Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անցեալի առասպելական հերոսներու կամ առասպելանման անձերու մասին վաւերագրական եւ հեքիաթային նիւթերը միշտ ալ հետաքրքրական եղած են: Մանաւանդ արուեստագէտները, թափ տալով իրենց երեւակայութեան, արժէքաւոր գործեր ստեղծագործած են: Հնագէտներ միշտ ձգտած են այդպիսի անձերու հետքեր յայտնաբերել: «Լայվ Սայընս» վերջերս հրատարակած է Հերակլեսի առնչուած յօդուած մը:

Ն.

Ի՞նչ պահած են հին Հռոմի արուարձանները
2400 տարի շարունակ

 

Երկու դամբարանները թուագրուած են Հռոմի հանրապետութեան ժամանակներուն եւ յայտնաբերուած են քաղաքի հիւսիսարեւելեան Վիա Պիետրալատա ճամբուն մօտակայքը:

Հնագէտները ժամանակակից Հռոմի հիւսիսարեւելեան արուարձաններուն մէջ` Վիա Պիետրալատայի մօտ, յայտնաբերած են հին համալիր մը: Այդ կը ներառէ, հաւանաբար, Հերակլէսին նուիրուած սրբավայր եւ ազնուական հին հռոմէական ընտանիքի անդամներու երկու շիրիմ, որոնք կը  թուագրուին աւելի քան 2400 տարի առաջ:

Այս գտածոները թուագրուած են Հռոմէական հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, երբ Հռոմը դեռ կայսրութիւն չէր դարձած եւ տարածքը ինքնին հին քաղաքի պարիսպներէն դուրս էր, բայց այժմ ներառուած է քաղաքի սահմաններուն մէջ:

Դամբարանները համալիրի մը մաս կը կազմէին եւ մօտ էին այդ տարածքին, ուր հնագէտներու կարծիքով, կանգնած էր հերոս Հերակլէսին նուիրուած պաշտամունքային կառոյց` կիսաստուած, որուն հռոմէացիները կ՛երկրպագէին որպէս ուժի եւ պաշտպանութեան խորհրդանիշ:

Պեղումներու շնորհիւ` նոյնպէս յայտնաբերուած են հին ճամբու հատուած մը եւ երկու մեծ քարէ ջրամբարներ կամ աւազաններ, որոնք, հնարաւոր է, գործածուած են կրօնական արարողութիւններու ընթացքին:

Այստեղ պեղումները սկսած են 2022 թուականին` պետական հնագէտ Ֆապրիցիօ Սանտիի ղեկավարութեամբ, թէեւ հին բնակավայրի առաջին վկայութիւնները յայտնաբերուած են տակաւին 1990-ական թուականներուն:

Գտածոներու մէջ են պրոնզէ մետաղադրամներ, որոնք սրբավայրի գործածութիւնը կը թուագրեն մօտաւորապէս 5-4-րդ դարերէն մինչեւ ՆՔ Ա. դարը, այսինքն` վաղ հանրապետութեան ժամանակներէն մինչեւ այն ժամանակաշրջանը, երբ Հռոմը արդէն կայսրութիւն էր:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդած են Հերակլէսի վեց արձանիկներու յայտնաբերման մասին, սակայն Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնները չեն հաստատեր նման գտածոները: Սրբավայրը ժամանակ մը ունեցած է կեդրոնական արձան, բայց այդ չէ պահպանուած:

Շիրիմներէն մէկը կը պարունակէ քարէ դամբան մը եւ երեք սափոր, որոնք կը պարունակեն դիակիզուած մնացորդներու մոխիր, այլ գերեզմանի մը մէջ յայտնաբերուած է չափահաս տղամարդու մը կմախք:

Դամբարանները կը գտնուին սրբավայրի մը մօտ, որ հնագէտներու կարծիքով նուիրուած էր աստուածացուած յոյն հերոս Հերակլեսին:

Այս շիրիմները հաւանաբար պատկանած են շրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող հարուստ հռոմէական ընտանիքի մը:

Դամբարաններէն դար մը ետք կառուցուած են երկու մեծ ջրամբարներ. անոնցմէ մէկը գրեթէ 28 մեթր երկարութիւն ունի, եւ երկուքն ալ կրնային դեր խաղալ ծիսական գործունէութեան մէջ, կամ ունեցած են այլ սրբազան գործառոյթ, որ տակաւին  պարզելու կարիք կայ հետագայ հետազօտութիւններու միջոցով:

«Այս գտածոներով Հռոմի արուարձանները «պարզուած են որպէս խոր յիշողութիւններու պահոցներ, որոնք դեռ պէտք է ուսումնասիրուին», ըսած է Հռոմի գլխաւոր կառավարական հնագէտ Տանիելլա Պորօ:

Պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած երկու մեծ ջրամբարները, հնարաւոր է, սրբազան նշանակութիւն ունեցած են:

Հին բնակիչներ

Սանտի ըսած է, որ դամբարանները կրնան վկայել այն մասին, որ տարածքը բնակեցուած էր հարուստ ընտանեկան խումբի մը կողմէ, որ յայտնի է որպէս հռոմէական ցեղ:

Երկու քարէ աւազանները կամ ջրամբարները կառուցուած են դամբարաններէն աւելի քան 100 տարի ուշ: Ամէնէն մեծը աւելի քան 28 մեթր երկարութիւնը, 10 մեթր լայնք եւ 2 մեթր խորութիւն ունէր: Միւսը քիչ մը աւելի փոքր էր, բայց` գրեթէ կրկնակի խորունկ:

«Անոնք կրնան ըլլալ ծիսական կամ, աւելի քիչ հաւանական է, արտադրական գործունէութեան կապուած կառոյցներ կամ ջուրի հաւաքման կապուած իրեր», ըսաւ Սանտի: «Համապարփակ գիտական ուսումնասիրութիւնը թոյլ կու տայ մեզի ծիրի մը մէջ դնել այս գտածոները եւ հասկնալ անոնց դերը»:

Ան ըսաւ, որ հին ճամբան այդ վայրի կարեւորագոյն տարրն էր: Այդ կը տանէր դէպի փոքրիկ պաշտամունքային շէնք մը, որ կը կոչուէր sacellum (լատիներէն` «սրբավայր»), որ նուիրուած էր աստուծոյ` հաւանաբար աստուածացուած հերոս Հերակլէսին, որուն պաշտամունքը տարածուած էր այդ շրջանին մէջ:

Հերքիւլը յոյն հերոս Հերակլէեսի  հռոմէական տարբերակն էր, որ ինչպէս կ՛ըսէին, Զեւս աստուծոյ (հռոմէացիներու` Jupiter) եւ մահկանացու Ալքմենէի որդին էր:

Ան առասպելական էր անհաւանական ուժին համար, եւ անոր պաշտամունքը որպէս պաշտպանութեան եւ առաքինութեան խորհրդանիշ` լայնօրէն տարածուած էր Հռոմի մէջ դարեր շարունակ:

 

Իրաքի Հնագոյն Մեծ Քաղաքին Մէջ Յայտնաբերուած Է
Հերակլէսին Եւ Աղեքսանդր Մակեդոնացիին Կապուած  Տաճար

Հնագէտները Իրաքի Կիրսու մեծագոյն քաղաքին մէջ յայտնաբերած են երկու տաճար` մէկը միւսին վրայ թաղուած: Տաճարներէն մէկը կապուած է Հերակլէսին եւ Աղեքսանդր Մակեդոնացիին:

Աւելի նոր, հելլենական տաճարը թուագրուած է ՔԱ Դ. դարով եւ կրնայ կապուած ըլլալ Աղեքսանդր Մակեդոնացիին:

Տաճարին մէջ կար թրծուած աղիւս` արամերէն եւ յունարէն արձանագրութեամբ, որ կը վերաբերէր «երկու եղբայր տուողին»` հնարաւոր յղում Մակեդոնիոյ թագաւորին, որ նուաճած էր յայտնի աշխարհի մեծ մասը իր 13-ամեայ գահակալութեան ընթացքին` ՔԱ 336- 323 թուականներուն:

Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանի հնագէտները յայտնաբերած են աւելի հին տաճար մը` պեղումներ կատարելով Կիրսուի մէջ, շումերական քաղաք մը, որ հիմա յայտնի է որպէս Թելլօ, որ կը գտնուի Իրաքի հարաւ-արեւելքը:

Պեղումները թանգարանին կողմէ իրականացուող «Կիրսու նախագիծ» անունով շարունակական ձեռնարկութեան մէկ մասն են, որոնք կը կեդրոնանան քաղաքի հնագոյն պատմութեան մասին աւելին գիտնալու վրայ:

«Աւելի հին, շումերական տաճարի մնացորդները յայտնաբերուած  են թաղուած ճիշդ նոյն տեղը, բան մը, որ  աւելի նոր կառոյցը`  նուիրուած «յունական Հերակլէսին եւ անոր շումերական համարժէքին` հերոս աստուծոյ Նինկիրսուին (յայտնի է նաեւ` որպէս Նինուրտա)», ըսած է Բրիտանական թանգարանի Հին Միջագետքի հնագէտ եւ պահապան Ս. Ռէյ, որ ղեկավարած է պեղումները:

Հետազօտողները նշած են, թէ այն փաստը, որ տաճարը կառուցուած է նոյն տեղը, ուր մէկը կանգնած էր 1500 տարի առաջ, պատահականութիւն չէ, վայրը հաւանաբար նշանակութիւն մը  ունեցած է Միջագետքի  ժողովուրդին համար:

«Այդ ցոյց կու տայ, որ ՔԱ չորրորդ դարուն Բաբելոնի բնակիչները լայնածաւալ գիտելիքներ ունէին իրենց պատմութեան մասին,- ըսաւ Ռէյ,- «Շումերներու ժառանգութիւնը տակաւին շատ կենսունակ էր»:

Երկակի տաճարի տարածքը ուսումնասիրելով` հնագէտները յայտնաբերած են արծաթէ տրախմա (հին յունական մետաղադրամ), որ թաղուած էր զոհասեղանի կամ սրբավայրի տակ, ինչպէս նաեւ աղիւս` երկու եղբայրներու արձանագրութեամբ:

«Արձանագրութիւնը շատ հետաքրքրական է, քանի որ այդ կը յիշատակէ յունարէնով եւ արամերէնով գրուած առեղծուածային բաբելոնական անուն,- ըսաւ Ռէյ,- Ադադնադինախէ անունը, որ կը նշանակէ «Ադադ, եղբայրներ տուող», ակներեւ ընտրուած է որպէս ծիսական տիտղոս` իր հինցած տօնի եւ խորհրդանշական իմաստին պատճառով: Բոլոր ապացոյցները կը վկայեն այն մասին, որ անունը արտակարգօրէն հազուագիւտ էր»:

«Գրութիւնը ինքնին ակնարկ է յունական աստուածներու հայր Զեւսին, որ յաճախ կը խորհրդանշուի կայծակով եւ արծիւով: Այս երկու խորհրդանիշներն ալ կարելի է գտնել մետաղադրամի վրայ, որ հաւանաբար կտրուած է Բաբելոնի մէջ Աղեքսանդր Մակեդոնացիի իշխանութեան օրօք,- ըսաւ Ռէյը: – Այդ կը պատկերէ Հերակլէսը երիտասարդ, մաքուր սափրուած դիմանկարով, որ ուժեղ կերպով կը յիշեցնէ Աղեքսանդրի աւանդական պատկերները մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ Զեւսը»:

Ռէյ նաեւ ըսած է, որ Զեւսը «ակներեւ Աղեքսանդրը ճանչցաւ որպէս իր որդին` Ամմոնի գուշակութեան միջոցով:

«Ան բառացի դարձաւ «եղբայրներ տուող», քանի որ հաստատեց Աղեքսանդրի եւ Հերակլէսի միջեւ եղբայրական կապը»:

Սակայն հետազօտողները տակաւին չեն գիտեր, թէ արդեօ՞ք մակեդոնացի թագաւորը իրականութեան մէջ այցելած է այդ վայրը:

«Սակայն ան, հնարաւոր է, կարելիութիւն ունեցած է այնտեղ երթալու` կա՛մ Բաբելոնի մէջ գտնուելու ընթացքին, կա՛մ Սուսա քաղաք երթալու ճամբուն վրայ, շրջանցիկ ուղի մը ընտրելով,- ըսաւ ան: – Նշանակալից է, որ ան կարողացած է վճարել իր զինուորներուն Բաբելոնը գրաւելէ ետք, քանի որ քաղաքի գանձարանը յանձնուած էր անոր: Այս կը նշանակէր, որ Աղեքսանդր եւ անոր զօրավարները կը վերահսկէին շրջանի հարստութիւնը եւ անոնք, ենթադրաբար, օգտագործած են բաբելոնական արծաթը` քաղաքին մէջ կտրուող բազմաթիւ մետաղադրամներ պատրաստելու»:

Այդ իրերէն բացի` հետազօտողները յայտնաբերած են նաեւ պատերազմէն ետք սովորաբար մատուցուող զոհաբերութիւններ, ինչպէս` զինուորներու կաւէ արձանիկներ:

«Յայտնաբերուած արձանիկները, որոնք կը ծագին հելլենական աշխարհի տարբեր վայրերէ, բազմաթիւ պարագաներու տաճար տարուած են այցելուներու կողմէ: «Անոնցմէ են մակեդոնացի ձիաւորները, որոնք ուժեղ կապ ունին Աղեքսանդրի հետ: Բայց եւ այնպէս, անոնք կրնան կապուած ըլլալ ռազմական հերոսութեան պաշտամունքին», ըսաւ ան:

«Սրբավայրին մէջ աղեքսանդրեան ներկայութեան յստակ նշաններու հետ, այս առաջ կը մղէ հետաքրքրական հնարաւորութիւն, որ Աղեքսանդրը անմիջական եւ գործուն դերակատարութիւն ունեցած տաճարի վերականգնման գործին մէջ, կամ որ` այն ներառած է մահացած Մակեդոնացիի յիշատակին նուիրուած յուշարձան անոր վաղաժամ մահէն ետք», եզրափակեց Ռէյ:

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 45-րդ Հատորի Երկրորդ Գիրքը

Յաջորդը

Արամ Մանուկեան. Կենդանի Քաղաքական Ուղեցոյցն Ու Պետականութեան Չափանիշը

RelatedPosts

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով
Մշակութային եւ Այլազան

Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով

November 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.