Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ նոյեմբերի սկիզբը Սպիտակ տուն այցելելով պիտի քննարկէ Սուրիոյ վերականգնման հարցերը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք նախապէս յայտարարած էր, թէ Շարհ Ուաշինկթըն պիտի այցելէ, իսկ Սպիտակ տան բանբերը աւելցուցած էր, որ ատիկա հաւանաբար տեղի ունենայ 10 նոյեմբերին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս «Նիուզնէյշըն» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Սպիտակ տուն կրնայ գայ, եւ ան լրջօրէն կ՛աշխատի»:
«Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցուցինք` անոր առիթ տալու համար, եւ լսեցի, թէ անոր նախագահը չափազանց լաւ աշխատանք կը տանի», նշեց ան:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Օրակարգի վրայ բազմաթիւ հարցեր կան` սկսած պատժամիջոցներու չեղեալ յայտարարութենէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու նոր էջի բացումը: Մենք կ՛ուզենք երկու երկիրներուն միջեւ շատ ամուր գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատել»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, Սուրիոյ նախկին որեւէ նախագահ երբեք պաշտօնական այցելութեամբ Ուաշինկթըն չէ եղած:


