Ազրպէյճանցի վարորդները սեպտեմբերէն ի վեր Վրաստանի սահմանին կը բախին համակարգուած կասեցումներու. որոշ բեռնատարներ ամիսներ շարունակ չեն կրնար մաքսազերծուիլ, իսկ Վրաստանի իշխանութիւնները ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ կառավարման կարողութեան խնդիրը լուծելու կամք կը ցուցաբերեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Մինվալ Փոլիթիքա»-ն` յղում կատարելով աղբիւրներու:
Ազրպէյճան արդէն սկսած է գնահատել իր սեփական կարելիութիւնները` այլընտրանքային գումակային առանցք ստեղծելու համար: Խորհրդային տարիներուն կար երկաթուղի, որ Պաքուն կը կապէր Ղազախի հետ, ապա կը շարունակուէր դէպի Իջեւան: Պաքուն ներկայիս կը քննարկէ այս հատուածի վերականգնման հարցը` ներկայի Ղազախէն մինչեւ Հայաստանի հետ ենթադրեալ սահմանը:
Լրատուամիջոցին համաձայն, այս հատուածին հաւանական վերականգնման թեքնիք շրջագիծերը, արժէքը եւ ժամկէտները կ՛ուսումնասիրուին, ինչ որ պիտի արտօնէ տարանցիկ երթեւեկի որոշ հատուածներու պարագային դուրս գալ Վրաստանի վերահսկողութենէն: Ապա բեռները կրնան կտրել սահմանը եւ աւելի խոր շարժիլ դէպի Հայաստան, ինչ որ ժամանակակից գումակային տեսանկիւնէն լիովին իրագործելի լուծում է:
«Միեւնոյն ժամանակ կ՛ուսումնասիրուի լիարժէք ինքնաշարժային երթուղիներու տարբերակը: Երթուղին տակաւին վերջնականապէս որոշուած չէ. կը քննարկուին այլընտրանքային միջանցքները եւ անոնց տնտեսական կենսունակութիւնը: Սակայն այն փաստը, որ նման քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, կը խօսի գլխաւորի մասին. Ազրպէյճան դադրած է Վրաստանի տարածքով տարանցումը դիտարկել իբրեւ միակ կամ անխուսափելի ուղի», կը նշէ կայքը:
«Այսօր Թիֆլիս կանգնած է պարզ ընտրութեան առջեւ` կա՛մ համարկուիլ շրջանային համագործակցութեան նոր բնորդին, կա՛մ հետեւիլ, թէ ինչպէ՛ս կը ձեւաւորուին երթուղիները, որոնց մէջ իր ներկայութիւնը այլեւս անհրաժեշտ չէ», գրուած է կայքին վրայ:


