ին գծով:
Յիշեցումի համար ըսենք, որ Խոսէ Մարիա Էնրիքէ Նեկրէյրա 2001-էն 2018 Սպանիոյ ֆութպոլի իրաւարարներու թեքնիք կոմիտէի փոխտնօրէնն էր, եւ իբրեւ թէ Պարսելոնա 7,3 միլիոն եւրօ վճարած է իրաւարարներ կաշառելու կամ մրցումի արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար:
Սպանիոյ ֆետերասիոնին մօտ շատ երկար ժամանակէ արդիւնքի չհասնելով, «Եու. Է. Էֆ. Ա.» վերջերս հաստատեց, որ Ռէալ Մատրիտ ակումբէն փաստաթուղթեր ստացաւ` իբրեւ փաստ այդ աղմկայարոյց վճարումներուն հետ կապուած:
Մատրիտեան ակումբը խնդրած է, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կարելի եղածին չափ արագ որոշում տայ այս հարցին շուրջ: Սակայն Եւրոպայի ֆութպոլի կառոյցը պատասխանած է, թէ պէտք է համբերէ: Այս ձեւի դատական հարցեր կրնան երկար տեւել:
Նշենք, որ մամլոյ տեղեկութիւններուն համաձայն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ռէալ Մատրիտէն ստացած էր մօտ 50 հազար էջերէ բաղկացած տեղեկատուական հատոր մը:
Նշենք, որ այժմ Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնա, որ 6 կէտերու առաւելութիւն ունի 4-րդ դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտի վրայ:


