Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Տգիտութեան Զոհը

July 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Արդէն ամիսներ անցած են Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած պատերազմներէն, եւ բոլորս յոյսով կը սպասենք, որ մեծ պետութիւնները իսկապէս հասնին վերջնական լուծումի մը, որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի շրջանի բոլոր երկիրներուն մէջ: Այդ երկիրներէն շատեր արդէն տասնամեակներ շարունակ զրկուած են խաղաղ կեանքէ եւ կայունութենէ:

Պատերազմներու եւ քաղաքական բախումներու ընթացքին մեծագոյն զոհը միշտ ժողովուրդը եղած է: Ան  իշխանութիւններու հաշիւներուն մէջ յաճախ երկրորդական տեղ կը գրաւէ, կը կրէ նիւթական, մարդկային եւ առողջական ծանր կորուստներ: Պարզ քաղաքացին է, որ կը վճարէ քաղաքական որոշումներու գինը:

Ընկերային ցանցերու վրայ յստակօրէն կը տեսնենք, թէ շատեր իրենք զիրենք քաղաքագէտի դերին մէջ դրած են` տգիտօրէն պաշտպանելով այս կամ այն քաղաքական կողմը` առանց խորապէս մտածելու, թէ ո՛ր կողմն է իրականութեան մէջ իրենց իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանը: Սակայն այսօր դժուար է գտնել քաղաքական ուժ մը, որ ամբողջովին ժողովուրդի շահերուն ծառայէ: Շատ յաճախ քաղաքական շահերը գերադաս կը նկատուին հասարակ ժողովուրդի իրաւունքներէն եւ կարիքներէն:

Պէտք չէ տգիտօրէն դառնանք քաղաքականութեան զոհը կամ կուրօրէն հետեւինք օտար ու խաբուսիկ կողմերու, որոնք իրենց շահերուն պահանջով կրնան օր մը թշնամի նկատուած կողմերուն հետ իսկ համաձայնութեան գալ: Քաղաքական դաշտին մէջ յարաբերութիւնները յաճախ կը ձեւաւորուին ոչ թէ բարեկամութեան կամ սկզբունքներու, այլ շահերու հիման վրայ:

Իրականութիւնը այն է, որ քաղաքականութիւնը մեծ մասամբ հիմնուած է նիւթական եւ ռազմավարական շահերու վրայ, եւ ոչ միշտ` մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Ուստի զգօն ըլլանք, քննադատական միտքով մօտենանք դէպքերուն եւ չդառնանք տգիտութեան զոհը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Հայաստան-Սփիւռք. Զգացական Կապէն Դէպի Պետական Մտածողութիւն Եւ Ռազմավարական Գործընկերութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.