ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
Ճանապարհին,
երբ վեր առի պանդուխտի դէմքս անբառ,
արագիլի թափուր բոյն մը կը մնար
ծառի անհաս կատարին:
Միտքս պարզած հեռուներուն կը խորհէի.
օրն անաղմուկ
երեկոյեան շուքի նման կ՛ահետանար:
Ճանապարհի վերջակէտին`
հօրենական մեր տունը կար
Իր երկինքով, արեգակով
եւ ծառ առ ծառ շարամանուած
Եդեմական իր պարտէզով,
իսկ տան շեմին`
ամբողջ գիշեր
լուսատենչիկ առուակի մը կարկաչը կար…
Երբ փոքր էինք`
կը պնդէինք,
թէ Դրախտը երկինքի մէջ կը գտնուէր:


