Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան, եւ Բ. հանգրուանի աւարտին, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Շանթ Սարգսեան հասան Գ. հանգրուան:
Շանթ Սարգսեան 3,5-2,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց փերուցի Խորխէ Քորին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան 4-2 արդիւնքով դուրս ձգեց իսրայէլացի մրցակից Մաքսիմ Ռոտշթայնը:
Հայկ Մարտիրոսեան 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ռուս Վլատիսլաւ Արթեմիեւէն:
Աւելի կանուխ, Ռոպերթ Յովհաննիսեան իր կարգին հասած էր Գ. հանգրուան` դուրս ձգելէ ետք հնդիկ Ռաունաք Սատուանին` 3-1 արդիւնքով:
Գ. հանգրուան հասան նաեւ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան:
Գ. հանգրուանին Ռոպերթ Յովհաննիսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ճատրակի լաւագոյն մարզիկներէն Ռամեշպապու Փրակնանանտան (Հնդկաստան), մինչ Գաբրիէլի մրցակիցը պիտի ըլլայ այլ հնդիկ մը` Տիփթայան Ղոշ: Շանթի մրցակիցը պիտի ըլլայ թուրք Մուսթաֆա Եըլմազ: Սամուէլ Սեւեան պիտի մրցի ռուս Եւգենի Նաժերի դէմ, իսկ Լեւոն Արոնեան` Սալեհ Սալեմի դէմ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):


