Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երկխօսութիւնը Բռնակցումէն Ետք

March 19, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Լիբանան կը շարունակէ յայտարարել, որ պատրաստ է բանակցելու Իսրայէլի հետ, վերջինը անվտանգութեան կամ արգելակիչ գօտիի սահմանները կը ճշդէ եւ իր նախագծած տարածքը կ՛անջատէ Լիբանանէն բոլոր կամուրջները քանդելով: Փաստօրէն, ըստ էութեան լիբանանեան տարածքներու բռնակցում կը կատարուի ընդհանուր սահմանէն մինչեւ Լիթանի-Զահրանի:

Անվտանգութեան գօտիի անուան տակ տարածքներու բռնակցումով երկրի ջրային պաշարներուն տիրապետելով Իսրայէլ քանի մը խնդիր կը լուծէ այս ձեւով: Պէյրութի առաջարկին չպատասխանելը, նախապայմաններ առաջ քշելը եւ միայն Դիմադրութեան անձնատուութենէն ետք զինադուլի շուրջ երկխօսութիւն սկսելու դիրքորոշումը լոյս կը սփռեն հիմնական նպատակին վրայ:

Երկխօսութիւնը, ըստ իսրայէլեան տրամաբանութեան, կը սկսի ներխուժումի իրականացումէն եւ տարածքներու իրողական բռնակցումէն ետք միայն: Պարզ է, որ ներխուժման գործողութիւնները հեզասահ չեն ընթանար: Ցամաքային մարտեր, դիմադրութիւն, նահանջ-յարձակում ռազմական արարներու շարք մըն է, որ կը սկսի այս ձեւով: Էական է այստեղ արձանագրելը, որ հարաւային տարածքները Լիբանանեան միւս շրջաններէն տարանջատելը, կամուրջներու կազմաքանդումով, այդ գօտիին նոր կարգավիճակ հաղորդելու մղումն ու նպատակը կը հետապնդէ:

Հիմա գօտիի աշխարհագրութիւնը սկսած է ուրուագծուիլ: Յաջորդը այդ տարածքներու իսրայէլեան ուժերու վերահսկողութիւնն է, ապա բանակցութիւններ այդ գօտիի կարգավիճակին շուրջ: Անմարդաբնակ, արգելակիչ թէ անվտանգային, յամենայն դէպս անջատուած լիբանանեան գերիշխանութենէն եւ իրողապէս` տարածքային ամբողջականութենէն: Քննարկումի կրնան դրուիլ նաեւ միջազգային ուժերու ներգրաւուածութեամբ վերահսկողական գործիքակազմեր  գործարկելու կարելիութիւնները եւ այսպէս շարունակ: Միջազգային ընտանիքի համապատասխան կառոյցներ կրնան կոչեր հնչեցնել, բանաձեւեր քուէարկել, նոյնիսկ շեշտել հրամայականը տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման, գետնի վրայ սակայն իրադարձութիւնները կը շարունակեն արձանագրուիլ ուժի դիրքերէ մեկնած:

Տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայ դառնալու այլ բեմագրութիւններ եւս կը շրջանառուին: Այս անգամ դրացի Սուրիայէն  ուժեր տարբեր ուղղութիւններէ կրնան «հրաւիրուիլ»  առնչուած պետութիւններու կողմէ, «ահաբեկչազերծելու» համար լիբանանեան տարածքներ: Իսկ այդ ուժերու ենթադրեալ առկայութիւնը դարձեալ ոտնահարած կ՛ըլլայ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Լիբանան կը տուայտի տարածքներ զիջելու,  ջրային պաշարներ այլոց պարտադիր սպասարկած ըլլալու, գաղթականական զանգուածներ տեղաւորելու, ներքին լարուածութիւնները կանխարգիլելու, բանակին մէկութիւնն ու հեղինակութիւնը պահպանելու  եւ նման ճակատագրորոշ ընտրութիւններու առջեւ կանգնած ըլլալու միջեւ` դիմակայելով  խոր եւ երկարատեւ ճգնաժամեր:

Քարիւղի կեդրոններու տիրապետման պատերազմը համաշխարհային մակարդակով ջրային պաշարներու ձեռք բերման կը վերափոխուի: Առ այժմ երկու ուղղութեամբ զուգահեռ ընթացք է: Իսրայէլի սպառնալիքը ծովային սահմանազատման համաձայնութիւնը չեղարկելու կազի եւ քարիւղի յաւելեալ հատուածներ ձեռք ձգելու նպատակը կը հետապնդէ. իսկ հարաւային տարածքին բռնակցումը` ջրային պաշարներու տիրապետումը:

«Ա.»

Նախորդը

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Ահաբեկչութեան Թիւ Մէկ Հովանաւոր Իրանը Բեմէն Հեռացնելու»

Յաջորդը

Ժիրայր Աշճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.