Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Լիբանանի Տիրամայր Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Առիթով

November 26, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Գոհաբանական ս. պատարագը համամարդկային, հոգեւոր, բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի` համեմուած կրօնաբոյր եւ հայրենաշունչ խոհերով, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդով օծուն:

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան,  Մարտինի արք. Իգնատիոս Մալոյեան ինքզինք որպէս ընծայ մատուցեց` յանուն Քրիստոսի, յանուն ազգի, որպէս պատասխան խաղաղութեան եւ արդարութեան ծարաւի հոգիներու մեծ սպասումին:

Արդարակորոյս հայոց հինաւուրց ազգը եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանները կը հաւատային, թէ ի վերջոյ արդարութիւնն է, որ պիտի տիրէ եւ տարածուի աշխարհի մէջ, եւ այսպէս, 110 տարիներ շարունակ, իրենց լոյս տեսիլքի իրականացման յոյսով գօտեպնդուած եւ արդար սրտով, Քրիստոսը ամուր պահած իրենց սրտերուն մէջ, աղօթելով եւ աննահանջ հաւատքով` թէ վերջապէս պիտի փառաւորուի արդարութիւնը, որպէսզի երկրագունդի վրայ անգամ մը եւս չկրկնուին ցեղասպանութիւնները: Մարդու կողմէ մէկ այլ անհատի նկատմամբ բիրտ ուժի գործադրութենէն ձերբազատման որոնումներն ու մաքառումները արդար մարդոց սրտերուն մէջ ծնունդ տուին մարդկային ազնիւ զգացումներու եւ խիզախ մտքերու եւ ձգտումներու ձեւաւորման, որոնք դարերու հոլովոյթով բիւրեղ դառնալով` եղան շիկացած աղերս առ մարդասէրն Աստուած, ի կատարումն արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաստատումին:

Դար մը ետք բիւրեղացումի եւ պայծառացումի մեծ փուլ մը հանդիսացաւ անտարակոյս «Մահուամբ մահը յաղթած» ըլլալու մեր ազգային մեկնակէտը: Համայն հայութեան խարիսխ զգացումն է այսօր, որուն աղբիւրը հանդիսացաւ բոցավառ հաւատքով դէպի սրբութեան հասած Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան:

Ան իր սրբադասմամբ աշխարհին ուշադրութիւնը դարձեալ հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան վրայ: Այդ բարեբաստիկ լուրը հրապարակեց երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս քահանայապետը` 28 մայիս 2025-ին, իսկ սրբադասման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 19 հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի շրջափակէն ներս` Լեւոն ԺԴ. պապի գլխաւորութեամբ:

Ի տես վիթխարի այս իրադարձութեան, 15 նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, փառաշուք հանդիսութեամբ մը, Լիբանանի Տիրամայր Հարիսայի մայր եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական ս. պատարագ մատուցեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը` առընթերակայութեամբ հ. Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանի եւ Արամ վրդ. Աբրահամեանի, իսկ օրուան արարողապետն էր Կարապետ վրդ. Գլընճեանը: Խորանին սպասաւորեցին Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ դպիրները: Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց «Ս. Մալոյեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Էդուարդ Թորիկեանի, մասնակցութեամբ այս առիթով կազմուած յատուկ նուագախումբի:

Եկեղեցւոյ շարքերը խիտ էին աղօթասէր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեամբ: Հոգեւոր դասին մէջ իրենց տեղերը գրաւած էին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ու պաշտօնական անձինք,  ինչպէս` մարոնիներու Մար Պշարա Պութրոս Ռայի պատրիարքը, յոյն կաթողիկէ Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը, ասորի կաթողիկէ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը եւ առաքելական նուիրակ Փաուլօ Պորճան, ինչպէս եւ` վիճակաւորներ, եպիսկոպոսներ, ընդհանուր մեծաւորներ, վարդապետներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի ներկայացուցիչ վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանը:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Նորա Պայրագտարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս սրբազան արարողութեան` ներկայացնելով հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը: Հիւրերու շարքին էին նաեւ նախկին նախագահ զօրավար Միշել Սլէյմանը, ինչպէս նաեւ` նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւոր, պաշտօնական, զինուորական, կուսակցական, մշակութային եւ ընկերային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, վարժարաններու տնօրէններ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Գոհաբանական օրուան խանդավառութեամբ ներշնչուած, եկեղեցւոյ զանգերը հնչեցին մինչ տաճարին խնկաբոյր կամարներուն ներքոյ աղօթքի մրմունջներով եւ խնկարկումներով, հայրապետական թափօրը յառաջացաւ ս. խորան, եւ ընթացք առաւ ս. պատարագը:

Լիբանանի չորս ծագերէն, բոլոր համայնքներէն հաւաքուած հաւատացեալները, մարդկային ազնիւ զգացումներով տոգորուած, մասնակցեցան հայածէս ս. պատարագի արարողութեան եւ սուրբին բարեխօսութիւնը հայցեցին:

Հոգեւոր տիրոջ քարոզը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «Այս օրհնուած բլուրին վրայ հաւատքը կը հանդիպի հայրենիքին հետ, իսկ երկինքը` մայրիներուն»: Ան նշեց, որ այս հանդիպումը ոչ միայն Հայ կաթողիկէ համայնքի համար է, այլ` Լիբանանի բոլոր եկեղեցիներուն, ուր կայ միութիւնը, ուր կայ Քրիստոսի վկայութիւնը, որ հիմնուած է դարերու ընթացքին սուրբերու եւ հաւատացեալներու աղօթքներուն վրայ:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. շեշտեց, որ արարողութիւնը նահատակուած անձնաւորութեան մը նուիրուած չէ միայն, այլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ` այս պարգեւին համար:

«Ես սիրեցի Քրիստոսը մինչեւ նահատակութիւն. այս մեզ կը խրախուսէ այն ճշմարտութեամբ, որ մեզի կը շնորհէ սրբութիւնը, զոր կ՛ապրինք այս օրերուն: Մեզի կը ներշնչէ, որ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը տակաւին եւ միշտ գեղեցիկ անձնաւորութեան մը դէմքը կը կրէ իր մէջ, ինչպէս նաեւ` թէ խաչը պարտութիւն չէ, այլ` յաղթանակ:

«Այսօր կ՛աղօթենք այս սուրբ խորանին շուրջ, որովհետեւ Աստուած յայտնուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անձին մէջ, որ հիմա մեզի կոչ կ՛ուղղէ հաւատալու, ինչպէս նաեւ կը հրաւիրէ մեզ հետեւելու իր քայլերուն` սիրով, քաջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ», շեշտեց պատրիարքը:

Ան ապա Աւետարանէն հետեւեալ մէջբերումը կատարեց. «…Չկայ աւելի մեծ սէր, քան` իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար», եւ դիտել տուաւ, որ այս խօսքերը ոչ միայն սիրոյ հռչակագիր են, այլ նաեւ Աստուծոյ Որդիին ապրած կեանքի զոհաբերութեան մասին մարգարէութիւն է: Որդին, որ իր կեանքը տուաւ աշխարհի փրկութեան համար, Անոր մահը ոչ թէ վերջն է, այլ յարութեան եւ անմահութեան սկիզբը` կեանքը:

Հոգեւոր տէրը կանգ առաւ Մալոյեանի գողգոթային շուրջ` ըսելով. «Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ապրեցաւ անարդարութեան եւ վախի շրջանը, բայց անսասան մնաց իր հաւատքին մէջ, հակառակ անոր որ մարդիկ իրեն առաջարկեցին հրաժարիլ իր համոզումներէն եւ ապրիլ իրենց  տալիք խաղաղութեան մէջ: Ան պատասխանեց անվեհեր արիութեամբ եւ անխախտ վճռակամութեամբ` «Մենք պիտի մեռնինք, բայց պիտի մեռնինք Քրիստոսի համար»:

Հայրապետի քարոզին կորիզն էր, որ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, անզէն ըլլալով հանդերձ, յաղթեց թշնամիին: Իսկ քարոզը եզրափակեց ասպնջական Լիբանանի դրուատիքով. «Այս հանդիսութեան ընթացքին մենք մեր ուշադրութիւնը նաեւ կը դարձնենք մեր սիրելի Լիբանանին` այս երկրին, որ պատերազմներուն եւ պառակտումներուն դէմ կանգնեցաւ, բայց ան չնահանջեց, որովհետեւ անոր սրտին մէջ հաւատքը չկործանեցաւ: Հետեւաբար մենք այսօր կը տեսնենք իսկական դիրքորոշումներ, այնպիսի կեցուածքներ, որոնք հիմնուած են սիրոյ եւ նուիրուածութեան վրայ:

«Եկէ՛ք, այս արժէքները միասին որդեգրենք եւ զանոնք ապրի՛նք մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Եկէ՛ք, պատրա՛ստ ըլլանք Տիրոջ ձայնին ու պատրա՛ստ ըլլանք վկայելու ոչ միայն արիւնով, այլ նաեւ` դիմանալով կեանքի դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն:

«Իմ այս խօսքս կը քաղեմ այն մարտիրոս սուրբին խօսքերէն, որ իր կեանքին վերջին րոպէին յայտարարեց ու դեռ կը յայտարարէ արար աշխարհին. «Մենք պիտի մեռնինք, բայց պիտի մեռնինք Քրիստոսի համար»:

«Ողջոյն»-էն ետք խորան բարձրացան կաթողիկէ եկեղեցիներու համայնքապետները, եւ արարողութիւնը  շարունակուեցաւ համապատարագով:

Աւարտին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ մեծաւոր Զմմառու վանքի Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան սրտի անհուն գոհունակութիւնն ու երախտապարտութիւնը յայտնեց Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան շնորհեց այնպիսի սուրբ մը, որ ընդհանրական Եկեղեցւոյ հնչեղութիւն ունի: Այնուհետեւ մեծաւոր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Տիրամայր մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հ. Խալիլ Ալուանին, որ սոյն առիթը ընձեռեց հայերուն` համալիբանանեան մակարդակով տուեալ եկեղեցւոյ մէջ մատուցելու գոհաբանական ս. պատարագը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սոյն յաջողութեան:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք պատրիարքը Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի շքանշանով պարգեւատրեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյմանը, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Նորա Պայրագտարեանը, նաեւ` կաթողիկէ պատրիարքները:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումն Ու Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.