Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր առաջին լուրջ մրցումը կատարեց այս տարեշրջանին եւ կրցաւ 84-81 արդիւնքով յաղթել Անթունիէի դաշտին վրայ` Ազուրի դէմ մրցումին:
Ազուրի հետ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ ամերիկացի Սապրինա Հէյնզ, բայց պէտք է ըսել, որ Էլիսա Կրիսեթ ինք էր մրցումին աստղը` նշանակելով 25 կէտ եւ ձեռք ձգելով 8 ռիպաունտ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը ունեցաւ Ամար Մանսուր իր նախկին խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ-ի հնգեակը լաւ սկսելով հանդերձ քիչ մը արագ ֆաուլեր կատարեց, Փերլա Պու Նասր կանուխ դուրս եկաւ դաշտէն եւ չկրցաւ մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ:
Առաջին մասին 18-27 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները շարունակեցին իրենց յաջող ընթացքը եւ մինչեւ կիսախաղ 36-47 արդիւնքով յառաջացան: Պէտք է ըսել, որ պահ մըն ալ 15 կէտի բարձրացած էր տարբերութիւնը:
Գ. մասին, Ազուրի իտալացի մարզիչ Սանտրօ Օրլանտօ ըստ երեւոյթին գտած էր որոշ տկար կէտեր, եւ լրջօրէն աշխատեցաւ անոնց վրայ, եւ Ազուր յաջողեցաւ ոչ միայն հասնիլ ՀՄԸՄ-ին, այլեւ կրցաւ նոյնիսկ զայն անցնիլ մէկ կէտով ալ մինչեւ Գ. մասին աւարտը (62-61): Հերթը եկաւ Միքայէլ Միքայէլեանին, որ 4-րդ մասին աւելի խիստ էր, եւ գիտնալով մեր մարզիկներուն կարողութիւնը, ճնշեց անոնց վրայ եւ այդ ճնշումին շնորհիւ կրցաւ առաջ անցնիլ 62-68 արդիւնքով` 2 վայրկեաններու ընթացքին: ՀՄԸՄ-ի հարցը ռիպաունտն էր, մանաւանդ որ մրցակիցը ունէր աւելի բարձրահասակ մարզիկներ:
Ուիլիամս, Մանսուր, Պու Նասր եւ Պէյքըր կարեւոր կէտեր նշանակելով կրցան նոյն պահուն զսպել Ազուրի յարձակումները եւ մրցումը աւարտել 81-84 արդիւնքով:
Էնճըլ Պէյքըր, որ միջին հաշուով 20 կէտ կը նշանակէր, 26 կէտ ձեռք ձգեց այս մրցումին, բայց միայն 4 էսիսթ ձեռք ձգեց: Լատաժիա Ուիլիամս մօտ 18 կէտ կը նշանակէր միջին հաշուով, շաբաթ օր 25 կէտ նշանակեց եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ամար Մանսուր 11 կէտ նշանակեց եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց: 11 կէտեր նշանակեց նաեւ Ռիմ Ղալի` 7 ռիպաունտներու կողքին:
9 կէտեր նշանակեց Մեղրի Թորոսեան, մինչ Փերլա 2 կէտ նշանակեց: Ազուրի օտար մարզիկները` Կրիսեթ եւ Հէյնզ յաջորդաբար նշանակեցին 25 եւ 14 կէտեր: Հէյնզ 4 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: Լաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Զէյնա Էլիաս (14 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Թինա Ռաֆֆուլ, որ 11 կէտ ձեռք ձգեց:
Վաղը ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մըզհերի մէջ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկը, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:


