Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատլալլա. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ Համաձայնութիւնը, Իշխանութիւնը Ընդունի Կամ Ոչ, Ուղղակի Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ Լիբանանի Վրայ»

June 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա  նշեց, որ եթէ Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը գոյանայ, անիկա, Լիբանանի իշխանութիւնը ընդունի կամ ոչ, ուղղակի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ, «որովհետեւ ամերիկացիները անոր պիտի չսպասեն, որովհետեւ անոնց միտքն ու շահերը այլուր են: Անոնք Լիբանանի իշխանութեան մէջ ոմանց կ՛օգտագործեն»:

«Եթէ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա ամբողջական վստահութիւն ունինք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վրայ, որուն իսրայէլեան յարձակումին հերոսական դիմակայումը տեսանք: Իրան կը պնդէ, որ որեւէ համաձայնութիւն լիբանանեան թղթածրարը ներառէ, առանց որ այդ մէկը նշանակէ, որ կ՛ուզէ լիբանանեան պետութեան տեղը գրաւել, այլ զայն կը հրաւիրէ օգտուելու այս համաձայնութենէն, ապա պետութիւնը երկրին վերաբերող մնացեալ հարցերու հետապնդման մէջ իր աշխատանքը կը շարունակէ»:

«Մեր առաջնահերթութիւնը իսրայէլեան յարձակումի դիմակայումն է, սակայն ատիկա չի նշանակեր քաղաքական դռները փակել լուծումներու առջեւ, որոնք Իսլամապատի բանակցութիւններուն մէջ գոյացող հոլովոյթին թիկունքը վայելող անուղղակի բանակցութիւններու ճամբով կը գոյանան: Ատիկա Լիբանանին աջակցութիւն եւ մեր երկրին ուժի ազդակ է, սակայն ցաւօք, իշխանութեան մէջ կան ոմանք, որոնք ոչ միայն չեն ուզեր անկէ օգտուիլ, այլ կը փորձեն խափանել որեւէ օգուտ, որ կու գայ այդ հոլովոյթէն, որ իրենց հետ կամ իրենցմէ անկախ պիտի շարունակուի: Մենք անոնց կ՛ըսենք` այդ հոլովոյթէն օգտուեցէ՛ք, այլ խօսքով` «շտապեցէ՛ք»:

«Վստահութիւն չունինք քաղաքական ղեկավարութեան մը վրայ, որ պետութեան եւ անոր շահերուն հաշուոյն իրերայաջորդ զիջումներ կը կատարէ, եւ մեզի չներկայացուց որեւէ քաղաքական ընտրանք, որ քննարկելի եւ գործադրելի է», ըսաւ երեսփոխանը:

«Ուժի եւ իրաւունքի վրայ հիմնուած անուղղակի բանակցութիւններու մէջ դիւանագիտութեան դէմ չենք, մինչ ուղղակի բանակցութիւնները մերժելի են, անկախ այն իրողութենէն, որ կը հակասեն օրէնքին, սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին», նշեց ան:

«Իշխանութիւնը կը բանակցի այն բանին շուրջ, որ չի կրնար գործադրել, որովհետեւ իր ձեռք բերելիք արդիւնքները կարելի չէ գործադրել առանց Դիմադրութեան հաւանութեան, եւ Դիմադրութեան երկեակը կը մերժէ այս ձեւաչափը, որ յօգուտ այս թշնամիին բազմաթիւ զիջումներու կը յանգեցնէ եւ իրատեսական ու իրական որեւէ լուծում չի բերեր», նշեց Ֆատլալլա:

Ան ըսաւ, որ իրենք թէեւ այսօր թշնամիին դիմակայումով զբաղած են, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ իրենց ժողովուրդի արժանապատուութեան ու իրաւունքի խաթարումը կ՛արտօնեն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Իշխանութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Իր Ոչնչապաշտական Ընտրանքներէն Ետդարձ Կատարելու

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.