Վեցերորդ օրն ըլլալով շրջանին մէջ Իրանի դէմ բռնկած Իսրայէլ-ամերիկեան պատերազմի հետզհետէ սաստկացող զարկերը կու գան բացայայտելու, թէ կատարուածը օրուան ծնունդը չէ: Խորքին մէջ դէպքերը իրենց հետեւանքներով կը մերկացնեն ցարդ տողընդմէջ փոխանցուած անուղղակի պատգամները, թէ Միջին Արեւելքը (եթէ ոչ անոր մերձակայ երկիրներն ալ) կը գտնուի փոփոխութեան երկունքի մէջ: Երկունք, ուրկէ ծնելիք կամ բխելիք շրջանի նոր դիմագիծը կախեալ է կողմերու ուժային հաւասարակշռութեան տարողութենէն: Փաստօրէն, գերպետութիւններու քուլիսային ժողովներուն մէջ պատրաստուած ծրագիրներու կիրարկման քայլերը հետզհետէ կը բացայայտուին մերթ «Իրանի աստուածապետական վարչակարգի տապալում»-ի, մերթ «Նոր Միջին Արեւելքի ձեւաւորում»-ի կարգախօսներով: Այս կարգախօսներուն մէջ վերակոչուած են երբեմնի քաղաքական բոլոր խաղաքարտերը, շրջանի կրօնական թէ ազգայնական պիտակներու կարգախօսներով գոյատեւող մարդագրական գրեթէ բոլոր հաւաքականութիւններու տուեալները` Իրանի Պալուճիստանէն մինչեւ քիւրտերու, արաբներու եւ այլոց վիճակուելիք ճակատագիրը: Աւելի՛ն, երէկ այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար մարզին ուղղութեամբ արձակուած հրթիռները Ազրպէյճանի ուժականութեան զարկերակի քննարկման փորձ մըն էին, այդ հրթիռներուն իբրեւ պատասխան Ազրպէյճանի թէ համակիր կողմեր փութացին Ազրպէյճանի «հզօրութեան» առկայութեան շեշտաւորումին` վկայակոչելով Արցախի մէջ անոր «յաղթանակը» եւ սպառնալով հակահարուածի: Շրջանային այս բացայայտ քննարկումներուն մէջ պարզուող կեցուածքներուն մէջ ուշագրաւ էր Սուրիոյ նոր իշխանութեան «չափաւորական» թեւի մտաւորականներէն լրագրող-մեկնաբան Այման Հատտատի երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին տուած այն պատասխանը, թէ եթէ Ազրպէյճան կրցաւ իր հակակշիռին տակ առնել Ղարաբաղը, ատիկա իրականացաւ շնորհիւ Թուրքիոյ օժանդակութեան: Այլ խօսքով, «օրը նոր, դէպքը նոր» զարգացումներու անուղղակի պատգամը ուղղուած է շրջանի ժողովուրդներուն անխտիր, թէ` ժամանակն է վերանայելու իրենց իրավիճակին եւ դիրքորոշուելու իրենց ապագայի ուղիի յստակացման գծով:
Այս մթնոլորտին արձագանգները երէկ առաւել շեշտակիօրէն պարզուեցան Լիբանանի մէջ, երբ Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեզալել Սմոթրիչ բառերը առանց ծամծմելու սպառնաց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու շրջանը վերածել Կազայի Խան Եունես շրջանին: Աւելի ուշ իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի դարձեալ կրկնեց իր սպառնալիքները այս անգամ Պաալպեքի, Պեքայի, Պրիթելի եւ մերձակայ շրջաններու բնակչութեան` հեռանալու դէպի հիւսիսային շրջաններ: Նոյն ծիրին մէջ իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի լայնածիր յարձակումի ձեռնարկել Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ, մինչ իսրայէլեան ուժեր կ՛ամրագրեն իրենց ներկայութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ:
Ընդհանուր այս մթնոլորտին մէջ եւ իսրայէլեան սպառնալիքներու լոյսին տակ հարաւային Լիբանանէն թէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու շրջանէն քաղաքացիներ փութացին հեռանալ իրենց բնակարաններէն` ուղղուելով դէպի մայրաքաղաք Պէյրութ եւ անոր հիւսիսային արուարձաններէն դէպի Թրիփոլի եւ Սուրիա: Ոմանք հարկադրուեցան քալելով հեռանալ եւ ապաստանիլ հոն, ուր ձեռնտու է, պարզելով պատերազմական մէկ նոր փուլի տխուր երեւոյթը:
Զօրաշարժի Անմիջական Քայլեր
Ստեղծուած մտահոգիչ այս կացութեան զուգահեռ Լիբանան զօրաշարժի մատնուեցաւ բոլոր մակարդակներուն վրայ: Նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ` պահանջելով անյապաղ միջամտել` կանխարգիլելու համար իսրայէլեան սպառնալիքներու գործադրութիւնը:
Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Ֆրանսայի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Ֆապիան Մանտոնը, որուն հետ քննարկեց պարզուած ապահովական ու քաղաքական նորագոյն զարգացումները` պահանջելով պատկան կողմերուն եւ յատկապէս Ֆրանսայի միջամտութիւնը:
Աուն նաեւ նոյն ծիրին մէջ խորհրդակցութեամբ ընդունեց ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգող Ժենին Հենիս Պլասխարթը եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ ու նախարարներ:
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլէն ու միաժամանակ Հըզպալլայէն պահանջեց դադրեցնել իրենց յարձակողական քայլերը: Նախագահ Մաքրոն նմանօրինակ խորհրդակցութիւն ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` վերահաստատելով Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանի զօրակցութեան եւ անոր գերիշխանութեան ամրապնդման:
Նոյն ծիրին մէջ, լիբանանեան կառավարութիւնը երէկ դարձեալ արտակարգ նիստ մը գումարեց` քննելով երկրին մէջ ստեղծուած ապահովական, քաղաքական թէ ընկերային ու տնտեսական պայմանները: Այս գծով պատկան նախարարներուն թելադրուեցաւ մօտէն հետեւիլ պարզուող պայմաններուն եւ ճիգ չխնայել քաղաքացիներու կացութեան հոգատարութեան ու բարելաւման գծով : Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ կրկին յայտարարեց, թէ վերջին երկու օրերու զոհերու թիւը Լիբանանի մէջ շրջանցած է հարիւր նահատակի թիւը:
Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստ`
Յառաջիկայ Երկուշաբթի
Կատարուած իրողութեան պայմաններու լոյսին տակ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղեց խորհրդարանի արտակարգ նիստ գումարելու յառաջիկայ երկուշաբթի օր` քննելու համար ստեղծուած կացութիւնն ու անոր հետեւանքները, յատկապէս` նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւններու յետաձգման հաւանականութիւնը 85 ձայներու առկայութեան պայմանով:


