Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուիրեալ Ու Հաւատարիմ ԼՕԽ-ական Լոռի Կէօքճեանի Յիշատակին

February 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խոր վիշտով,  բայց նաեւ խոր յարգանքով վերջին հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի ու յարգարժան ընկերուհիին` Լոռի Կէօքճեանին, որ իր վաստակաշատ կեանքով անջնջելի հետք ձգեց իր ընտանիքին եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին մէջ:

Ծնած էր 6 մարտ 1969-ին, հայկական Քեսապի Չաքալճոխ գիւղին մէջ, այն հայրենի հողին վրայ, ուր հայ ընտանիքը,  հաւատքը եւ ազգային արժէքները սրբութեամբ պահուած են սերունդէ սերունդ: Իր կեանքի ընթացքին միշտ անոր ընկերակցեցան այդ արժէքները ` համեստութիւն , աշխատասիրութիւն ու ծառայութեան ոգի: 1991 թուականին ամուսնանալէ ետք Այնճարի զաւակ Վարդան Կէօքճեանին հետ, հաստատուեցաւ Այնճար, որ դարձաւ իր երկրորդ տունը եւ իր նուիրումի լայն դաշտը:

1995-ին Լոռի Կէօքճեան  մուտք գործեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ եւ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին հաստատեց իր ներկայութիւնը` իբրեւ գործօն անդամ, վստահելի եւ նուիրեալ ԼՕԽ-ական: Տարիներ շարունակ ծառայեց ԼՕԽ-ի տարբեր բնագաւառներուն մէջ, եղաւ մասնաճիւղի վարչական եւ վարչութեան հաշուապահ, գործեց դարմանատան եւ ընկերային յանձնախումբերուն մէջ, իսկ 2015-ին կեդրոնի շինարարական յանձնախումբին մէջ իր գործօն մասնակցութիւնն ու ներդրումը դարձան մնայուն վկայութիւն` իր կազմակերպչական կարողութիւններուն եւ անձուրաց աշխատանքին:

Ան երկար տարիներ եղաւ նաեւ ԼՕխ-ի Շրջանային վարչութեան հաշուեքննիչ յանձնախումբի անդամ` իր պարտականութիւնները կատարելով խղճմտանքով, ճշգրտութեամբ եւ բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Իր ստանձնած իւրաքանչիւր գործ կատարեց ոչ թէ պարտադրանքով, այլ` սիրով, հաւատքով ու այն խոր համոզումով, որ ծառայութիւնը առաքելութիւն է եւ վայել է միայն առաքինի մարդոց:

Բայց այս բոլոր արժանիքներուն կողքին, Լոռի Կէօքճեան տիպար ու կոկիկ տանտիկին էր եւ նուիրեալ մայր` իր երկու զաւակներուն ` Ալինին եւ Արտակին: Իր ընտանիքը եղաւ իր կեանքի ամուր սիւնը , իսկ վերջին տարին ան մեծ երջանկութիւն ապրեցաւ ` տեսնելով ու գրկելով իր զոյգ թոռները, որոնք այսօր մէկ տարեկան են արդէն: Այդ ուրախութիւնը լոյս եղաւ իր կեանքի վերջին շրջանին:

Ինը երկար տարիներ ան դիմագրաւեց անողոք հիւանդութիւնը` աննկուն կամքով, խոր հաւատքով եւ մնայուն լաւատեսութեամբ: Իր պայքարը եղաւ լուռ, բայց` հերոսական: Ան երբեք չբողոքեց, չտկարացաւ, այլ մնաց օրինակելի` ուժեղ ոգիով ու խաղաղ հոգիով, վստահ ըլլալով Աստուծոյ կամքին:

Բոլորս կը յիշենք, որ ճիշդ քառասուն օրեր առաջ` 21 նոյեմբեր 2025-ին , վարչութեան կազմակերպած Տոհմիկ երեկոյին ան ներկայ էր, թէկուզ ֆիզիքապէս քայքայուած, բայց ներքնապէս` նոյն հզօր կամքով:

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անդամներուն անունով մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք` անոր ընտանիքին, ամուսնոյն, զաւակներուն, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սիրեցին ու գնահատեցին զինք: Միաժամանակ կը խոնարհինք իր լուսաւոր լիշատակին առջեւ` իբրեւ երախտագիտութիւն իր  նուիրեալ ծառայութեան եւ վաստակաշատ կեանքին համար:

Թող իր ապրած կեանքը, իր նուիրումը եւ իր անսասան հաւատքը մնան մեզի համար մնայուն օրինակ ու ներշնչում:

Թող Ամենակալ Տէր Աստուած ընդունի իր արդար հոգին, եւ թող իր յիշատակը օրհնեալ ու յաւերժ մնայ անմոռանալի:

Խունկ ու մոմ` իր յիշատակին:

ԼՕԽ-ի «ԱՂԹԱՄԱՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

* Դամբանական` արտասանուած Լոռի Կէօքճեանի յուղարկաւորութեան` 2 Յունուար 2026-ին:

Նախորդը

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը Իտալիոյ Մէջ

Յաջորդը

Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Նոր Մրցանակի Կը Տիրանայ

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.