«Չեմփիընզ լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումներուն, Լոնտոնի մէջ «սպասուած մրցումին», Չելսի 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պարսելոնան: Շատ լաւ եւ բարձր ճնշումով յատկանշուած Չելսի 6 անգամ կրցաւ գրաւել Պարսելոնայի բերդը, բայց 3 անգամ օֆ-սայտի պատճառով նկատի առնուած չէին:
54 մրցումներէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կոլ իսկ չկրցաւ նշանակել: Խմբապետ Ռոնալտ Արաուխօ իր 2-րդ դեղին քարտը ստանալէ ետք (12 վայրկեանի ընթացքին) վտարուեցաւ կիսախաղէն քիչ մը առաջ: Բ. կիսախաղին Չելսի 2 կոլեր եւս աւելցուց եւ Պարսելոնան մնաց 7 կէտերով (2 մրցումներու ընթացքին):
Մանչեսթըրի մէջ, Փեփ Կուարտիոլա հաւանաբար «շուարած» էր եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը կը կարծէր «Քարապաօ» բաժակը, այդ պատճառով ալ դաշտ ներկայացած էր 10 պահեստի մարզիկներով` Գերմանիոյ Պայեր Լեւերքուզընին դէմ:
Կրնայ ըլլալ, որ ասիկա «Փրեմիեր լիկ»-ի եւ «Պունտըսլիկա»-ի մակարդակներու տարբերութեան մասին փաստի փորձ էր… Միայն ինք գիտէ: Բայց բոլորը գիտեն, թէ Պայեր Լեւերքուզըն 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Գերմանիա` շնորհիւ Կրիմալտիի եւ Շիքի կոլերուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք առաջին օրուան (5-րդ հանգրուանի) մրցումներուն արդիւնքները.
Մարսէյ – Նիւքեսըլ 2-1
Չելսի – Պարսելոնա 3-0
Մանչեսթըր Սիթի – Պայեր Լեւերքուզըն 0-2
Սլաւիա Փրակա – Աթլեթիք Պիլպաօ 0-0
Նափոլի – Քարապաղ 2-0
Տորթմունտ – Վիարէալ 4-0
Պոտօ Կլիմթ – Եուվենթուս 2-3
Կալաթասարայ – Եունիոն Սեն Ժիլուազ 0-1
Այաքս Ամսթերտամ – Պենֆիքա 0-2


