«Մէկ խումբը արհեստականօրէն առանձնացնելը, անոր որոշակի առաջնահերթութիւն տալը եւ մնացեալ բոլորը ամբողջովին անտեսելը փորձ է խաղալու Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի այն խումբերու շահերուն հետ, որոնք տակաւին կը խօսին վրէժխնդրութեան եւ վրէժխնդրական տրամադրութիւններու մասին: Նման ձեւակերպումները կը ներկայացուին իբրեւ կարիքաւորներու համար մտահոգութիւն, սակայն իրականութեան մէջ անոնք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապէն ետք կարգաւորման օրակարգին կ՛աւելցնեն բաղադրիչներ, որոնք ոչ թէ զանոնք կը մօտեցնեն, այլ իրարմէ աւելի կը հեռացնեն», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Թոֆիք Զուլֆուղարով:
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան փաստաթուղթին հետ առնչուած կը ծագին երկու հիմնական հարցեր.
«Առաջինը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ այս փաստաթուղթին վրայ աշխատողները որքանո՞վ գործած են պետութեան ղեկավարի հրահանգներուն համապատասխան: Եւ երկրորդ, ինչո՞ւ եւրոպական կառոյցներու որոշակի շրջանակներ, որոնք պէտք է լաւ պատկերացում ունենային այս հարցերուն մասին, հետեւած են օրինակին հայ ներկայացուցիչներու, որոնք կը փորձեն այս տագնապին առնչուած հետեւանքները կամ խնդիրները այս կերպ ներկայացնել», նշած է Զուլֆուղարով:
«Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն փաստաթուղթը, փոխանակ երկու պետութիւններու կամ երկու հասարակութիւններու միջեւ մերձեցման նպաստելու, խոչընդոտներ կը ստեղծէ եւ, ըստ էութեան, կը ծառայէ առճակատման շարունակման», աւելցուցած է ան:
Անոր համաձայն, կասկածներ կը յառաջանան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` խաղաղութեան օրակարգին աջակցելու ցանկութեան մասին յայտարարութիւններու անկեղծութեան վերաբերեալ:


