Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինացիները Նոր Տարին Կը Տօնեն 15 Օրեր Շարունակ

February 28, 2026
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Չինացիները, ինչպէս Արեւելեան Ասիոյ բազմաթիւ ժողովուրդներ, կը գործածեն լուսնային օրացոյցը, որ կը հետեւի լուսինի փուլերուն:

Այս ձեւով Չինական Նոր տարուան սկիզբը կը զուգադիպի յունուարի եւ փետրուարի վերջաւորութիւններուն միջեւ: Այս տարի ան սկսաւ 17 փետրուարին:

Իւրաքանչիւր տարի կը խորհրդանշուի անասունով մը: 2026-ը ձիու տարին է: Չինական օրացոյցը ներկայացնող անասունները 12 հատ են. անոնք իրարու կը հետեւին միշտ նոյն կարգով` ձի, այծ, կապիկ, աքլոր, շուն, խոզ, առնէտ, եզ, վագր, նապաստակ, վիշապ եւ օձ:

* * *

Այս տօնը չինացիներուն ամէնէն կարեւոր տօնն է, եւ բազմաթիւ ընտանիքներ կը վերադառնան իրենց գիւղերը եւ քաղաքները, հարազատներուն հետ նշելու համար այս տօնը: Այս առիթով ճամբաները եւ տուները կարմիր գոյնի զարդարանքներով կը զարդարուին, արդարեւ, կարմիրը բախտաբեր գոյն կը նկատուի Չինաստանի մէջ:

Նոր տարուան նախօրեակին, ընտանիքը կը հաւաքուի ճոխ սեղանի մը շուրջ եւ այս հաւաքոյթը կը տեւէ մինչեւ ուշ գիշեր: Հաւաքոյթին ընթացքին նուիրատուութիւններ կը կատարուին պապերուն ոգիին, որպէսզի զանոնք հսկեն ընտանիքին: Փոքրիկներն ալ կը ստանան դրամ կրող կարմիր պահարաններ` անոնց մաղթելով հարստութիւն եւ յաջողութիւն ամբողջ տարուան ընթացքին: Կէս գիշերին, վերջապէս ընտանիքին անդամները իրարու Նոր տարի կը մաղթեն, մինչ դուրսը հրավառութիւն կը կատարուի: Չինացիները կը հաւատան, որ այս ձայները եւ գոյները պիտի ծառայեն նաեւ հեռացնելու գէշ ոգիները: Նոր տարիին տեղի կ՛ունենան նաեւ թմբուկներու կշռոյթով պարող հսկայական վիշապներու եւ առիւծներու տողանցքներ:

* * *

Չինական Նոր տարուան առասպելը

Չինական Նոր տարուան սովորութիւնները կը յիշեցնեն չինական շատ հին առասպել մը` Նիան հրէշին դէմ յաղթանակը: Կան այս հեքիաթէն զանազան տարբերակներ, սակայն անոնք բոլորը կը պատմեն գլխաւորաբար նոյն պատմութիւնը…

Շատ հին ժամանակներուն, Նիան հրէշը կ՛ապրէր մեկուսացած` լեռներուն վրայ: Տարին անգամ մը ան կու գար յարձակելու անասուններուն եւ նոյնիսկ մարդոց վրայ` ուտելիք փնտռելու նպատակով:

Օր մը, գիւղացիները կը հասկնան, թէ հրէշը կը վախնար կարմիր գոյնէն, կրակէն եւ ձայնէն:

Հետեւաբար, անոնք իրենց տուներուն վրայ կը փակցնեն կարմիր թուղթեր, պայթուցիկներ կ՛արձակեն եւ թմբուկ կը զարնեն:

Վախցած հրէշը` փախուստ կու տայ դէպի լեռները: Վերջնականապէս:

Կարճ Լուրեր

 Փոքեմոնի Քարտ Մը`
14
Միլիոն Եւրոյի

Այս հազուագիւտ քարտը կը կրէ «Փիքաչու Իլլասթրէյթըր» անունը: Ան աճուրդով ծախուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան 16 միլիոն տոլարի: Ասիկա առաջին անգամն է, որ հաւաքածոյի քարտ մը այսքան  սուղ կը գնուի: Ան գծուած է 1998-ի ճափոնցի գծագրիչ Ացուքօ Նիշիտայի կողմէ: Այս արուեստագիտուհին փիքաչուն ստեղծողն է: Այս քարտէն շատ քիչ օրինակներ գոյութիւն ունին, եւ ծախուած քարտը շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:

Աշխարհի Ամէնէն
Փոքրիկ Քանդակը

Տէյվիտ Ա. Լինտոն մանր արուեստի գործերի մասնագէտ է: Անգլիոյ մէջ: Ան շինած է աշխարհի ամէնէն փոքր քանդակը, որ արձանագրուեցաւ Կինեսի մրցանիշներուն գիրքին մէջ:

Այս քանդակը կը ներկայացնէ «սմայլի» մը` ժպտուն դեղին դէմք մը: Ան 1 սանթիմեթրէն 1000 անգամ աւելի փոքր է եւ կարելի է զայն տեսնել միայն մանրադիտակով մը:

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ
Երիզային Գծագրութիւնը

Դարձեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ, աճուրդի մը ընթացքին, երբ ամէնէն բարձր գինը առաջարկող անձը կ՛արժանանայ առարկային, ծախուեցաւ Սուփըրմանի երիզային գծագրութիւններու թիւ 1 թերթը, աւելի քան 8 միլիոն տոլարի: Ասիկա ալ մրցանիշ մըն է երիզային գծագրութիւններու թերթի մը համար:

Այս թիւը հազուագիւտ է. ան 1939-ի տպագրութիւն է եւ շատ լաւ վիճակի մէջ մնացած է: Այս թերթը ծախողները 3 եղբայրներ էին, որոնք այս «գանձը» գտած են, երբ իրենց մօր մահէն ետք, անոր տունը պարպած են…

Նախապատմական Ներկելու
Մատիտներ

Ուքրանիոյ Քրիմէ շրջանին մէջ, որ 2014-էն ի վեր գրաւուած է Ռուսիոյ կողմէ, գիտնականները շարունակած են իրենց աշխատանքները, հակառակ պատերազմին: Պեղումներու ընթացքին անոնք գտած են նախապատմական շրջաններէն մնացած քունահողէ քարերու, կտորներ, որոնց ծայրերը մատիտի նման տաշուած են: Անոնցմէ ամէնէն հիները 70 հազար տարուան են: Ըստ մասնագէտներուն, այս նարնջագոյն քարը այդ ժամանակաշրջանի մարդոց` նէանտէրդալներուն կը ծառայէր գծելու կամ գունաւոր գիծեր ընելու:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս վերակազմել սրտի պատկերը` գործածելով շուրջը գտնուող
բոլոր պզտիկ ձեւերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած կաղինը:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը

Յաջորդը

Մօրս` Ալիս Ոսկերիչեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.