Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահելն Ու Պահպանելը (Վարանգաթաղի Նահատակներուն)

October 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այսպէս, ամէն անգամ որ մեր նահատակներուն մասին խօսինք, բնականաբար կը վերյիշենք հիներն ու նորերը:

Ժամանակի ընթացքին անոնք կը մնան իբրեւ կանթեղ` մեր կեանքին արժէք տալու եւ մեր կամքը զօրացնելու լոյս տարածող:

Նիւթականացած, մակերեսային եւ ապազգային մեր օրերուն նահատակ հերոսներուն պատգամը այնքան կարեւոր է իւրաքանչիւրիս համար, որ տեղ մը, պահ մը պէտք է մտածենք, որ կեանքը իր արժէքը կ՛ունենայ նաեւ այդ տղոց տեսիլքով:

Թէեւ ֆիզիքապէս անոնք հեռացած են մեզմէ, սակայն ոգեղէն կապը մնայուն կերպով կը շարունակուի, մինչեւ որ երազները իրականութիւն դառնան, մինչեւ որ համաշխարհային օրէնքները փոխուին, մինչեւ որ արդարութիւնը ի վերջոյ յաղթանակէ:

Տարելիցները վերանորոգուող վէրքի նման մէկ կողմէ կը կրծեն մեր հոգիները, միւս կողմէ` կը զօրացնեն մեր դիմադրողականութիւնը` յանուն գալիք դժուարութիւններուն:

Վերջաւորութեան յարգանքի ու խոնարհութեան արժանի այդ տղոց հոգիները տեղ մը միշտ մխիթարական է: Փաստօրէն անոնց այդ զոհողութիւնները լոկ գաղափարի ծիրին մէջ չմնացին, այլ անոնց նահատակութեամբ խօսքն ու երդումը դարձան գործ: Մեր կեանքին ամէնէն կարեւոր փուլերուն անձնազոհութեան գաղափարը կը հարստացնէ յաջորդ սերունդներու հոգին ու միտքը: Կը զօրացնէ անոնց կամքն ու կորովը: Կը պայծառացնէ անոնց տեսլականը:

Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի եւ մանաւանդ բոլոր պայմաններու մէջ մենք մեր նահատակներուն պատգամը լաւապէս պէտք է հասկնանք:

Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու հրամայականը անյետաձգելի պատգամ է: Ոչ ոք թող յանդգնի բարոյախօսական կամ գաղափարախօսական դասեր տալու: Մենք միշտ ալ եղած ենք հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասող կուսակցութիւն, եւ այսօր ալ այդ սկզբունքը պահելն ու պահպանելը մեր հերոսներուն պատգամն է, կը մնայ ու կը պահենք անպայման:

 

 

 

 

Նախորդը

Լռութիւնդ Ծանր Է, Գէո՛րգ

Յաջորդը

«Եու.Է.Էֆ.Ա.» Յետաձգեց Իսրայէլի Դէմ Քուէարկութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.