Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Չինաստանի Կողմէ Որեւէ Ջանք Պիտի Ողջունենք»

May 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանին պէտք է այլ կերպ դիտարկել, որովհետեւ ինքզինք ապացուցած է իբրեւ հզօր դերակատար, որ կրնայ նոյնիսկ մեծագոյն տէրութիւնները դիմակայել»:

«Ներկայ բանակցութիւնները ձախողեցան վստահութեան պակասի եւ ամերիկացիներուն կողմէ մեզի հասած հակասական պատգամներուն պատճառով», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Ամերիկացիներուն չենք վստահիր, եւ ատիկա դիւանագիտական որեւէ ջանքի դիմաց գլխաւոր խոչընդոտն է: Իրան բանակցութեամբ հետաքրքրուած է միայն այն ժամանակ, երբ հակառակորդ կողմը լուրջ է», ըսաւ ան:

«Իրանի հարցին մէջ զինուորական որեւէ լուծում չկայ, եւ ճնշումի կամ սպառնալիքի առջեւ անձնատուր պիտի չըլլանք», յայտնեց Արաղչի` նշելով. «Կան ոմանք, որոնք կ՛ուզեն Ուաշինկթընը դարձեալ պատերազմի մէջ քաշել»` յոյս յայտնելով, որ իմաստութիւնը կը տիրէ, «եւ լուծումի շուրջ բանակցելու համար դիւանագիտութեան կը դիմենք»:

«Երբ յարձակումը վերջ գտնէ, ամէն ինչ իր բնական վիճակին պիտի վերադառնայ, եւ (Հորմուզի նեղուցէն) նաւերու անվտանգ անցքի դասաւորումները պիտի կատարենք Օմանի հետ», ըսաւ ան:

«Փաքիստանեան միջնորդութիւնը չձախողեցաւ, սակայն դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Տագնապի կարգաւորման օգնելու համար Չինաստանի կողմէ թափուող որեւէ ջանք պիտի ողջունենք», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Թրամփի մեր վերջին առաջարկը մերժելէն ետք Ամերիկայէն մեզի հասան երկխօսութիւնը շարունակելու անոր փափաքին մասին պատգամներ», նշեց Արաղչի:

Պիելոռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Ալիռեզա Սանէի իր կարգին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը դաւաճանած են դիւանագիտութեան ու բանակցութիւններուն, ուստի Թեհրան անոնց չի վստահիր:

«Մենք կը հաւատանք բանակցութիւններուն, դիւանագիտութեան: Եւ չենք փախչիր անոնցմէ, չենք խուսափիր, սակայն եթէ միւս կողմը ամէն ինչ իր օգտին կ՛ուզէ, իր շահերէն մեկնելով, գործնականին մէջ կ՛ուզէ, որ դուք յանձնուիք, ապա ատիկա արդէն բանակցութիւն չի կոչուիր», ընդգծեց ան:

Սանէի յայտնեց, որ փետրուարեան բանակցութիւններուն ընթացքին Իրան հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ շատ լաւ առաջարկներ ներկայացուցած է, սակայն Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը դաւաճանած են դիւանագիտութեան ու բանակցութիւններուն, «անոնք դաւաճանած են նաեւ մեզի, ուստի մենք ոչ մէկ պարագայի Իսրայէլի եւ ամերիկացիներուն կը վստահինք»:

«Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ամբողջովին մերժած են հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Իրանի 14 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը:

Օրաթերթին տեղեկութիւններով` Թեհրան Ուաշինկթընէն ստացած է կարգաւորման իր գրաւոր առաջարկի պատասխանը, որուն մէջ կը մերժէ Իրանի բոլոր առաջարկները եւ հաւատարիմ կը մնայ ճնշումներու իր քաղաքականութեան, յատկապէս իրանեան հիւլէական ծրագիրի հարցին մէջ:

«Թեհրան Թայմզ» կը յիշեցնէ, որ եթէ Ուաշինկթըն ընդունէր Իրանի առաջարկները, ապա Թեհրան պատրաստ էր սկսելու բանակցութիւններու երկրորդ փուլին, ներառեալ հիւլէական թղթածրարին առնչուող հարցերը:

Յիշեցնենք, որ Իրան 10 մայիսին Փաքիստանին փոխանցած էր հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկներու պատասխանը: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթի աղբիւրներուն տուեալներով` Թեհրան մերժած է իր հիւլէական կառոյցներու կազմաքանդումը, որուն վրայ Ուաշինկթըն կը պնդէ:

Իրանեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է իւրանիոմի հարստացման կասեցման համաձայնելու, սակայն ոչ Միացեալ Նահանգներու պահանջած 20 տարիով: Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թեհրանի պատասխանը անընդունելի որակած էր:

Թրամփ երէկ Փեքինէն Ուաշինկթըն իր վերադարձի ընթացքին յայտնեց, որ արգելք չունի, որ Իրան իր հիւլէական ծրագիրը 20 տարիով առկախէ, սակայն այդ մէկը պէտք է «իսկական» յանձնառութիւն մը ըլլայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ անհրաժեշտ է Հորմուզի նեղուցին մէջ որեւէ խնդիր կամ խոչընդոտ չըլլայ:

Ան շեշտեց, որ պէտք է Իրանի դէմ պատերազմը անմիջապէս դադրեցնել եւ զինադադար գոյացնել:

Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները փորձած են Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Արաբական ծոցի այլ երկիրներ համոզել, որպէսզի միանան Իրանի դէմ համակարգուած զինուորական հակադարձութեան, սակայն անոնց դիմումը ի վերջոյ մերժուած է, ուստի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մեծ մասամբ առանձին գործած են:

Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Հնդկաստանի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին նշած էր. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները այս յարձակումին գործօն մասնակից են, եւ ատոր շուրջ կասկած չկայ: Նաեւ յստակ դարձաւ, որ անիկա այս յարձակումներուն մասնակցեցաւ, եւ թերեւս կրնայ մեր դէմ ուղղակի կերպով գործած ըլլալ»:

Նախորդը

Իրանի Պատերազմէն Ետք Գտնելու Կոչ Ուղղելով. Փեքին Ուաշինկթընի Հետ Առեւտրական Եւ Ճարտարարուեստի Ոլորտներուն Մէջ «Կարեւոր» Համաձայնութիւններու Ստորագրումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.