Վաղը, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթի աղջկանց խումբը, Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումներուն գծով:
Վստահաբար բոլորն ալ կը սպասեն ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի աւարտական մը, որ պիտի ըլլայ անցեալ տարիներուն նման հետաքրքրական: Այս տարի ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը նոյնիսկ առանց վիրաւորներ Տանիելլա Ֆայյատի եւ Սթեֆանի Հատտատի արդէն իսկ բարձր մակարդակի պասքեթպոլ կը ցուցաբերէ եւ այս տարուան գլխաւոր թեկնածուն է, մանաւանդ Ռիատիի դաշտին վրայ յաղթելէ ետք 86-94 արդիւնքով:
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով մեկնիլ դաշտ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց փայլուն մարզիկները, որոնք կը սուրան դէպի աւարտական:


