Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնը չի կրնար ուրիշներու զոհողութիւններու եւ նահատակութեան նսեմացման վերածուիլ` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է տարակարծութեան սահման դնել, երբ հայրենիքի ու հասարակութեան շահը կը վտանգուի:
«Երէկ տեղ մըն էի, ուր մարդոց կ՛ըսէի, թէ անոնց հետ քաղաքական կարգ մը հարցերու մէջ համամիտ ենք, իսկ այլ հարցերու մէջ` ոչ: Եւ եթէ քաղաքացիներ են եւ հայրենիքի մէջ մեզի գործընկերներ, որոնց հետ կ՛ապրինք, ինչպէ՞ս կրնանք մտածել զանոնք եւ անոնց զոհաբերութիւնները կամ նահատակութիւնները ծաղրելու մասին», ըսաւ Պասիլ:
«Թեթեւամտութիւն է մտածել, որ հոսանքը կրնայ նսեմացնել այս մարդոց զոհաբերութիւնները եւ զանոնք չգնահատէ, չպատուէ ու չյարգէ զանոնք, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան եւ ժողովրդականութեան մէջ գին վճարէ, որպէսզի իր երկրի ժողովուրդը արտաքին յարձակումի զոհ չձգէ», յայտնեց ան:
«Անոնց ըսի, թէ այն, ինչ որ կ՛ապրիք, քիչ բան չէ, ատիկա մեծ է, ոչ միայն ձեր վրայ, այլ նաեւ երկրին վրայ, եւ յառաջիկայ տարիներուն համար, որովհետեւ միայն տուն մը չի քանդուիր կամ հարաւային Լիբանանի զաւակը չի տեղահանուիր, այլեւ բոլորս մեր հայրենիքին հետ կը քանդուինք», աւելցուց Պասիլ:
Ան ըսաւ, որ իրեն պատասխանած է. «Մենք իբրեւ նահատակ մահանալու համար ծնանք»` նշելով. «Որքան մեծ է այն մարդը, որ այսպէս կը մտածէ, եւ դատի մը համար կը նահատակուի»:
Անդրադառնալով համաներման օրէնքին` Պասիլ ըսաւ. «Երբ համաներման օրէնքը կը մերժենք, ատիկա կ՛ընենք ոչ թէ որովհետեւ անիրաւուած մը կ՛արդարացնէ, այլ կ՛արդարացնէ բոլոր մեղաւորները, ներառեալ անոնք, որոնք զինուոր մը կամ սպայ մը սպաննած են, եւ անոնք, որոնք անոր սպանութիւնը կը նսեմացնեն: Երբ անոնք արդարացուին, մենք կարծես կ՛ըսենք, որ այս անարդարութիւնն ու այս նահատակութիւնը ոչ մէկ արժէք կամ իմաստ ունի»:


