Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱՔՍԻՈՍ». «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ փոխըմբռնման նախագիծը կը ներառէ Լիբանանի մէջ 60 օր տեւողութեամբ զինադադար, որուն ընթացքին Իրանի հիւլէական ծրագիրի վերաբերեալ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Արապիա»-ին. «Լիբանանի եւ շրջանային անվտանգութեան շուրջ երկխօսութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութենէն ետք պիտի շարունակուի»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Իսրայէլեան բանակին մէջ այս շաբաթ մտահոգութիւն տիրեց Լիբանանի ճակատին վրայ զսպումի մտահոգիչ կերպով մաշելուն պատճառով»:

. ԵՐԿԵԱԿԻ մօտիկ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Տակաւին բանակցութիւններու յաջորդ փուլի որոշակի թուական չկայ, եւ հանրապետութեան նախագահը, որ ամերիկեան առաջարկին վերաբերեալ համակարգում կը կատարէ խորհրդարանի նախագահին հետ, Հըզպալլայէն կը սպասէ ճամբու քարտէս մը, որպէսզի ըստ այնմ գործէ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Յառաջիկայ օրերուն Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն վերաբերեալ զարգացումներ կրնան արձանագրուիլ: Մինչեւ այս պահս Ամերիկան թուական չճշդեց, հակառակ վերջին նիստին ըսուածին, թէ բանակցութիւնները 22 յունիսին սկսող շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան, սակայն գետնի վրայ զարգացումները կրնան բանակցութիւնը խոչընդոտել»:

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Բանակին աջակցութիւնը կը մնայ Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական քաղաքականութեան հաստատ առաջնահերթութիւնը, որովհետեւ զինուորական հաստատութիւնը երկրի կայունութեան եւ միութեան գլխաւոր երաշխաւորն է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան իսկական ճգնաժամի մէջ է, որ աւելցած է գետնի վրայ հաստատուած նոր իրողութիւններէն ետք, իսկ իսկական ճգնաժամը երեք բաժիններէ կը բաղկանայ, որովհետեւ սպառնալիքի եւ կամքի պարտադրման բոլոր արշաւները չկրցան հանրապետութեան նախագահին վրայ ազդել»:

. ԵՐԷԿ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպան Ֆահտ Տոսարին` ստանձնելու համար իր դիւանագիտական պաշտօնը: Օդակայանին մէջ զինք դիմաւորեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ դեսպան Ալի Հապհապ:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պետական քննութիւնները ջնջելու երեսփոխանական յանձնարարութենէն ետք, անոնց ջնջման յայտարարութիւնը մօտալուտ դարձաւ` սպասելով կրթութեան նախարարի վերջնական որոշումին»:

. ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ սենտիքաներու միութեան նախագահ Փիեռ Աշքար «Էմ.Էֆ.Էմ.»-ին. «Այս տարի անցնող 40 տարուան ընթացքին զբօսաշրջութեան համար յոռեգոյն տարին է, եւ լաւագոյն պանդոկներուն մէջ ամրագրումներուն համեմատութիւնը ոչ աւելի քան 15 առ հարիւր է»:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Յաջորդը

Ֆատլալլա. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ Համաձայնութիւնը, Իշխանութիւնը Ընդունի Կամ Ոչ, Ուղղակի Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ Լիբանանի Վրայ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.