Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Զրոյցի ընթացքին նախագահները անդրադարձած են երկու երկիրներուն եւ շրջանին մէջ առկայ իրավիճակին` կարեւոր նկատելով փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ երկխօսութեան շարունակականութիւնը:
Շեշտուած է երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ուղղութեամբ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու հանգամանքը:
Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է յառաջիկային Հայաստանի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան «ՔՈՓ-17» համաժողովի կարեւորութիւնը, անդրադարձ կատարուած է համաժողովի օրակարգային հարցերուն, ընդգծուած է համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ զանոնք յաղթահարելու նպատակով համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը:


