Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաֆայէլ Լեմքին` Ցեղասպանութեան Բառի Հեղինակ Լեհ Փաստաբանը

June 12, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Նախորդ յօդուածներով, ուր գրած էինք մարդկային իրաւունքներու եւ ցեղասպանութեան մասին («Ազդակ», 2 սեպտեմբեր 2025 – https://www.aztagdaily.com/archives/659179), յիշած էինք կարեւոր անձի մը` Ռաֆայէլ Լեմքինի մասին, որ հիմնական դեր ունեցած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ իր աշխատանքով եւ առաջին անգամ ըլլալով մտադրած է համապատասխան ճշգրիտ անուանում մը տալ ջարդերուն ու սպանդներուն եւ այդ բոլորը բնորոշած է մէկ բառով` ցեղասպանութիւն – genocide:

Ռաֆայէլ Լեմքին ծնած է 24 յունիս 1900-ին, Պիելոռուսիոյ Պեզվոտնօ քաղաքին մէջ, լեհ հրեայ ընտանիքէ մը:  Երիտասարդութիւնը ապրած է Լեհաստանի մէջ եւ 1920 թուականին յաճախած տեղւոյն Եակյելոնիըն համալսարանը (Jagiellonian University 1919-1921), ուր ամբողջացուցած է իր փաստաբանական ուսումը:

1939-ին Լեհաստանէն փախուստ տուած է Միացեալ Նահանգներ, որովհետեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին իր ընտանիքը հրեայ ըլլալուն պատճառով ջարդի ենթարկուած էր, եւ իր ընտանիքի 49 անդամները զոհ գացած էին նացի հիթլերականներուն կողմէ գործադրուած Ողջակիզումին:

Միացեալ Նահանգներ փախչելով եւ մեծապէս ազդուած ըլլալով իր ընտանիքին ջարդէն, որ պատահած էր Թրեպլինքայի մէջ, միեւնոյն ատեն իր համալսարանի տարիներէն մեծ հետաքրքրութիւն ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին, զարմացած էր, թէ ինչո՛ւ աշխարհի օրէնքներուն մէջ գոյութիւն չունէր դատական յօդուած մը, ըստ որուն, պատժուէին օսմանեան ղեկավարները:

Առ այդ, հոն հարց դրած էր, թէ ինչպէ՞ս աւելի քան 1 միլիոն մարդ սպաննելը անպատիժ կը մնար, քան` 1 անձ սպաննողը: Ինչպէ՞ս այդպիսի բան կարելի էր:

Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրը իր մէջ մեծ տառապանք ստեղծած էր, եւ իր միտքը համալսարանի օրերէն միշտ տանջուած էր, թէ ինչպէ՛ս այդպիսի հսկայական ոճիր մը կրնար անուն չունենալ եւ անպատիժ մնալ:

Երբ, իր կարգին, ապրեցաւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած հրէական ողջակիզումը եւ զգաց իր 49 հարազատներուն կորուստը, ապա ստիպուեցաւ փախչիլ դէպի Միացեալ Նահանգներ, ճիգ չխնայեց այդպիսի ոճիրներուն եզրաբանութիւն մը սահմանելու:

Գործածեց յունարէն Genos բառը, որ ցեղ կը նշանակէ, եւ լատիներէն cide բառը, որ սպանութիւն կը նշանակէ… եւ 2 բառերը իրար միացնելով` geno+cide, մէջտեղ բերաւ genocide բառը:

Լեմքին ուզեց այս բառը հնարելով փաստել, որ genocide կը նշանակէ ցեղի մը կամ ազգի մը կործանումը կամ քանդումը: («Destenction of a Nation» or an «ethnic group»):

Ցեղասպանութեան սահմանումը  այն է, որ ազգ մը մահուան դատապարտուած էր ոչ թէ իր ըրածին կամ մտածածին համար, այլ` պարզապէս յատուկ ազգութեան մը կամ յատուկ կրօնի մը պատկանելուն համար: Լեմքինի «ցեղասպանութիւն» բառին իմաստը համաշխարհային ոճիր  կը նշանակէ եւ համաշխարհային մարդկային իրաւունքներու դէմ գործուած արարք կը բնութագրէ:

Երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմը վերջ գտաւ, Լեմքին վերադարձաւ Եւրոպա եւ աշխատեցաւ իբրեւ խորհրդատու քարտուղար Գերմանիոյ Նիւրենպերկ դատարանի նշանաւոր դատաւոր Ռոպըրթ Հ. Ճեքսընի (Գերմանիոյ Նիւրենպերկ դատարանը նացի կուսակցութեան ղեկավարներուն եւ Հիթլերի հին գործակալներուն դատարանն էր Համաշխարհային Բ. պատերազմի վերջաւորութեան): Այդ դատարանին արդիւնքը եղաւ այն, որ հիթլերական կարգ մը բարձր ղեկավարներ դատապարտուեցան մահուան` մարդկութեան դէմ գործած իրենց ոճիրներուն համար:

Լեմքին իր այդ փորձառութենէն մեկնած` ջանաց նոր հիմնուած Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը համոզել, որ համաշխարհային օրէնքին մէջ հաստատուի ցեղասպանութիւն կոչուող յօդուած մը, որ գործածուի նոյնիսկ ոչ պատերազմական շրջանին` իբրեւ համոզում եւ կանխարգիլելու նպատակով, այն երկիրներուն, որոնք այդ ուղղութեամբ կը ջանան հաշիւ մաքրել իրենց դրացիէն կամ յատուկ ցեղէ մը:

Լեմքին յաջողեցաւ համոզել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պատասխանատու մարմինները, եւ 9 դեկտեմբեր 1948-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը որդեգրեց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու հռչակագիրը (the convention on the prevention and punishment of the Crime of genocide), որուն լոյսին տակ որոշուեցաւ յօդուածներու վերածել այդ օրէնքները:

Յօդուած 1.- Ցեղասպանութիւն`  ըլլայ այդ մէկը խաղաղութեան կամ պատերազմի ընթացքին, ոճիր մըն է համաշխարհային օրէնքներուն դէմ եւ պէտք է պատիժի ենթարկուի:

Յօդուած 2.- Ցեղասպանութիւն  կը նշանակէ  մասամբ կամ լման ժողովուրդ մը ոչնչացնելու նպատակով գործադրուած ոճիր, որ յատուկ ցեղի մը, համայնքի մը կամ կրօնի մը պատկանող ժողովուրդը կամ անկէ մաս մը սպաննելով կամ մարմնական-ուղեղային վնասներ հասցնելով կամ ծննդաբերութեան արգելք հանդիսանալով կամ զաւակները իրենց ընտանիքներէն զրկելով` փոխադրելով եւ այլ ազգի մը յանձնելով:

Յօդուած 3.- Պատժուին ցեղասպանութիւն գործողները, անոր աջակցողները, կամ ճառերով եւ թերթերու ու մամուլի միջոցով քաջալերողները:

Յօդուած 4.- Պատժուին ցեղասպանութիւն գործող կամ ցեղասպանութիւնը քաջալերող պատասխանատու անձերն ու անհատները:

1950-ական թուականներուն շատ մը երկիրներ ընդունեցին եւ ստորագրեցին այդ հռչակագիրը:  1986-ին Միացեալ Նահանգները եւս ընդունեցին եւ ստորագրեցին զայն:

1998-ին ստեղծուեցաւ Մնայուն քրէական դատարան մը:

Լեմքինի աշխատանքը այդ գծով շատ նպաստաւոր էր, սակայն դժբախտաբար ան սրտի կաթուածէ մահացաւ 59 տարեկանին, 28 օգոստոս 1959-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ եւ չկրցաւ իր փառաւոր աշխատանքին արդիւնքները վայելել:

Լեմքին 4 խումբի բաժնած էր ցեղասպանութիւն բառին նշանակութիւնը`

1.- Ազգային
2.- Բարոյական
3.- Ցեղային
4.- Կրօնական

Յօդուածներուն մէջ աւելցուած էր Սովի ցեղասպանութիւնը` իբրեւ պատերազմական աքթ, ուր սովը, սովամահութիւնն ու քաղցը նկատուած են  պատերազմական ոճիրներ:

Լիբանանի, Ուքրանիոյ, Խորհրդային Միութեան մէջ  անօթութենէ մեռան շատեր, ստիպողական չէ, որ փամփուշտի կամ ռումբի պատճառով մեռնին անոնք:

1932-1933 թուականներուն Խորհրդային Միութիւնը գրաւեց Ուքրանիոյ ալիւրի ու պտուղներու արտադրութիւնները եւ անօթութեան մատնեց ժողովուրդը, այս պատճառով մահացան 4 միլիոն ուքրանացիներ, նոյնը պատահեցաւ միութեան կարգ մը այլ նահանգներուն մէջ, ուր եւս մահացան 10 միլիոն ռուսեր:

Լիբանանի մէջ եւս 1914-1918 թուականներուն արձանագրուեցան սովամահութիւններ` օսմանեան տիրապետութեան շրջանին:

Գերմանիոյ նացի կուսակցութիւնը նոյն ձեւով Համաշխարհային Բ. պատերազմին օրէնքներ դրաւ, եւ ոստիկանապետ Վոն Ռանտսթետ (Marshal Von Rundstedt), որ զինուորական մեծ ղեկավար մըն էր, 1943-ին յայտարարեց, թէ` «Մեծագոյն սխալը, որ տեղի ունեցաւ 1918-ի Համաշխարհային Ա. պատերազմին, այն էր, որ խնայեցինք թշնամի երկիրներուն ժողովուրդը, ուստի այժմ ստիպուած ենք գոնէ մէկ երրորդ ժողովուրդը ոչնչացնել` զիրենք անօթի պահելով, ինչ որ աւելի նպաստաւոր է, քան` զէնքեր գործածելը…»:

Ոստիկանապետ Կէօրինկ 1941-ին նոյն ձեւով յայտարարեց. «Մեր հոգը չէ, եթէ թշնամի երկրի մը ժողովուրդը անօթի մնայ եւ մեռնի… կարեւորը գերմանացի չըլլայ…» (Կէօրինկ աջ բազուկն էր Հիթլերի):

Այս ձեւով, գերմանացին, երբ Ռուսիոյ վրայ յարձակում գործեց եւ անօթութեան որոշումը գործադրեց, 3 միլիոն ռուս գերիներ մահացան, եւ 1939-1944 աւելի քան 5 միլիոն ռուս եւ ուքրանացի քաղաքացիներ մեռան նոյնպէս սովի պատճառով:

Ըստ Լեմքինի, զէնքով սպաննելը կամ անօթութեամբ սովամահ ընելը նոյնքան բարձր ոճիրներ կը նկատուին:

Միեւնոյն ատեն ի յայտ եկաւ, որ Լեհաստանի Օշուիթց հսկայ բանտին մէջ 2,5 միլիոն անձեր սպաննուած են կազով, հրկիզումով եւ հիւանդութենէ, իսկ 500,000 ալ` ամբողջովին  անօթութեան մատնուելով:

Հակառակ Լեմքինի այս հսկայ գործին` մարդկային իրաւունքներու գծով, միայն 1950-1951 տարիներէն սկսեալ ՄԱԿ գործելու սկսաւ այդ ուղղութեամբ, բայց ցեղասպանութիւնները շարունակուեցան եւ այսօր ալ կը շարունակուին շատ մը երկիրներու մէջ` Քամպոտիա, Ռուանտա, Պոսնիա, Սուտան, Պիրմանիա, Կազա եւ զանազան այլ երկիրներու մէջ…

Այսօր հարց կը դրուի, թէ արդեօք բաւարա՞ր են այս օրէնքները ցեղասպանութեան առաջքը առնելու եւ զայն կանխելու համար:

Բազմաթիւ երկիրներ, որոնք ՄԱԿ-ի  մաս կը կազմեն, տակաւին չեն ընդունած Ցեղասպանութեան հռչակագիրը, իսկ ամէնէն ցաւալին այն է, որ շատ մը երկիրներ իրենց ուզած ձեւով կը գործադրեն այդ օրէնքները: Դժբախտաբար ՄԱԿ  կոչուած հաստատութիւնը, որ լաւ ծրագիրներով ծնունդ առաւ, միջոցները չունի պարտադրելու մարդկային իրաւունքները:

Այսօր ուժեղը կը խօսի, ուժեղը կ՛որոշէ, ուժեղը կը պարտադրէ իր պայմանները, իսկ տկարը` իբրեւ զէնք ունենալով Ցեղասպանութեան հռչակագիրը, կը դիտէ եւ կը մուրայ ուժեղէն, որ զինք խնայէ:

Մինչեւ յունիս 2024 միայն 153 երկիրներ ընդունած էին Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու հռչակագիրը, իսկ 44 երկիրներ տակաւին չեն ստորագրած մինչեւ այսօր:

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի 66-րդ Հունձքի Աւարտական Հանդիսութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Ընդունարանը Կոչուեցաւ Մեթր Ժաք Չուխատարեանի Անունով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.