Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Նուազապաշտութիւնը` Պարզութիւն Եւ Նպատակադրում

February 26, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր աշխարհին մէջ, ուր սպառողականութիւնը կը գերակշռէ, եւ ամէնուր մեզ կը շրջապատեն գովազդներ` աւելին գնելու կոչերով, նուազապաշտութիւնը ոչ միայն գեղագիտական ոճ է, այլեւ` ապրելակերպի փիլիսոփայութիւն, որ կ՛առաջարկէ կեդրոնանալ կարեւորին վրայ` քիչ իրեր, բայց աւելի շատ արժէք:

Ի՞նչ Է Նուազապաշտութիւնը (Մինիմանիզմ)

Նուազապաշտութիւնը սեփական կեանքէն աւելորդը հեռացնելու վարժութիւն է նիւթական իրերէն մինչեւ ժամանակ խլող պարտականութիւնները: Այդ կը նշանակէ ոչ թէ զրկել քեզ ամէն ինչէ, այլ գիտակցաբար ընտրել, թէ ինչը քեզի իսկապէս երջանկութիւն, իմաստ եւ նպատակ կ՛ապահովէ:

Նուազապաշտական մօտեցումը կրնայ դրսեւորուիլ տարբեր ձեւերով.

Ա.- Նիւթական նուազապաշտութիւն. կրճատել իրերու քանակը` պահելով միայն անհրաժեշտը եւ սիրելին:

Բ.- Թուային նուազապաշտութիւն. նուազեցնել ելեկտրոնային գործիքներու ժամանակը, ընկերային ցանցերու օգտագործումը, ձերբազատիլ «թուային աղբէն»:

Գ.- Մտաւոր նուազապաշտութիւն կեդրոնանալ մէկ հարցի վրայ, նուազեցնել ընկճախտը եւ աւելորդ միտքերը:

Նուազապաշտութեան Առաւելութիւնները

Նուզապաշտական ապրելակերպը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ, որոնք կրնան զգալիօրէն բարելաւել ձեր կեանքի որակը`

  • Ֆինանսական ազատութիւն. երբ դուք քիչ իրեր կը գնէք` աւելի քիչ կը ծախսէք եւ աւելի շատ կը խնայէք:
  • Նուազ ընկճախտ. իրերու կուտակումը քաոս կը ստեղծէ: Աւելի պարզ միջավայրը կը հանգստացնէ միտքը, կը նուազեցնէ մաքրութեան տրամադրուող ժամանակը եւ ընկճախտը:
  • Աւելի շատ ժամանակ. քիչ իրեր` կը նշանակէ քիչ մաքրութիւն, քիչ խնամք: Դուք աւելի ժամանակ կ՛ունենաք տրամադրելու` ձեր ընտանիքին, ձեր հոպիներուն, ճամբորդութեան եւ այլն…
  • Նպատակի յստակութիւն. աւելորդէն ձերբազատուելով` դուք աւելի լաւ կը հասկանք ձեր արժէքները, թէ ի՛նչն է իսկապէս կարեւոր եւ առաջնահերթ ձեր կեանքին մէջ: Ձեր նպատակները կը դառնան աւելի պարզ:

Նուազապաշտութիւնը Որդեգրելու Գործնական Քայլեր

Նուազապաշտութեան որդեգրումը աստիճանական եւ ժամանակ պահանջող գործընթաց է. եւ այսպէս`

  • Սկսէք փոքրէն. մի՛ փորձէք մէկ անգամէն պարպել ամբողջ տունը: Սկսէ՛ք մէկ սենեակէ, կամ դարակէ (օրինակը` հագուստեղէն կամ գեղօր):
  • Գործադրեցէք Մարի Քոնտոյի մեթոտը. վերցուցէք իւրաքանչիւր իր եւ դուք ձեզի հարցուցէք. «Արդեօ՞ք այս ինծի ուրախութիւն կը պարգեւէ»: Եթէ ոչ, ապա ժամանակն է, որ բաժնուիք անկէ:
  • Հետեւեցէք «Մէկ ներս, մէկ դուրս» կանոնէն. երբ նոր իր մը կը գնէք, մէկ այլ իրէ ձերբազատեցէք: Ասիկա կ՛օգնէ կանխելու իրերու կուտակումը:
  • Կեդրոնացէք փորձառութիւններու վրայ. աւելի շատ ներդրում կատարեցէք փորձառութիւններու` ճամբորդութիւններու, ձեռնարկներու, յարաբերութիւններու մէջ, քան` նիւթական իրերու: Յիշողութիւնները կը մնան յաւերժ:
  • Թուային մաքրութիւն ջնջեցէք անկարեւոր յաւելուածները, կազմակերպեցէք ձեր ֆայլերը, փակեցէք ե-նամակի բաժանորդագրութիւնները, որոնք արդէն չէք կարդար:

Նուազապաշտութիւնը ճանապարհ է դէպի աւելի նպատակային, հանգիստ եւ երջանիկ կեանք: Ան հնարաւորութիւն կու տայ վերագնահատելու ձեր արժէքները եւ կեդրոնանալու իսկապէս կարեւորին վրայ:

Աղբիւր՝ www.soread.me

Հոգեբանին Կարծիքով

 Ձեր Երեխային Վարքագիծը
Կ՛արտացոլէ Ձեր Մօտեցումը

Եթէ ձեր երեխան եսակեդրոն է ու անձնասէր, կը նշանակէ, որ դուք անմիջապէս կը կատարէք անոր բոլոր պահանջները:

Եթէ ձեր երեխան անհնազանդ է ու խօսք մտիկ չ՛ընէր, կը նշանակէ, որ դուք շատ յաճախ կը պոռաք ու կը զայրանաք, փոխանակ խօսելու ու բացատրելու:

Եթէ ձեր երեխան կը նախանձի, կը նշանակէ, որ դուք զինք յաճախ ուրիշներուն հետ կը համեմատէք` առանց անդրադառնալու:

Եթէ ձեր երեխան ձախողելէ կը վախնայ, կը նշանակէ, որ դուք աւելի յաճախ կը սրբագրէք ու նկատողութիւններ կ՛ընէք, քան կը քաջալերէք:

Եթէ ձեր երեխան սուտ կը խօսի, կը նշանակէ, որ ան կը վախնայ ձեր հակազդեցութենէն:

Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր մօտեցումները եւ տեսէք, թէ որքա՛ն արագ պիտի բարեփոխուի ձեր երեխային վարքագիծը:

Երեխային Սորվեցուցէք Ինքնուրոյն Դառնալ

Երբ երեխան կը վարժուի ինքնուրոյն գործել, ան աւելի դիւրին կը յաղթահարէ դժուարութիւնները` թէ՛ ուսման եւ թէ՛ կեանքի մէջ: Հոգեբանները քանի մը հնարք կը յուշեն. եւ այսպէս`

Ա.- Ձգեցէք, որ երեխան ինքնուրոյն դասաւորէ իր պայուսակը, եթէ որեւէ բան մոռնայ, ատիկա կը դառնայ պզտիկ, բայց կարեւոր դաս մը` յաջորդին աւելի ուշադիր ըլլալու համար:

Բ.- Երեխան ունակ է նաեւ պատրաստելու իր մարզանքի պայուսակը, իսկ մարզանքէն վերադարձին զայն պարպելու եւ աղտոտ իրերը զամբիւղին մէջ դնելու: Պահանջեցէք, որ ընէ:

Գ.- Քաջալերեցէք, որ երեխան ինքնուրոյն լարէ զարթուցիչը. այդպէսով կը հասկնայ, որ առաւօտեան արթննալն ու պատրաստուիլը իր պատասխանատուութիւնն է:

Դ.- Ձգեցէք, որ երեխան ինքուրոյն յարդարէ իր անկողինն ու կոկէ սենեակը եւ ապա նախաճաշէ:

Երբ դուք կը վստահիք ձեր երեխային եւ չէք փորձեր ամէն բան իր փոխարէն ընել, ան կը սորվի իր ուժերուն վստահիլ եւ ինքնաբաւ դառնալ:

Ինքնուրոյնութիւն սորվեցնելով` դուք մեծագոյն նուէրը կ՛ընէք ձեր երեխային:

Առողջապահական

 Սուրճէն Ամբողջովին
Հրաժարելու Հետեւանքները

Սննդագէտներու կարծիքով, սուրճէն կտրուկ եւ ամբողջական հրաժարումը կրնայ յանգեցնել առողջութեան վատթարացման: Այսպէս, առաջին քանի մը օրերուն կրնայ յառաջանալ գլխացաւ, քնկոտութիւն, դիւրագրգռութիւն, կեդրոնացումի նուազում եւ ստամոքս-աղիքային խանգարումներ: Այս ախտանիշները սովորաբար կը շարունակուին չորսէն հինգ օր, յետոյ աստիճանաբար կ՛անհետանան:

Սննդագէտները կ՛ընդգծեն, որ սուրճէն հրաժարիլը կրնայ օգտակար ըլլալ ժամանակի ընթացքին: Անոնց կարծիքով, քունը կը բարելաւուի, անհանգստութիւնը կը նուազի, տրամադրութիւնը կը կարգաւորուի, երբեմն նոյնիսկ կը կայունանայ արեան ճնշումը:

Առաւօտեան Ամենավնասակար Սովորութիւնները

Հորմոնային առողջութեան մասնագէտ Մայք Կոցիսի կարծիքով, առաւօտեան ամենավնասակար սովորութիւնները արթննալէ անմիջապէս ետք զարթուցիչի զանգը անընդհատ յետաձգելն ու հեռախօսով լուրեր կամ հաղորդագրութիւններ ստուգելն է: Մասնագէտին կարծիքով, այս գործողութիւնները հորմոնային ընկճախտ կը պատճառեն եւ կը խաթարեն մարմնին բնական կշռոյթը:

Կոցիս նաեւ կը զգուշացնէ օրը սուրճով սկսելէ կամ նախաճաշէ հրաժարելէ, քանի որ այս սխալ սովորութիւնները յոգնածութիւն կը պատճառեն եւ թոյլ չեն տար լիարժէք դիմակայելու օրուան մարտահրաւէրները:

Ոսկորները Քայքայող Մթերքներ

Մենք յաճախ կը խօսինք այն մասին, թէ ինչ ուտել մեր ոսկորներու առողջութիւնը ամրապնդելու համար, բայց աւելի քիչ` այն մասին, թէ ինչը սահմանափակել: Մինչդեռ կան մթերքներ, որոնք կ՛արագացնեն կիրի կորուստը մարմնէն եւ կը յանգեցնեն ոսկորներու փխրունութեան: Յիշենք, որ մինչեւ 25-30 տարեկան մարմնին մէջ ոսկորային հիւսուածքի աշխուժ աճ տեղի կ՛ունենայ, իսկ յետոյ դանդաղօրէն կը սկսի նուազելու: Ստորեւ` ոսկորները քայքայող մթերքները.

 Ա.- ԱՂԸ, որ նաեւ առկայ է չիփսի, կարգ մը պանիրներու, արագ սնունդի եւ խոզապուխտներու մէջ: Խորհուրդ կը տրուի չափաւորել ասոնց սպառումը:
Բ.- ԿԱԶԱՒՈՐՈՒԱԾ ԸՄՊԵԼԻՔՆԵՐԸ
Գ.- ՔԱՖԷԻՆԸ, որ առկայ է սուրճին, թունդ սեւ թէյին եւ energetic խմիչքներուն մէջ:
Դ.- ԱԼՔՈԼԸ. բաւարարուիլ օրական մէկ բաժակով եւ շաբթուան ընթացքին ունենալ ալքոլէն զերծ քանի մը օրեր:
Ե.- ՅԱԳԵՑԱԾ ՃԱՐՊԵՐ, որոնք առկայ են տապկուած սնունդի, արդիւնաբերական խմորեղէններու եւ մարկարինի որոշ տեսակներու մէջ: Ասոնք կը նուազեցնեն ոսկրային խտութիւնը եւ բորբոքումներ կ՛առաջացնեն:

Խոհագիր

 Աւոքատոյով Հումմոս

Բաղադրիչներ

2 հասուն աւոքատօ
1 տուփ պահածոյ խաշած սիսեռ
2 պճեղ սխտոր
1 հիւթեղ կիտրոն
1 ապուր դգալ թահին
Ձիթապտուղի ձէթ, կարմիր փոշի պղպեղ, մանրուած ազատքեղ (զարդարանքի համար)
Աղ եւ քիմիոն` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Հարիչէ անցնել կեղուըւած աւոքատոները, սիսեռը, սխտորն ու թահինը:

Մածուկը փոխադրել փոս ամանի մը մէջ, աւելցնել կիտրոնի հիւթը, աղն ու փոշի քիմիոնը եւ լաւ խառնել:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել ստացուած թանձրուկը եւ զարդարել ըստ ճաշակի` կարմիր փոշի պղպեղով, ազատքեղով, սիսեռի հատիկներով, ձէթով…

*
* *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես լաց չեղայ քեզ համար,
Երկի՛ր,
որովհետեւ
ինձ ասել են, որ դու երբեք չես մահանում.
այդ մենք ենք
մահանում քեզ լքելու պահին…
Քո գրկում հիմա հազարաւոր կեանքեր են,
հողի տակ, ոչ թէ հողի վրայ.
հողդ բաբախում է
լքուած գիւղերի ու քաղաքների
սպասող մարմնում…
Ոչ ոք չի կարող սպաննել սիրտը,
որը մէկինը չէ, այլ հազարներին…
Քեզ խաչեցին
աշխարհը աշխարհից զատող կամրջին
ու ասացին, որ դու յարութիւն չես առնի.
երեւի նոյնն էին մտածում
Աստծոյ որդուն խաչողները…
Երանի նրանց, որ չեն տեսնում,
Բայց հաւատում են քո յարութեանը…
Սա քո կարապի երգը չէ,
քո երգերը արծիւների մասին են,
քո արագիլները դեռ հետ կը գան,
որ պատմեն արծիւների երգը…

 ՀԵՐՄԻՆԷ

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը
Կնոջական

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը

November 12, 2026
Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան
Կնոջական

Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան

November 5, 2026
Տարածուած 8 Սխալ Պատկերացումներ Քունի Մասին
Կնոջական

Տարածուած 8 Սխալ Պատկերացումներ Քունի Մասին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.