Վեց լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ սուրիական կառավարութեան ու Հըզպալլայի ներկայացուցիչներ Թուրքիոյ մէջ ուղղակի բանակցութիւններ վարած են` փորձելով իրենց միջեւ գտնուող լարուածութիւնները մեղմացնել:
Ըստ նշեալ աղբիւրներուն, ասիկա երկու կողմերուն միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր առաջին ծանօթ ժողովն է:
Ըստ աղբիւրներուն, որոնց շարքին` երկու սուրիացի պաշտօնատարներ, ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ Հըզպալլայի մօտիկ լիբանանցի ապահովական բարձրաստիճան աղբիւր մը, սուրիացի պաշտօնատարներն ու Հըզպալլան անցեալ ամիս առնուազն մէկ անգամ գաղտնի հանդիպում ունեցած են:
Ժողովին մասնակցած են սուրիական հետախուզութենէն ու ներքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ, անիկա գումարուած է թրքական ապահովական մարմիններու եւ հետախուզութեան հրաւէրով:
Ժողովը կեդրոնացած է երկու կողմերուն միջեւ լարուածութեան կէտերուն վրայ եւ, ըստ աղբիւրներուն, լաւ ընթացած է:
Սուրիացի պաշտօնատարներէն մէկը յայտնած է, որ երկու կողմերը համաձայնած են, որ իրենց միջեւ թշնամանք չըլլայ, եւ Սուրիան Հըզպալլային վստահեցուցած է, որ կուսակցութեան զինաթափման համար Լիբանանի մէջ զինուորական միջամտութիւն պիտի չկատարէ:
Սուրիացի պաշտօնատարները ատոր դիմաց Հըզպալլայի օգնութիւնը խնդրած են սահմանէն մաքսանենգման փորձերը դադրեցնելու եւ մասնաւորաբար հարաւային Սուրիոյ մէջ մնացեալ ծածուկ բջիջներու կազմաքանդման համար:
Սուրիացի պաշտօնատար մը նշած է, որ Հըզպալլայի ներկայացուցիչները զէնքերու մաքսանենգման եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող բջիջներու կազմաքանդման ուղղակի պատասխան մը չեն տուած, սակայն խոստացած են Սուրիոյ հարցերուն չմիջամտել:
Ժողովին եւ անոր արդիւնքին անմիջական ծանօթութիւն ունեցող լիբանանեան աղբիւր մը իր կարգին նշած է, որ երկու կողմերը «ապահովական հարցերուն մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրեցին»:
Սուրիացի պաշտօնատարն ու լիբանանցի աղբիւրը յայտնած են, որ վերջնական համաձայնութիւն չէ գոյացած, եւ որեւէ յայտարարութեան հրապարակում նախատեսուած չէր:
Լիբանանեան աղբիւրը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ երկու կողմերուն միջեւ Թուրքիոյ ճամբով հաղորդակցութիւնները սկսած են շուրջ երկու ամիս առաջ:
Երեք աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի դաշնակից Թուրքիան է, որ երկու կողմերը մղեց ժողովի գումարման, որովհետեւ նախանձախնդիր էր այդ ջանքերուն ուղղակի մասնակցութիւն ունենալու:
Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին նշեց, որ Հըզպալլան ժողովին ներկայացաւ Իրանի գիտակցութեամբ, սակայն Թեհրան դժգոհ է, որ ժողովին ուղղակի մասնակցութիւն չունեցաւ, եւ Շարհ մերժած է ներկայիս Իրանի հետ ուղղակի յարաբերութիւն ունենալու որեւէ գաղափար:
Լրատու գործակալութիւնը ընդգծեց, որ այդ դժգոհութիւնը վերջնական համաձայնութեան չգոյանալուն եւ ժողովի վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն չհրապարակուելուն գլխաւոր պատճառն էր:


