Շրջանին մէջ շարունակուող Իրան-Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ եռակողմանի հակամարտութեան լոյսին տակ ժողովրդային թէ հանրային պատկան շրջանակներու հայեացքները կեդրոնացած են շրջանային այս հակամարտութենէն ազդուող երկիրներու կրած վնասներուն վրայ: Նշեալ երկիրներու առաջին կարգին վրայ կու գայ Լիբանանը, որ նոյնպէս Իրանի դրած նախապայմաններու առաջին կէտն է: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կացութիւնը գերզգայուն կշիռքի վրայ դրուած է` դիւանագիտական եզրայանգումի եւ զինուորական բախումներու վերսկսման միջեւ, Իսրայէլ կը շարունակէ թիրախաւորել Լիբանանը` փորձելով տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ տոկացողները յուսալքել եւ զանոնք մղել արտագաղթի կամ իրենց հայրենիքին մէջ տեղահանուելու:
Խորքին մէջ Իսրայէլ ժամանակի վատնումի փորձերով նախապայման կը նկատէ Դիմադրութեան ապազինումը, ինչպէս նաեւ կը փորձէ արգելակել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կեցութեան վերանորոգումը: Փոխադարձաբար, Հըզպալլա կը մերժէ նման պահանջ` անհրաժեշտ նկատելով իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանանէն հեռացումն ու յարձակումներու կասեցումը եւ Իսրայէլի կողմէ իր արգելափակեալներու ազատ արձակումը, ինչպէս որ շէյխ Նայիմ Քասեմ բացայայտեց սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան Բ. տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին:
Այս իրողութիւնը իշխանութեան հանդիպումներուն քննարկման լուրջ օրակարգ դարձած է շրջանային թէ միջազգային առնչակից մարմիններու մօտ: Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ամերիկացի ծերակուտականներ Տարին Լահուտն ու Ճոշ Կիւթհայմըրը: Ամերիկեան պատուիրակութեան հետ խօսակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան թշնամական արարքներու շարունակման, շրջանին մէջ լիբանանեան պետութեան, յանձին` բանակին գերիշխանութեան ամրապնդման ու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ժամկէտի վերանորոգման կարելիութեան վրայ:
Այս գծով նախագահ Աուն իր համոզումը յայտնեց , որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` հեռանալու հարաւային Լիբանանի գրաւեալ շրջաններէն, ինչպէս նաեւ կասեցնելու շարունակուող ահաբեկման թէ աւերման յարձակումները: Աուն մաղթեց, որ այս կէտերու գործադրութեամբ հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած լիբանանցիք կը դիմեն տունդարձի եւ կը սկսին վերակառուցման աշխատանքներուն:
Նմանապէս արծարծուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան ժամանակաշրջանի վերանորոգման կարելիութիւնը: Այս մասին սակայն, ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, պատկերը անորոշ է, ինչ որ հսկողութեան «դատարկութեան» վտանգի մտահոգութիւններ կ՛առաջադրէ, որ կրնայ փոխարինուիլ լիբանանեան բանակային ուժերով: Սակայն նախագահ Աուն ամերիկեան պատուիրակութեան յիշեցուց, թէ բանակի համապատասխան գործունէութեան համար անհրաժեշտ զինուորական սարքերը կը պակսին:
«Մենք լիայոյս ենք այս առնչութեամբ ամերիկեան դերակատարութեան արդիւնաւէտութեան գծով», ընդգծեց նախագահ Աուն` աւելցնելով տակաւին Իսրայէլի մօտ գտնուող լիբանանցի գերիներն ու արգելափակեալները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը: Իր կարգին, ամերիկացի ծերակուտական Տարին Լահուտ բարձր գնահատեց լիբանանեան իշխանութեան ճիգերը իր գերիշխանութեան ամրապնդման գծով հարաւային Լիբանանի եւ առհասարակ լիբանանեան վտանգաւոր շրջաններու մէջ: «Որեւէ յապաղում ամերիկեան հովանաւորութեամբ Իսրայէլի հետ կնքուած «շրջանակային համաձայնագիրի» գործադրութեան մէջ կրնայ մղել բախումներու սաստկացման եւ առհասարակ կը վտանգէ Լիբանանի կայունութիւնը», դիտել տուաւ նախագահ Ժոզեֆ Աուն:
Նաեւ Վարչապետ Սալամ
Իր կարգին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ գլխաւորելով նախարարական յատուկ պատուիրակութիւն մը շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր զանազան հանդիպումներ ունեցաւ պատկան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս` արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթի հետ:
Պատուիրակութիւնը նմանապէս քուլիսային տեսակցութիւններ ունեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան այլ պատասխանատուներու հետ: Զուգահեռաբար, Լիբանան ժամանեց լիբանանեան բանակին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական սարքերու մէկ նոր բաժինը:


