Հայ ըմբիշ Հայկ Մնացականեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ Պուլկարիոյ 82 քկ կշիռի կարգի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեան:
Աւարտականին Մնացականեան 9-1 արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ արձանագրեց Սվեթոսլաւ Նիքոլովի դէմ: Այս կշիռի կարգին մէջ 26 ըմբիշներ մասնակցեցան, ուր Հայկ իր 5 մենամարտերէն 4-ը ժամանակէն առաջ աւարտեց` ցուցադրելով բարձր մակարդակ եւ գերազանց ուժ իր մրցակիցներուն նկատմամբ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան չմասնակցեցան պուլկարահայ ըմբիշներ Էտմոնտ եւ Կրիշա Նազարեան եղբայրները, որոնք պատմական ըմբիշ Արմէն Նազարեանի զաւակներն են: Արմէն Նազարեան 1996-ին Հայաստանի դրօշին տակ դարձած էր Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր` 52 քկ կշիռի կարգին մէջ, իսկ 2000-ի Ողիմպիականին Պուլկարիոյ դրօշին տակ ոսկի մետալակիր` 58 քկ կշիռի կարգին մէջ:


