ՄԻՐԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Հանրային Կապերու Տնօրէն
Հայկազեան համալսարանը ուրբաթ, 5 յունիս 2026-ին հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ նշեց իր 66-րդ աւարտական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին 172 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականները` պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց, ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճաններով:
Բացման խօսքին մէջ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան խոր հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ շրջանաւարտ դասարանի յաջողութիւններուն մասին: Ան յատուկ կերպով գնահատեց ծնողներուն եւ ընտանիքներուն անսակարկ նուիրումը, զոհողութիւններն ու քաջալերանքը` ներկաները հրաւիրելով ջերմ ու խանդավառ ծափողջոյնով երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց:
Վեր. Հայտոսթեան անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութեան եւ անոր կապուած մարտահրաւէրներուն: «71 տարիներ շարունակ Հայկազեան մեր բոյնը շարունակած է` բարձրացնել հայուն անունը, պատրաստել սերունդներ` մասնագիտական ծառայութեան, կամուրջներ հաստատել միջինարեւելեան զանգուածներու հետ, եւ անկայունութեան, անարդարութեան թէ պատերազմներու մթնոլորտներուն մէջ իսկ յաջողած է ներշնչել շատերը` խոր մարդկային եւ քրիստոնէական խաղաղարար սկզբունքներով, այս բոլորը` հիմնուած դարաւոր հոգեմտաւոր, մշակութային ու ազգային ժառանգութեան վրայ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Հայկազեանի սուրբ առաքելութեան` վեր. Հայտոսթեան նշեց. «Մեր ուսումնական ու մշակութային ծրագիրներով եւ ստեղծած մթնոլորտով պիտի շարունակենք պատուել Լիբանանը, Հայաստան հայրենիքը, ծաղկեցնել հայու արժանապատիւ պատմութիւնն ու վկայութիւնը` նուիրաբերելով մեր լաւագոյնը, բարոյական ու քրիստոնէական հոգեմտաւոր աւանդով»:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ համալսարանի նախկին շրջանաւարտ Ճինան Խայուա Քասեմը` վկայագրուած կրթական հոգեբան եւ Մաքասետ Խալետ պըն Ուալիտ քոլեճի տնօրէնը: Անդրադառնալով Հայկազեան համալսարանին հետ իր ութամեայ ուղեւորութեան` իբրեւ ուսանող, ապա` շրջանաւարտ, ան համալսարանը բնորոշեց` իբրեւ «Աւելի՛ն, քան ուսումի վայր. ան դարձաւ տուն մը, որ սնուցած է իմ ձգտումներս, ամրապնդած է բնաւորութիւնս եւ ներշնչած է գերազանցութեան, յարատեւութեան ու կեանքի տեւող ուսման արժէքները»:
Իր նախաւարտական եւ մագիստրոսական ուսման փորձառութիւններէն մեկնելով` Քասեմ ընդգծեց Հայկազեանի կրթական միջավայրին, նուիրեալ դասախօսներուն եւ մնայուն առաջնորդութեան վերափոխիչ ազդեցութիւնը: Ան շեշտեց, որ համալսարանը իր ուսանողները կը պատրաստէ «ոչ միայն յաջող մասնագիտական ասպարէզներու, այլ նաեւ` իմաստալից կեանքի», զինելով զանոնք այն գիտելիքներով, կարողութիւններով եւ արժէքներով, որոնք անհրաժեշտ են մասնագիտական ու անձնական մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման համար:
Դիմելով շրջանաւարտներուն` ան քաջալերեց զանոնք մարտահրաւէրները դիմագրաւելու լաւատեսութեամբ, ձգտելու գերազանցութեան իրենց բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ եւ մնալու գիտակից ու պատասխանատու քաղաքացիներ:
Իսկ շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Արման Տէր Պետրոսեանն ու Պիսան Հասանը, որոնք իրենց դասընկերներուն անունով անոնք խոր շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, դասախօսներուն, համալսարանի վարչական ու ակադեմական անձնակազմին` գնահատելով անոնց նուիրումը, առաջնորդութիւնն ու ներդրումը իրենց կերտման եւ կեանքի յաջորդ փուլին պատրաստելու գործին մէջ:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ համալսարանի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրհնութեան խօսքը արտասանեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ վեր. Հրայր Չոլաքեանը:
Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Գէորգ Աբանեան, Փամելա Աշճեան, Մեղրիկ Պաղտօ, Անդրանիկ Պարունեան, Ժանտարք Տաւուլպէյուքեան, Արման Տէր Պետրոսեան, Ճորճ Ճուռեան, Յարութ Ղազարեան, Նարեկ Հարֆուշեան, Շանթ Ճեհիզեան, Ժան Փոլ Գալենտերեան, Նարեկ Կարապետեան, Վարուժան Գասունի, Սերժ Խաճարեան, Մակի Գուլէքճեան, Սինթիա Նարկիզեան, Թիլա Մարգարեան, Կարէն Օզգուչեան, Նազար Փոլատեան, Ժաքոպ Սարեան, Նարեկ Շաննաքեան, Գրիգոր Վարդանեան եւ Սերժիօ Եագուպեան:
Առեւտրական վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացան` Սարին Ճոպանեան, Էնժի Քիրեճեան, Կարօտ Սաղտճեան եւ Անի Սարրաֆ:
Ընկերային գիտութեանց բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան` Մարիա Առաքել, Նոէմի Պօղոսեան, Կարպիս Կարէն Տէր Ղազարեան, Դուին Հերկելեան, Սեւակ Իզմիրլեան, Մարի Լին Գասարճեան, Գէորգ Գճելեան, Սէրլի Քէօշկերեան, Նարօտ Խաչատուր, Յարութ Ամպարճեան, Մեղրի Մկրտիչեան, Քրիստին Թաուքճեան, Սինթիա Վարդանեան եւ Վանայ Ուաքիմեան:
Մարդկային գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացաւ Նարօտ Արապեան:
Գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները. Արէնի Ագրեան, Հերմինիա Աբրահամեան, Գէորգ Պաստաճեան, Ճոնի Պէյլերեան, Մելանի Տեքերմենճեան, Ալինա Գայֆէճեան, Ռիթա Գիգեան, Սերժ Մկրտիչեան, Կասիա Նորշահեան, Սերկէյ Ունանեան, Շաքէ Սեմիզեան, Լեթիսիա Շենզեան, Պօղոս Շէրպէթճեան եւ Սէրուժ Թերզեան:
Ընկերային գիտութեանց բաժանմունքի մագիստրոսի վկայականի արժանացան` Գրիգոր Չանաքեան, Աննա Մարիա Գապագեան եւ Քրիստին Մարաշլեան:






