Խմբային խաղերու մէջ կրնաս լաւ խումբեր ունենալ, բայց ժամանակաշրջան մը կրնայ գալ, երբ արդիւնքները կրնան ժխտական ըլլալ: Այդ պարագային պատասխանատու մարմինը, յանձնախումբը, վարչութիւնը բնականաբար օրուան մարզիչէն կը սպասեն բացատրութիւն, զեկուցում: Այդ բոլորէն ետք ճիշդ պահուն պատասխանատու այդ կառոյցը կրնայ որոշում տալ` փոխե՞լ, թէ՞ պահել մարզիչը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբին պարագային այդ եղաւ, եւ մարզիչը ճիշդ պահուն փոխելու որոշումը տրուեցաւ: Թէ ճիշդ էր կամ սխալ այս որոշումը, շաբաթ օր տեսանք, որ անիկա դրական ազդած է, մանաւանդ որ գրեթէ նոյն մարզիկները աւելի «ազատ» եւ հանգիստ ֆութպոլ կը խաղային, եւ արդիւնքն ալ տեսանք (4-1): Պասքեթպոլի գծով պարագան նոյնը չէ ըստ երեւոյթին, մանաւանդ որ բարձր մակարդակի խումբեր կան, որոնք անակնկալ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն մեծ մասամբ օտար թէ տեղացի երիտասարդ մարզիկներու հետ:
Հուփս, որ ՀՄԸՄ-ին յաղթած էր, կը յաղթէ Սաժեսին, Սանթրալ, որ ամբողջական պասքեթպոլ կը խաղար, 21 կէտի առաւելութիւն ունէր Պէյրութ Ֆըրսթի վրայ, բայց վերջին մասին Պէյրութ շրջեց արդիւնքը եւ խլեց յաղթանակը: Թերեւս օտար մը փոխելը կրնայ փոփոխութիւն եւ նոր շունչ մտցնել խումբին մէջ եւ ամէն ինչ վերադարձնել բնական գիծին:



