Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը անշուշտ առիթ է մեր զինեալ ուժերէն սահմանները պահպանող միաւորին դերակատարութիւնը արժանապէս գնահատելու եւ անոր անփոխարինելի ու հայրենիքի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովող գործառոյթի նշանակութիւնը հերթական անգամ լոյսին բերելու:
Բանակի օրուան առիթով վարչապետին հրապարակած ուղերձի հետեւեալ բաժինը լուսարձակի տակ պէտք է բերել եւ հետագայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարել:
Եւ այսպէս.
«Բանակի զարգացումը շարունակաբար ընթանալու է, որովհետեւ բանակը պետութեան կարեւորագոյն հաստատութիւններից է, եւ չափազանց կարեւոր է ունենալ ուժեղ, պաշտպանունակ բանակ` ապագայի պայմանական սպառնալիքները դիմակայելու համար, այն դէպքերում, երբ դիւանագիտութիւնը ի վիճակի չի լինի դա անել»:
Այսօրուան իրականութեան պայմանները եթէ նկատի չունենանք, ապա այս հաստատումը իբրեւ օրինաչափ տեսութիւն կարելի էր տրամաբանականօրէն ընկալել: Սակայն կայ իրականութիւն` ներխուժուած տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ: Կայ գրաւեալ տարածք Ազրպէյճանի կողմէ:
Այս իրականութեան մասին ուղերձին մէջ կայ ակնարկ:
«Ինչ վերաբերում է ՀՀ գրաւուած տարածքներին, այդ հարցի լուծման բանաձեւը, որն արձանագրուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան կանոնակարգին մէջ, արդէն իրաւական բարձրագոյն ուժ ունի երկու երկրներում եւ խնդիրը կը լուծուի սահմանազատման գործընթացում»:
Նախ, խնդրի լուծման մասին այսպիսի հաստատում կատարելը հեռու է համոզիչ ըլլալէ, մանաւանդ որ գործ ունինք ներխուժուած տարածքներէն բացի, այլ հայաստանապատկան տարածքներու նկատմամբ նկրտումներ ունեցող պետութեան հետ:
Երկրորդ, օրուան պայմաններուն մէջ առիթաւորուելու եւ ռազմագիտական առումով յատուկ նշանակութիւն ունեցող նոր դիրքեր գրաւելու նպատակը սահմանազատման գործընթացին ենթադրեալ զիջումներ տրամադրելու դիմաց այլ տարածքներ պահանջելն է:
Եւ երբ այս բոլորը տակաւին չեն վճռուած, անվերջ յղում ընելը Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ ատով իսկ տարածքային ամբողջականութեան թուանշաններ ճշդելը խիստ տարակուսելի կը դարձնէ ամբողջականութեան հասկացողութիւնը:
Աւելի սուր խնդիրը սակայն այն է, որ խաղաղութեան պայմանագիրի փաստաթուղթը նախաստորագրուած է: Այնտեղ արձանագրուած է` Յօդուած Ա.
«Հաստատելով, որ նախկին ԽՍՀՄ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների միջեւ սահմանները դարձել են համապատասխան անկախ պետութիւնների միջազգային սահմանները եւ որպէս այդպիսին ճանաչուել են միջազգային հանրութեան կողմից` կողմերը ճանաչում են եւ կը յարգեն միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը»:
Արձանագրութիւնն ու իրականութիւնը հակասական են: Ազրպէյճան կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը` խախտելով զայն կամ ներխուժելով ինքնիշխան տարածքներ:
Այս փաստն է, որ վարչապետը պիտի մղէր խօսիլ բանակի ոչ թէ ապագայի տեսական գործառոյթին, այլ այս առիթով տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու առաջնային խնդիրին մասին: Ընդգծելու, որ խաղաղութեան պայմանագիր կարելի չէ ստորագրել առանց ինքնիշխան տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու: Այլապէս ոչինչ կը խանգարէ, որ նախաստորագրուած տարբերակին նման ստորագրուի պայմանագիրը, ներխուժուած տարածքներով` յուսալով, որ սահմանազատման անժամկէտ գործընթացը օրին մէկը հեռացնէ ազրպէյճանական ուժերը հայաստանապատկան տարածքներէ:
Ո՛չ ուղերձներու մէջ` այս հիմնական խնդիրի շրջանցումով, ո՛չ ալ ամէն առիթի Ալմա Աթան վկայակոչելով այս հիմնահարցին լուծում կարելի է բերել: Չեն կրնար նաեւ բերել իրողական խաղաղութիւն, որուն գլխաւոր երաշխաւորը կը շարունակէ մնալ հայոց բանակը:



