Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

October 1, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, Արցախի մէջ Հայ եկեղեցւոյ գոյութեան վերջին հարուածը տալու դիտաւորութեամբ ձերբակալած եւ Շուշիի բանտը նետած էին թեմակալ առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Յակոբեանը:

Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը 7 նոյեմբեր 1931-ին նամակով դիմեց Խորհրդային Հայաստանի քաղվարչութեան նախագահութեան, ուր կ՛ըսուէր.

«Ղարաբաղի թեմի առաջնորդ տէր Վրթանէս եպիսկոպոսը երրորդ տարին է ինչ գտնւում է Շուշու ուղղիչ տանը: Թէ Վրթանէս եպիսկոպոսից եւ թէ ուրիշներից ստացած տեղեկութիւններից երեւում է, որ նրա դատը տեղի է ունեցել, եւ նա արդարացել է եղած մեղադրանքներից: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտնելով վերոգրեալը, խնդրում է նախագահութեանդ` բաւ համարել Վրթանէս եպիսկոպոսի կրած նեղութիւնները եւ միջնորդութիւն յարուցանել ուր հարկն է, նրան կալանքից ազատելու եւ Էջմիածին վերադառնալու համար»:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը միաժամանակ գրութիւն ուղարկեց Պաքուի եւ Թուրքեստանի թեմի առաջնորդ Մատթէոս եպիսկոպոսին, յանձնարարելով Վրթանէս եպիսկոպոսը կալանքէ ազատելու համար միջնորդութիւն յարուցանել համապատասխան վարչութեան առջեւ:

* * *

Վրթանէս եպիսկոպոս 1 յունուար 1932-ին վերջապէս ազատ արձակուեցաւ կալանքէն:

Ազատ արձակուելէն ետք Վրթանէս եպիսկոպոս շրջեցաւ Արցախի գիւղերը եւ տեսաւ ժողովուրդին անմխիթար վիճակը: Այնուհետեւ ան մեկնեցաւ Սուրբ Էջմիածին, տանջալից բանտարկութենէն ետք քիչ մը կազդուրուելու համար:

Վրթանէս եպիսկոպոս 12 ապրիլ 1932-ին զեկոյց ներկայացուց Մայր Աթոռին, ուր կ՛ըսէր. «Մինչեւ 1930 թուի փետրուար ամիսը թեմումս գոյութիւն ունէին եկեղեցիներ, թեմական խորհուրդ, քահանայութիւն. ներկայումս թեմիս բոլոր եկեղեցիները վեր են ածուած դպրոցական, հասարակական այլեւայլ հաստատութիւնների: Ներկայումս թեմիս բոլոր քահանաները առանց բացառութեան հրաժարուել են թէ՛ իրենց կոչումից եւ թէ քահանայագործութիւնից ու պարապում են իրենց տնտեսութեամբ եւ կամ ծառայում են որպէս ուսուցիչ, պետական ծառայող կամ կոլխոզնիկ»:

Այսպիսով, Ազրպէյճանի գործադրած հետեւողական քաղաքականութեան հետեւանքով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող եկեղեցի չէր մնացած:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները անխնայ սկսած էին ոչնչացնել եկեղեցիներն ու վանքերը եւ թալանել անոնց գոյգերը:

Արցախի թեմը արդէն գործնապէս դադրած էր գոյութիւն ունենալէ եւ ազրպէյճանական իշխանութիւնները, թեմը վերջնականապէս փակելու համար, վճռած էին միանգամընդմիշտ ձերբազատուելու թեմակալ առաջնորդէն:

* * *

Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոս վախճանած էր 8 մայիս 1930-ին: Սուրբ Էջմիածնի մէջ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան թուական ճշդուած էր 10 նոյեմբեր 1932-ը:

Վրթանէս եպիսկոպոս 1932 յուլիսին Արցախի թեմի պատգամաւորներու ընտրութիւններ կազմակերպեց, Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայանալիք կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակցելու համար: Յուլիս 22-ին եւ 28-ին Վրթանէս եպիսկոպոս Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին զեկուցեց կայացած ընտրութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն մասին:

Խորհրդային իշխանութիւնները խոչընդոտեցին Արցախի թեմին` կաթողիկոսական ընտրութեան առիթով գումարուելիք ազգային-եկեղեցական ժողովին մասնակցութեան հրաւէրը ստանալուն: Արտասահման ուղարկուած հրաւէրները տեղ հասան, բայց Ստեփանակերտ, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոսին ուղարկուած հրաւէրը կորաւ: Յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները Վրթանէս եպիսկոպոս մեկնեցաւ Սուրբ Էջմիածին:

Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ կայացած կաթողիկոսական ընտրութեան, 12 նոյեմբեր 1932-ին Խորէն արքեպիսկոպոս Մուրատբէկեան ընտրուեցաւ կաթողիկոս Ամենայն հայոց: Յաջորդ օր, Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ, հանդիսաւոր կերպով, տասներկու եպիսկոպոսներու կողմէ կատարուեցաւ ձեռնադրութեան կարգը` հայրապետական օծում ստանալով աւագագոյն Մեսրոպ արքեպիսկոպոսէն:

Սուրբ Էջմիածնի համար հոգեւոր, բարոյական եւ տնտեսական շատ ծանր պայմաններու տակ գահ բարձրացաւ ազգընտիր Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը:

* * *

Կաթողիկոսական ընտրութենէն ետք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արգիլեցին Վրթանէս եպիսկոպոսին վերադարձը Արցախ:

Վրթանէս եպիսկոպոս Խորէն Ա. կաթողիկոսին զեկոյց ներկայացուց. «Ամսոյս 4-ին (4 ապրիլ 1933) մասնաւոր գործով գնացել էի Գէորգ Սրբազանի մօտ. մեր խօսակցութեան միջոցին ի միջի այլոց յայտնեց, որ ինքը Երեւանի պետքարտուղարութեան հետ բանակցել է իմ թեմ գնալուս մասին եւ անյաջողութեան հանդիպել, յայտնել նաեւ, որ Դուք կանչելու էք ինձ այդ մասին յայտնելու: Նոյն օրը Վեհարան հրաւիրուեցի եւ ներկայանալով Ձեզ հետեւեալը յայտնեցիք. խորհրդակցութիւն ունեցանք այստեղ, Արսէն եպիսկոպոսին Բագու ուղարկեցինք, որ քեզ ընտրել տայ Բագուի թեմի առաջնորդ` մնալով միեւնոյն ժամանակ նաեւ Ղարաբաղի թեմի առաջնորդ: Սրբազանը Երեւանի պետքաղվարչութեան հետ բանակցութիւն է վարել, եւ ինչպէս երեւում է նրա գլխաւոր զեկուցումից, ձեզ թոյլ չի տրւում Ղարաբաղի թեմը գնալու»:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին քանի մը ամիս շարունակ ամէն գնով փորձած էր Վրթանէս եպիսկոպոսը վերադարձնել Արցախ եւ այդպիսով պահպանել թեմին գոյութիւնը, սակայն ապարդիւն:

Խորէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վրթանէս եպիսկոպոսին ըսաւ.

– Դեկտեմբեր ամսից Մեր պատուէրով, Տէր Գէորգ արքեպիսկոպոսը բանակցութիւններ է վարում կառավարութեան հետ ձեր Ղարաբաղի թեմը վերադառնալու համար: Ի հարկէ համոզուած պիտի լինիք, որ թէ Մեր եւ թէ Գերագոյն խորհրդի անդամների ցանկութիւնն է, որ թեմերը թափուր չմնան, ուստի եւ անհրաժեշտութիւն է եղել մեզ համար, որ դուք գնաք ձեր թեմը: Այդ է պատճառը, որ Տէր Գէորգ սրբազանը ստացած մերժումներին Մեր անունից նոր պահանջներ է արել, խնդրելով նոր միջնորդութիւններ Ադրբեջանի եւ Թիֆլիսի կառավարութիւններին անելու: Վերջին անգամ նոյն իսկ առաջարկ է եղել, որ դուք ժամանակաւորապէս կեցունի վայր ունենաք Գանձակը, մինչեւ որ Գանձասարի վանքի խնդիրը կը կարգաւորուի: Դժբախտաբար վերջին անգամ կտրականապէս յայտնել են, որ Ադրբեջանի կառավարութիւնը անկարելի է համարում Վրթանէս եպիսկոպոսի Ղարաբաղ վերադարձը: Յայտնում եմ, որ վարած բանակցութեանց հետեւանքով այդ հարցը Մեզ համար փակուած է եւ դուք ազատ էք Ղարաբաղի թեմից:… Այո ցաւալի է, որ չեն թոյլ տալիս ձեզ վերադառնալ ձեր թեմը: Եթէ Մենք փակուած ենք համարում այդ հարցը ուրեմն սպառուած ենք համարում բոլոր միջոցները եւ անօգուտ:

Վրթանէս եպիսկոպոս չէր կրնար հաշտուիլ կատարուած իրողութեան հետ եւ չէր կրնար հաւատալ որ ատիկա իրականութիւն է: Ան Խորէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ըսաւ. «Ինչպէս Ձեզ յայտնեցի, ես չեմ հրաժարուել Ղարաբաղի թեմի առաջնորդական պաշտօնից, ու այդ թեմի առաջնորդն էլ մնում եմ: Յայտնեցի նաեւ, որ ոչ մի պատճառ չկայ, իմ` թեմս չգնալու, սակայն ես չգիտեմ ինչպիսի բանակցութիւն է վարուել, որի հետեւանքով արգելւում է ինձ իմ թեմս գնալը»:

* * *

Կատարուած իրողութիւնը անդառնալի էր: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ինք լրջագոյն սպառնալիքի տակ կը գտնուէր եւ անզօր էր որեւէ ձեւով հակադարձելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններու սանձարձակ կամայականութիւններուն:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը 7 ապրիլ 1933-ին Վրթանէս եպիսկոպոսին յայտնեց. «Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իւր ամսոյս 5ի թ. ԻԲ նիստի մէջ լսեց Հայրապետական լիազօր եւ խորհրդիս անդամ գերաշնորհ Տէր Գէորգ արքեպիսկոպոսի ամսոյս 3ի գրաւոր զեկուցագիրը, որից ի միջի այլոց երեւում է, որ Հայրապետական լիազօրը Նորին Սրբութեան կարգադրութեամբ անցեալ թուի դեկտեմբերից սկսած բանակցութիւններ է վարել ամենահնարաւոր միջոց գործ դնելով ձեր` Ղարաբաղի թեմ վերադառնալու համար: Նոյն զեկուցումից երեւում է, որ Ադրբէյջանի կառավարութիւնը ընդհանրապէս ընդունելի չի համարում ձեր առաջնորդական պաշտօնավարութիւնը Ադրբէյջանում: Վերոգրեալը հաղորդելով Ձեզ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրը Ձեր Արցախի թեմ գնալու վերաբերութեամբ բանակցութիւնները վերջացած է համարում»:

Արցախի թեմին եւ Վրթանէս եպիսկոպոսին համար այլեւս ամէն ինչ վերջացած էր: Արցախի թեմը այսպիսով պաշտօնապէս փակուած կը նկատուէր: Խորհրդային Ազրպէյճանի իրականացուցած քաղաքականութեան հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը դարձաւ հայաբնակ միակ տարածքը, ուր 1933-էն սկսեալ գործող ոչ մէկ եկեղեցի գոյութիւն ունէր, եւ ուր մեծ թափով կ՛ոչնչացուէին եկեղեցիներն ու վանքերը:

Վրթանէս եպիսկոպոս Յակոբեանը ուրիշ թեմի մէջ պաշտօնի նշանակելու Մայր Աթոռին ջանքերը կտրականապէս մերժուեցան խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ, եւ ան մինչեւ իր կեանքին վախճանը, 1943-ին, զուրկ մնաց հոգեւոր կեանքէն ներս որեւէ էական դերակատարութիւն ունենալու հնարաւորութենէն:

* * *

Սուրբ Էջմիածին կը գործէր ծանրագոյն պայմաններու տակ: Մայր Աթոռին արգիլուած էր կապեր հաստատել սփիւռքի հետ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ մինչեւ 1937 շուրջ ութ հարիւր եկեղեցիներ փակուած եւ 164 հոգեւորականներ բռնադատուած ու անոնցմէ 91-ը գնդակահարուած էին: 1938-ին կառավարութիւնը ծանր տուրքեր պարտադրեց Սուրբ Էջմիածնի, նպատակ ունենալով զայն տնտեսապէս քայքայել եւ հաշուեյարդարի ենթարկել:

Խորէն Ա. կաթողիկոս կոնդակով դիմեց կառավարութեան, խնդրելով նիւթապէս ծանր վիճակի մէջ գտնուող Մայր Աթոռը զերծ կացուցանել տուրքերէն: Դիմումը մերժուեցաւ: Կաթողիկոսին դէմ հալածանքներ սկսան. անոր մերձաւորները հաշուեյարդարի ենթարկուեցան, իսկ երկու եղբայրները գնդակահարուեցան:

Պետական անվտանգութեան ծպտուած գործակալներ 1938 ապրիլ 5-էն 6 լուսցող գիշերուան ընթացքին վեհարանի իր ննջասենեակին մէջ խեղդամահ ըրին Խորէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ որ ան սրտի կաթուածէ վախճանած է:

Չորս ամիս անց, 4 օգոստոս 1938-ին Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն, Գրիգոր Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ որոշեց փակել Էջմիածնի վանքը եւ զայն թանգարանի վերածել, նոր կաթողիկոսի ընտրութիւն չկատարել եւ հաշուեյարդարի ենթարկել Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը: Նոյն օրը այս մասին նամակ յղուեցաւ Ստալինին` կայացած որոշումը հաստատելու խնդրանքով: Ստալին մերժեց բաւարարել խնդրանքը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Սեպտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.