Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երախտագիտութեան Մետալ` Վարդգէս Մահտեսեանին
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան 31 յուլիսին ընդունեց Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը եւ անոր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւը` «Երախտագիտութեան մետալ»-ը:
Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Մասնակիցները Այցելեցին Ս. Էջմիածին
Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումի շուրջ 900 մասնակիցները 30 յուլիսին այցելեցին Ս. Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ:
Կաթողիկոսը հայրապետական իր սէրն ու օրհնութիւնը յայտնելով սկաուտներուն` գոհունակութիւն յայտնեց հայրենիքի մէջ աշխարհասփիւռ հայորդիներու համախմբման, ինչպէս նաեւ բանակումի ծիրին մէջ կազմակերպուող կրթական, մշակութային ու հոգեւոր ծրագիրներուն համար: Վեհափառը կարեւոր նկատեց հայրենաճանաչութեան նմանօրինակ ծրագիրները, որոնք կոչուած են զօրացնելու երիտասարդներուն ազգային գիտակցութիւնը եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ գտնուելով հայրենիքի մէջ` երիտասարդները հաղորդ կը դառնան հայրենի իրականութեան, կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, հոգեւոր ժառանգութեան ու նուիրական սրբութիւններուն եւ առաւել խորութեամբ կը ճանչնան իրենց ինքնութիւնը: Կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերը սկաուտներուն համար պիտի դառնան անմոռանալի` հարստացած նոր հոգեւոր ապրումներով, ջերմ տպաւորութիւններով ու բացայայտումներով:
Իր խօսքին մէջ Գարեգին Բ. ուրախութեամբ անդրադարձաւ երիտասարդներուն հայրենասիրական ոգիին, աստուածասիրութեան ու եկեղեցասիրութեան` նշելով, որ ինքնին այդ արժէքները ամուր կը պահեն ազգային կեանքը, կը միաւորեն աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ կը զօրացնեն հայ ժողովուրդին հաւատքն ու յոյսը ապագայի հանդէպ:
Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն` կաթողիկոսը ընդգծեց, որ ներկայ օրերուն, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ են` ազգային միասնականութիւնը, եղբայրասիրութիւնն ու անսակարկ նուիրումը համազգային շահերուն: Ըստ անոր, միայն սիրով, միաբանութեամբ եւ համախմբուած ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել առկայ փորձութիւնները եւ կերտել խաղաղ, ապահով ու բարօր հայրենիք:
Այնուհետեւ Գարեգին Բ. պատգամեց ՀՄԸՄ-ականներուն` իրենց հոգիներուն մէջ մշտավառ պահել ազգային ոգին, անսասան` հաւատքն առ Աստուած եւ անսասան` սէրը հայրենիքին ու Սուրբ Եկեղեցիին նկատմամբ: Ան մաղթեց, որ այդ սիրով առաջնորդուին իրենց կեանքին ընթացքին, ուսման ու աշխատանքի մէջ եւ իրենց շնորհներն ու կարողութիւնները ծառայեցնեն հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու յառաջընթացին եւ հայրենիքի շէնացման:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, բանակումի կազմակերպիչներուն եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք նուիրեալ կերպով կը ծառայեն երիտասարդ սերունդի կրթութեան, ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ հայեցի նկարագիրի կերտման:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան պատուիրակութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրը, որ իր կարգին օրհնութեան խօսք արտասանեց աշխարհի 26 երկիրներէն ժամանած սկաուտներուն:
«Արցախ» Միութիւնը Եւրոպական Խորհրդարանին Ներկայացուց Արցախի Ժողովուրդին Առաջնահերթութիւնները
Յուլիս 15-ին Երեւանի մէջ «Արցախ» միութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Մարինա Մեզիւրի հետ` ներկայացնելով Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցած յանցագործութիւնները եւ իրաւունքներու վերականգնման հիմնական առաջնահերթութիւնները: Անոնք կը ներառեն` Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, արցախեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ իրենց հայրենիքէն բռնի վտարուած շուրջ 150.000 անձերու ապահով, արժանապատիւ ու հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացումը: Այս մասին կը յայտնեն միութենէն:
Կազմակերպութիւնը ներկայացուցին «Արցախ» միութեան նախագահ Արտակ Բեգլարեանը եւ Գործադիր խորհուրդի անդամ, արտաքին կապերու աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմինէ Ալեքսանեանը: Պատուիրակութիւնը Մեզիւրին ներկայացուց 2023-ին ազրպէյճանական յարձակումին եւ անոր յաջորդած զանգուածային բռնի տեղահանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու այլ խախտումներուն վերաբերող վկայութիւններ:
Պատուիրակութիւնը դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ ապօրինաբար անազատութեան մէջ պահել Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ եւ այլ հայ գերիներ: Անոնց նկատմամբ կը կատարուին շինծու դատավարութիւններ, զորս Եւրոպական խորհրդարանը, «Amnesty International»-ը եւ անկախ դիտորդները հետեւողականօրէն դատապարտած են` իբրեւ քաղաքական շարժառիթ ունեցող եւ արդար դատաքննութեան որեւէ չափանիշէ զուրկ գործընթացներ:
«Այս անձերը պատանդներ են, ոչ թէ` մեղադրեալներ: Եւրոպան պէտք է անոնց ազատ արձակումը դիտարկէ իբրեւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու պարտադիր նախապայման, եւ ոչ թէ` ուժանիւթի շահերու ստուերին մէջ գտնուող երկրորդական հարց», շեշտեց Ալեքսանեան:
Հանդիպման ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ճակատագիրին: Դարաւոր եկեղեցիները, վանքերը, խաչքարերն ու գերեզմանատուները այժմ կը գտնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Անոնք կ՛ենթարկուին ոչ միայն ֆիզիքական ոչնչացման, այլ նաեւ պետականօրէն հովանաւորուող համակարգուած կեղծարարութեան` ծագումնաբանութիւնը խեղաթիւրելու նպատակով: «Արցախ» միութիւնը զգուշացուց Մեզիւրը, որ մշակութային այս ցեղասպանութիւնը անբաժանելի է բուն ժողովուրդի ցեղային զտման շարունակական քաղաքականութենէն` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր աւերուած եկեղեցի եւ կեղծուած արձանագրութիւն նպատակ ունին ի սպառ բացառել բնիկ ժողովուրդի վերադարձի որեւէ կարելիութիւն:
Պատուիրակութիւնը լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ միջազգային միջնորդներուն կողմէ յառաջ մղուող, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան օրակարգ»-ին վերաբերեալ` մատնանշելով Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան աղաղակող անտեսումը:
«Բանակցային փաստաթուղթերը չեն պարունակեր որեւէ դրոյթ արցախցիներու հաւաքական վերադարձի եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ, ինչ որ ուղղակիօրէն Հայաստանի կառավարութեան անգործութեան հետեւանք է», յայտնեց Արտակ Բեգլարեանը: «Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու անտեսման եւ լռութեան վրայ կառուցուած որեւէ կարգաւորում չի կրնար տարածաշրջանին բերել կայուն ու արդար խաղաղութիւն: Մենք կը վերահաստատենք մեր վերադարձի ու այլ հիմնարար իրաւունքներու իրացման եւ արդարադատութեան հասնելու մեր վճռակամութիւնը` օգտագործելով բոլոր հասանելի իրաւական ու քաղաքական ուղիները»:
Մեզիւր հանդիպման ընթացքին ընդգծեց իր շարունակական հոգածութիւնը Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հանդէպ` խոստանալով բոլոր կարելի գործիքակազմերը կիրարկել լուսարձակի տակ բերուած հարցերու բարձրաձայնման եւ Եւրոպական խորհրդարանի համապատասխան բանաձեւերու կատարման ուղղութեամբ: Ան շեշտեց, որ Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտումը չի կրնար հանդուրժելի ըլլալ քաղաքակիրթ Եւրոպային կողմէ, իսկ Ազրպէյճան ասոր համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի:
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք, Մեզիւր գրաւոր հարցում ուղարկեց Եւրոպական յանձնաժողովին` տեղահանուած հայերու ապահով եւ անխոչընդոտ վերադարձի իրաւունքի իրացման պահանջով` հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի պարտադիր կատարման ենթակայ որոշումը: Ան նաեւ բարձրացուց այն հարցը, թէ մարդու իրաւունքներու այս հիմնարար պարտաւորութիւնը դերակատարութիւն պէտք է ունենայ Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ: Հետագային Մեզիւր այս գրաւոր հարցումը հրապարակեց իր պաշտօնական ընկերային հարթակներուն վրայ` խնդրի շուրջ լայն իրազեկուածութիւն ապահովելու նպատակով:
«Արցախ» միութիւնը բարձր կը գնահատէ Մ. Մեզիւրի անմիջական արձագանգն ու անկեղծ յանձնառութիւնը` պաշտպանելու բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքները: Կազմակերպութիւնը հաստատակամ է շարունակել Մ. Մեզիւրի գրասենեակին տրամադրել մշակութային վայրագութեան եւ ցեղային զտումներու վերաբերեալ փաստագրուած ապացոյցներ ու իրաւական վերլուծութիւններ` երաշխաւորելու, որ եւրոպական կառոյցները կ՛առաջնորդուին ոչ թէ Պաքուի կեղծ հաւաստիացումներով, այլ` հաստատուած փաստերով եւ միջազգային իրաւունքի չափորոշիչներով», կը նշուի միութեան յայտարարութեան մէջ:
Ցուցահանդէսէն Հանուած «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Նկարը` Արարատի Գագաթին
Շաբաթներ առաջ հայկական հասարակութեան մէջ լայն արձագանգ գտաւ Արցախէն 11-ամեայ Եւա Դանիէլեանի նկարին պատմութիւնը, երբ անիկա վերցուեցաւ Երեւանի երաժշտական դպրոցներէն մէկուն ցուցահանդէսէն: Այս արձագանգը աւելի բարձր հնչեց եւ խորհրդանշական դարձաւ, երբ Արցախը խորհրդանշող «Պապիկ-տատիկ»-ի նկարը նախորդ շաբաթ բարձրացաւ Արարատ լերան գագաթը: Այս խորհրդանշական քայլը նուիրուած է իւրաքանչիւր մարդու յիշողութեան իրաւունքին եւ այն արժէքներուն, զորս կարելի չէ վերացնել որեւէ արգելքով:
Արշաւի մասնակիցներուն համաձայն, իրենց նախաձեռնութիւնը պատասխան էր այն պատմութեան, որ լայն հասարակական արձագանգ յառաջացուց Հայաստանի մէջ: Եւայի աշխատանքը, որ նուիրուած էր Արցախ վերադարձի գաղափարին, արտօնութիւն չէր ստացած մասնակցելու դպրոցական ցուցահանդէսին: «Յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել», ըսաւ վերելքի մասնակիցներէն մէկը:
«Մենք կը փափաքինք մեր աջակցութիւնը յայտնել Եւային եւ ցոյց տալ, որ արդարութիւնն ու բարութիւնը վեր են ամէն ինչէ, իսկ կարեւորագոյն արժէքները անկարելի է արգիլել»: Անոնք կոչ ուղղեցին երիտասարդ նկարչուհիին` շարունակելու ստեղծագործել, նկարել եւ երբեք չվախնալ արուեստի միջոցով ազատօրէն արտայայտուելէ:
«Առաջին իսկ օրէ Երեւանի մէջ, երբ տպագրեցինք այս նկարի տարբերակը, մարդոցմէ ստացանք անվերապահ աջակցութիւն` թէ՛ Եւայի, թէ՛ մեր նախաձեռնութեան նկատմամբ:
«Արարատի գագաթին բարձրացուած նկարը խորհրդանիշ դարձաւ, որ գոյութիւն ունին արժէքներ, որոնք վեր են որեւէ արգելքէ` յիշողութիւնը, հայրենի հողին հանդէպ սէրը եւ ստեղծագործական ազատութիւնը», նշեցին Արարատ բարձրացողները` շեշտելով, որ այս պատմութիւնը պէտք է յիշեցնէ, որ ստեղծագործական ազատութիւնը կարելի չէ սահմանափակել որեւէ գաղափարախօսութեան շահերէ մեկնելով:
Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ տեղի ունեցածը ոչ միայն նկարի մը պատմութիւնն է, այլ նաեւ առիթ է` հասարակութեան մէջ աւելի լայն քննարկում սկսելու ստեղծագործական ազատ արտայայտութեան իրաւունքի շուրջ: «Այստեղ` Արարատի գագաթին, մեզի համար որեւէ կասկած չկայ, թէ նկարը կը բովանդակէ իրական կարեւորագոյն գաղափարն ու խորհուրդը», ընդգծեցին անոնք:
Յիշեցնենք, որ յուլիսին Եւայի` արցախեան «Մենք ենք, մեր սարերը» («Պապիկ-տատիկ») յուշարձանը պատկերող աշխատանքը հանուած էր ցուցահանդէսէն: Դպրոցի վարչակազմը իր որոշումը հիմնաւորած էր անով, որ աշխատանքը չի համապատասխաներ ցուցահանդէսի նիւթին: Սակայն աղջկան ծնողները եւ շարք մը հասարակական գործիչներ տեղի ունեցածը նկատեցին գրաքննութեան դրսեւորում: Եւայի մօր համաձայն, ուսուցչուհին աշխատանքէն հեռանալու դիմում ներկայացուցած էր` յայտարարելով, որ չի կրնար աշխատիլ դպրոցի մը մէջ, ուր մանկական ստեղծագործութիւնը կը նկատուի «հակապետական քայլ»:
«Աստղերու Հաւատքով». Վիգէն Յովսէփեանի Բանաստեղծութիւնը Կենդանացաւ Համազգային Թատրոնի Բեմին Վրայ
Յուլիսի 23-ին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին մէջ կայացաւ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծութիւններու ժողովածուի հիման վրայ ստեղծուած թատերականացուած ներկայացումը` հանդիսատեսին պարգեւելով յուզական, անկեղծ եւ խորապէս տպաւորիչ երեկոյ:
«Աստղերու հաւատքով» (2023) Վիգէն Յովսէփեանի առաջին բանաստեղծական ժողովածուն է` բաղկացած շուրջ 50 բանաստեղծութիւններէ, որոնք անոր ներաշխարհի արտացոլացումն են, խորհրդածութիւնները` հայրենասիրական ապրումներու եւ մարդկային յարաբերութիւններու մասին:
Գիրքին հիման վրայ ստեղծուած բեմադրութիւնը հանդիսատեսին կարելիութիւն կու տայ ոչ միայն վերապրելու բանաստեղծական յուզական աշխարհը, այլ նաեւ` վայելելու արեւմտահայերէն խօսքի իւրայատուկ երաժշտականութիւնն ու գեղեցկութիւնը:
Թատերական երեկոն կազմակերպած էր Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնը` հաւատարիմ մնալով ազգային մշակութային արժէքներու պահպանման եւ հանրայնացման իր առաքելութեան:
Դերասան Տաթեւ Ղազարեանը արեւմտահայերէնով բեմադրելու նախաձեռնութեան մասին խօսելով` ըսաւ, որ ստեղծագործական խումբին այս մէկը եղած է առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն եւ պատիւ. «Տարիներ շարունակ այդ մտորումը ունեցած ենք, որ մեր խաղացանկին մէջ ներգրաւենք նաեւ արեւմտահայերէնով ներկայացումներ: Ասիկա փոքրիկ ու պատահաբար ծագած առիթ էր, որ մենք ծանօթացանք Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութեան եւ որոշեցինք զայն բեմադրել»:
Ըստ անոր, ներկայացումը հանդիսատեսին համար նաեւ առիթ է կրկին լսելու եւ զգալու արեւմտահայերէն խօսքի մեղեդայնութիւնն ու հնչեղութիւնը:
Բեմին վրայ հանդէս եկան նաեւ` Նարեկ Բաղդասարեանը, Միլենա Ղազարեանը, Յարութիւն Սարգսեանը եւ Անդրանիկ Միքայէլեանը, որոնք իրենց արուեստագէտի տաղանդով եւ զգացական ընթերցումներով կենդանացուցին Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծական աշխարհը` ստեղծելով մտերմիկ ու հոգեւոր մթնոլորտ:
«Աստղերու հաւատքով» ներկայացումը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ բանաստեղծութիւնը կրնայ նոր շունչ ստանալ թատրոնի բեմին վրայ` դառնալով ոչ միայն գեղարուեստական, այլ նաեւ մշակութային կարեւոր իրադարձութիւն:


