Իշխանութիւններ եւ թագաւորութիւններ հիմնուած են հզօր բանակներու տարած յաղթանակներուն շնորհիւ: Հին ժամանակ հզօր բանակներ իրենց գրաւած տարածքները կը թալանէին` ձեռք ձգելով արժէքաւոր իրեր, նաեւ` հազարաւոր գերիներ, որոնց բռնօրէն կ՛աշխատցնէին մասնաւորաբար շինարարութեան ու հողագործութեան մարզերուն մէջ եւ չնչին ծախսերով ու ժամանակի դէմ մրցելով կը բարգաւաճէին:
Այսօրուան քաղաքակիրթ երկիրները հազարաւոր տարիներ ետք աւելի արդիականացած ըլլալով, նախկիններու գործելաձեւերը կ՛որդեգրեն, բայց արդիական միջոցներով բարգաւաճելու համար: Նոյնիսկ եթէ ականատես կ՛ըլլանք համաշխարհային տարօրինակ քաղաքական լուրերու, որոնք հանրութեան զարմանք կը պատճառեն իրենց տարբեր տեսակի տեղեկութիւններով, բայց եւ այնպէս քաղաքականութեան մէջ հզօր ուժը միշտ կը յաղթէ եւ յարգանք կը պարտադրէ, նոյնիսկ եթէ շատ անգամ խախտած ըլլայ համաշխարհային օրէնքները:
Այսօր արդիականացած իշխանութիւններ արհեստագիտական միջոցներով իրենց ձեռք ձգած հզօրութեամբ կը բարգաւաճին եւ երբ հարկ է, կը պատերազմին տնտեսական, ռազմական կամ աշխարհաքաղաքական մարզերու մէջ:
Մարդամեքենաներու եւ Արհեստական բանականութեան գործածութիւնն ալ իր կարգին տարբեր տեսակի նոր փուլի մը պիտի առաջնորդէ մեզ: Ամերիկացի գործարար եւ միլիառատէր Իլոն Մասք հեռատես գիտնական մըն է, որ իր ստեղծագործութիւններով կրնայ որոշ չափով մարդկութեան ապագան գուշակել: Կը մէջբերեմ Մասքի արտայայտած քանի մը կարեւոր միտքերը.
Ա.- Մարդը ապագային աշխատելու կարիք պիտի չունենայ:
Բ.- Մարդը դրամ պահելու պէտք ալ պիտի չունենայ:
Գ.- Բժիշկի կարիք ալ պիտի չըլլայ ապագային:
Նաեւ դիտել կու տայ, որ տարբեր տեսակի արհեստներ եւ գործեր պիտի փոխարինուին արհեստագիտական միջոցներով: Նաեւ կատարած է շատ մը այլ կանխատեսութիւններ, որոնք շատերուս կրնան անկարելի թուիլ այսօր, բայց ապագան միայն պիտի ըլլայ ապացոյցը, երբ օրը գայ: Նախկին համաշխարհային օրէնքները արմատական փոփոխութիւններու ենթակայ են, եւ շատ արագ ձեւով հինը նորով կը փոխարինուի:
Դժբախտաբար մարդը իր սահմանափակ մտային կարողութեամբ անկարող է հասկնալ այս բոլորը, բայց եւ այնպէս Արհեստական բանականութիւն գործածելու կարողութիւնը կրնայ մարդուն որոշ չափով պարզել նոյնիսկ ամէնէն դժուար հարցերը եւ հասկնալի դարձնել զանոնք:
Այսօր մարդը ինքնազարգացման համար իբրեւ հարազատ ընկերը ունի համացանցը, մանաւանդ եթէ ձեռք բերէ զայն գործածելու ձեւն ու հմտութիւնը:
Ինքնազարգացումը եւ ուսումը տարիք չեն ճանչնար, կը հաւատամ, որ մարդ անդադար պէտք ունի զարգացումի: Ժամանակին` համալսարանի օրերուս, տարօրինակ կը թուէր ինծի, երբ տեսնէի, թէ երէց անձեր իրենց զաւակներուն տարեկից աշակերտներու հետ կը յաճախէին ուսումնական հաստատութիւններ տարբեր պատճառներով: Այսօր նման երեւոյթ օրէ օր աւելի սովորական կը թուի ըլլալ, մանաւանդ երբ գիտութեան անհրաժեշտութիւնը մարդուս ֆիզիքական սնունդի նման կարեւոր եղած է, որովհետեւ անիկա մտային սնունդ կը հանդիսանայ:
Այսօրուան հզօր իշխանութիւններն ալ իրենց կարգին քայլ պահած են արհեստագիտական մնայուն զարգացումին հետ եւ իբրեւ արդիւնք կրնան յաղթանակներ արձանագրել նորանոր միջոցներով, որոնք շատերուս համար կը մնան անհասկնալի: Քայլ պահենք նոր աշխարհի օրէնքներուն հետ, որպէսզի կարողանանք գոյատեւել իբրեւ անհատ, հաւաքականութիւն եւ իշխանութիւն: Հինին կառչած մնալով միմիայն ինքնալճացումի կ՛առաջնորդենք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը: Նախաձեռնենք նորին ձեռք երկարելու` առանց խախտելու հինին խորքը:



