Հանրայայտ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան, Գերմանիոյ Շաֆհայմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Լիճընտծ Ռէյս» 2026-ի մրցաշարքին գրաւեց առաջին դիրքը թէ՛ անհատական եւ թէ՛ խմբային մրցումին:
Խաչատրեանի վաղեմի նախասիրութիւններէն մէկն էր քարթինկը, եւ իր հօր ազդեցութեամբ պատանի հասակէն ան ինքնաշարժներու մրցումներու կը հետեւէր:
Ան շատ անգամ մասնակցած է նաեւ իր հօր հետ քարթինկի մրցումներուն, եւ իր խումբին անունն էր «Արմենիա»:
Աւելի կանուխ «Օրեր» ամսագիրին տուած մէկ հարցազրոյցին ան ըսած էր, որ շատ մեծ սիրահար էր ինքնաշարժներու մրցումներու:
Ան Գերմանիոյ մէջ յաճախ մասնակցած էր նաեւ ոչ արհեստավարժ մրցումներու:


