ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ էր, երբ բարեկամներէս մէկը անմեղօրէն ինծի հարցուցած էր, թէ ի՞նչ կ՛ընէի այս օրերուն:
– Վէպիս շնորհահանդէսի կազմակերպութեամբ կը զբաղուիմ,- պատասխանած էի:
– Ինչո՞ւ,- յանկարծ ընդմիջած էր.- նորէ՞ն հատոր մը հրատարակած ես: Արդեօ՞ք այնքան հայերէն կարդացողներ կան: Չէի գիտեր: Միայն գիտեմ, որ հայերէն թերթ կամ գիրք ընթերցողներուն թիւը, մանաւանդ արեւմտահայերուս մէջ, զգալիօրէն նուազած է.
– Այո՛, -ըսած էի արագ մը.- գիտե՛մ այդ մէկը:
– Լա՛ւ… ուրեմն ինչո՞ւ կը գրես,- դէմքին քմծիծաղ մը գծելով` պատասխանած էր:
– Որովհետեւ, յարգելի՛ բարեկամս,- կրկնած էի վշտոտ ձայնով,- հաստատ գիտեմ, որ հայերէն կարդացողներուն թիւը ոչ միայն նուազած է, այլ` նօսրացած: Բայց գիտեմ նաեւ, որ կա՛յ մէկը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ, հայերէնով կ՛արտայայտուի, հայերէնով կ՛ապրի, նոյնիսկ եթէ «պէտք» ըլլայ, հայերէնով ալ կը հայհոյէ. տակաւին, հայերէնով սիրած է ու կը սիրէ, ու աւելի՛ն, հայերէնով կը խնդայ, կ՛աղօթէ, կը խօսի…
– Իսկ ո՞վ է այդ մէկը.- հարցուցած էր խօսակիցս` գրեթէ շուարած:
– Ե՛ս եմ.- պատասխանած էի:- Ե՛ս: Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ իմ գրութիւններուս, տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել ե՛ս ինծի համար, ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապակս գոհացնելու համար:
Իրապէս քրտինք բերող այս խօսակցութենէն ետք առանձնանալ ուզած էի: Ես ինծի հետ… խոհերուս, սէրերուս, յուշերուս, ուրախութիւններուս եւ յուսախաբութիւններուս հետ` մինակս…
Համեստօրէն ու նոյնքան ալ անկեղծ` ըսեմ, որ տարիներէ ի վեր հայերէն բառերուն հետ մտերմութիւնս արդէն հասած է իր սերտ յարաբերութեան: Այդ բառերն են, որոնք միշտ զիս կ՛առաջնորդեն: Անոնք են, որ գիտեն իմ բոլոր գաղտնիքներս:
Վկայ` լոյս ընծայած հատորներս: Որովհետեւ հայ ընթերցասէրը լաւատեղեակ է, թէ ի՜նչ հրաշալիք մըն է մեր լեզուն:
Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ա՛յս հայերէնը միայն իմս, կամ մերը չէ՛, այլ իրն ալ է` ընթեցողինը:
Որովհետեւ… վերջ ի վերջոյ հայ ընթերցողը ո՛չ միայն հայ գրողին հարստութիւնն է, այլեւ գերագոյն դատաւորը` հատորը արժեւորելու, գնահատելու եւ կամ քննադատելու:
Միւս կողմէ, սակայն, չմոռնանք, որ հայ գրողն ալ միշտ մտահոգ է մեր լեզուի ճակատագրով: Աւելի՛ն. ան մեծ պաշտամունք ունի հայ լեզուին հանդէպ: Ունի նաեւ խոր համոզումներ` իր ազգին ու մարդկութեան հետաքրքրող եւ տագնապեցնող հարցերու մասին:
Ու համեստօրէն ըսեմ, որ նուրբ տկարութիւն մը ունիմ` հանդէպ գիրին, հայ գիրքին եւ հաւատք-տեսիլք փոխանցող հայ գրողին ու մեծ յարգանք` հայ ընթերցողին: Կը հպարտանամ գրական երեւակայութեամբ եւ մեր լեզուին հրապոյրն ու գեղեցկութիւնը հայերէնով հաղորդող հայ գրիչներով:
Նաեւ, իբրեւ ընթերցող, կը փնտռեմ` ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը, հատորին մէջ երեւցող գրական բարոյականութիւնը, սրտի մօտիկութիւնը, հեղինակի պատգամն ու մտածողութիւնը, անոր գրական վաստակն ու նուիրումը: Ու սրտանց կը ցանկամ, որ ազգովին վերադառնանք մեր հոգեւոր արժէքներուն, գիրքի ընթերցանութեան եւ ժամանակակից հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն ու դառնանք ընթերցասէրներ, որպէսզի հայ գիրքի հանդէպ մեր սէրն ու հետաքրքրութիւնը երբեք չմարի:
Ճիշդ է, որ ներկայիս գիրք եւ մամուլ փնտռողները նուազած են եւ դարձած են սակաւաթիւ, բայց տակաւին կան ու կ՛ապրին գիրքին ուժն ու արժէքը գիտցողներ, անոր ներգործութեան հաւատացողներ: Բայց նաեւ կը հաւատամ, որ մենք ազգովին գիր- գրականութիւն սիրող եղած ենք: Մեր արմատները անոնցմով սնանած են:
Նման քանի մը այս խորհրդածութիւնները յանձնեցի թուղթին, որպէսզի ընթերցողին հետ միասնաբար բացայայտէի գիրքի սէրը, ընթերցումի կամ ընթերցելու էականութիւնը, եւ այս առթիւ հայ գիրի սպասարկու` հատորի հեղինակին խոնջէնքը, այն համոզումով, որ մեր ազգային գանձերուն պահպանման նպաստող հայ գրականութիւնը կը շարունակէ իր երթը:


