Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 16, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Երէկուան նիստէն առաջ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան պիտի չընդդիմանայ «մտադրութիւններու հռչակագիր»-ի ամերիկեան առաջարկին, որ կը նախատեսէ երկու կողմերուն միջեւ անվտանգութեան համաձայնութիւններու վերաբերեալ փոխըմբռնում, որուն համաձայն, Իսրայէլ պիտի պարտաւորուի որոշակի ժամկէտի մէջ հեռանալ Լիբանանէն, փոխարէնը պահպանելով որեւէ անմիջական սպառնալիքի հակադարձելու կամ Հըզպալլայի որեւէ անդամ թիրախաւորելու իրաւունքը, միեւնոյն ժամանակ վերաշխուժացնելով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը` հարաւային Լիբանանի մէջ զինաթափման գործին աւելի մանրամասն կերպով հետեւելու համար, համաձայն այն գործիքակազմին, որ կ՛արտօնէ ստուգել Իսրայէլի կողմէ ներկայացուած դիմումները եւ որ լիբանանեան բանակին ազատութիւն կու տայ մուտք գործելու որեւէ պետական կամ սեփական հաստատութիւն` զինաթափումը ապահովելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն պատրաստ էր Ուաշինկթըն այցելելու, եւ Նեթանիահուի հետ հանդիպումին նկատմամբ դրական տրամադրուած էր, եթէ հանդիպումը իսրայէլեան ուժերու հեռացման մեծ մասի գործադրութենէն եւ գերիներու ազատ արձակումէն ետք համապարփակ ու ամբողջական զինադադարի մը պսակումը ըլլար»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանը զինուորական առօրեայ յարձակումներու պայմաններուն մէջ տեղի ունեցող որեւէ բանակցութիւն որեւէ պահու տապալման վտանգի ենթակայ կը նկատէ, որովհետեւ ապահովական կայունութեան նուազագոյն մակարդակի բացակայութիւնը կը խոչընդոտէ կենսունակ փոխըմբռնումներու հասնիլը»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին առաջարկեց նախ եւ առաջ զինադադար հաստատել` իբրեւ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան մը նախաբան, իսկ Իսրայէլ, երէկ շարունակուած կրակոցին տակ, ըստ իսրայէլեան պատուիրակութեան ղեկավարին արտայայտած խօսքերուն, առաջարկեց «Լիբանանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր` Հըզպալլայի կազմալուծման դիմաց»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ զինք տեղեակ պահեց Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններուն մթնոլորտէն, եւ անոր Հըզպալլայի զինադադարը յարգելու պատրաստակամութեան տարողութեան մասին հարցուց: Պըրրի պատասխանեց. «Խնդիրը Իսրայէլն է եւ ոչ Հըզպալլան, որովհետեւ ան է, որ զինադադարը խախտեց, աւելի՛ն` սկիզբէն անոր յանձնառու չդարձաւ»:

. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Չինաստան մեկնելէն առաջ Լիբանանի թղթածրարը քննարկեց իր Ազգային անվտանգութեան խումբին հետ ժողովի ընթացքին: Ուաշինկթըն կ՛ուզէ լիբանանեան հոլովոյթը անջատել Իրանի թղթածրարէն, հակառակ գիտակցելուն, թէ Իրան կը պնդէ Լիբանանը պատերազմին վերջ տալու որեւէ վերջնական համաձայնութեան մէջ ներառելու վրայ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներ իսրայէլեան կառավարութեան հետ քննարկած են, այն ինչ որ կարելի է նկատել Լիբանանի հետ իրականացուելիք իրատեսական ծրագիրի ենթադրեալ ուրուագիծերը»:

. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը համաձայնեցան պատրաստելու Լիբանանէն աստիճական հեռացման ծրագիր մը, որ կրնայ երկու տարուան վրայ երկարիլ, եւ որուն զուգահեռ լիբանանեան բանակը կը սկսի Լիբանանի տարածքին Հըզպալլան զինաթափելու ծրագիր գործադրել: Տեսականօրէն Միացեալ Նահանգներ կը գործեն այն հիմամբ, որ Լիբանան չի կրնար բանակցութիւններուն մէջ որեւէ պայման դնել, եւ թէ լիակատար զինադադար կարելի չէ, մինչեւ որ Հըզպալլայի սպառնալիքը վերացուի»:

. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ ժողովներու կառավարման պատասխանատու ամերիկեան խումբին տրուած ցուցմունքները կը շեշտեն «Իսրայէլի` որեւէ սպառնալիքէ» պաշտպանուելու իրաւունք»-ին աջակցութեան հաւատարիմ մնալը»:

Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ Ուաշինկթըն «չի սպասեր, որ Իսրայէլ պիտի դադրեցնէ Հըզպալլայի անդամները թիրախաւորելը, ուր որ ալ անոնք գտնուին», պնդելով, որ ատիկա «կարելի է կատարել առանց քաղաքայինները թիրախաւորելու եւ առանց զինադադարը խախտելու»:

. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները, եթէ առանց բարդութեան ընթանան, լիբանանեան պետութեան առիթ մըն են իր բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութիւնը վերականգնելու, ապահովական ու քաղաքական լարուածութեան ազդակներէն ձերբազատելու եւ կայունութեան երկարատեւ փուլ անցնելու, ինչ որ իր դիմագրաւած տնտեսական ու ապրուստի խնդիրներուն դիմակայման վրայ կեդրոնանալ կ՛արտօնէ»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Զինադադարի համաձայնութիւն մը լուրջ յանձնառութեան կը կարօտի, որպէսզի կրկնութիւնը չըլլայ համաձայնութեան, որուն ժամկէտը աւարտեցաւ եւ որուն իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցաւ մեծ մագլցումը, որ հարիւրաւոր զոհերու, բռնագրաւումի ընդլայնման եւ աննախադէպ աւերներու յանգեցուց»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պետական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլեան վարմունքը հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրուան բանակցութիւններուն դրական աւարտ չի յուշեր, որովհետեւ իսրայէլեան մագլցումը ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կռիւը շարունակելու փափաք ունի»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պետութեան ամերիկեան հովանաւորութեամբ Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթի մեկնարկէն առաջ զինադադարի առաջնահերթութեան կառչելու պետութեան ուղղուածութեան հիմնական խնդիրը Հըզպալլայի կողմէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման իր յանձնառութիւնը հաստատող յստակ եւ վճռական դիրքորոշման բացակայութիւնն է»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Միջնորդները, որոնք երէկ Պաապտայի Պալատ-Այն Թինէ գիծին վրայ աշխատանք տարին, կրցան հասնիլ դրական տրամադրութեան, որուն վրայ կարելի է կառուցել, որովհետեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ճկունութիւն ցուցաբերեց` ընդգծելով, որ զինք հետաքրքրողը նախ եւ առաջ զինադադարն է»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 15-րդ կայան. «Հըզպալլան մարտի դաշտին մէջ ներդրեց քամիքազ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք իսրայէլեան բանակին մարտահրաւէր կը ներկայացնեն: Անոնք նոր սերունդի են եւ աւելի վտանգաւոր` աժան գինով անօդաչու թռչող սարքերէն»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Իրանի դէմ պատերազմի վերսկսման պարագային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի գործունէութիւնը սահմանափակ պիտի ըլլայ»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Իրանէն Լիբանանի պատերազմին համար փոխհատուցում պահանջող օրինագիծ մը ներկայացնելու հարցը կը սերտէ»:

. ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ապտելռահման Մարքպաուի «Անպա» օրաթերթին. «Ներածուած դեղերու պահեստը 4 ամսուան համար բաւարար է, իսկ Լիբանանի մէջ արտադրուածինը` 8 ամսուան համար»:

. 95 օքթան պենզինին գինը բարձրացաւ 43000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.543.000 լ.ո.-ի, իսկ 98 օքթանինը` 42000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.560.000 լ.ո.-ի: Մազութին գինը նուազեցաւ 11000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.254.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.498.000 լ.ո.:

Նախորդը

Արաղչի. «Չինաստանի Կողմէ Որեւէ Ջանք Պիտի Ողջունենք»

Յաջորդը

Կրթութեան Նախարարը Պրէօվէի Քննութեան Ջնջումն Ու Պաքալորէայի Քննութիւններու Երեք Փուլերու Որդեգրումը Յայտարարեց

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.