Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Զինադադարի Համաձայնութիւնը 17 Մայիս 1983-ի Համաձայնութենէն Վատ Է»

August 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնած է, որ Իսրայէլի հետ 27 նոյեմբեր 2024-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնութիւնը 17 մայիս 1983 թուականի համաձայնութենէն վատ է: Այս մասին հաղորդեց «Ասաս» կայքը:

Պատասխանելով ամերիկացի պաշտօնատար Թամըս Պարրաքի` Իսրայէլէն իրեն հետ բերելիք ակնկալուած պատասխանին լոյսին տակ ամերիկացի երաշխաւորին մասին հարցումի մը` Պըրրի նշեց. «17 մայիս»-ը աւելի լաւ էր»: «Ասաս» կը նշէ, թէ ան այդպիսով չէր զղջար 17 մայիսի համաձայնութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումին համար, այլ ըսել կ՛ուզէր, թէ ամերիկացիները միայն Լիբանանը յուսախաբութեան կը մատնեն: Աւելին, ան նշեց. «Եթէ ամերիկացիներուն Ամերիկայի եւ Իսրայէլի միջեւ ընտրանք տրուի, անոնք Իսրայէլը կ՛ընտրեն եւ ոչ թէ Ամերիկան»:

«Պարրաք Իսրայէլ գնաց իրեն հետ տանելով նախկին ժողովի մէջ գոյացուած համաձայնութիւնը, սակայն առանց անոր վերադարձաւ: Ան համաձայն գտնուեցաւ, որ Իսրայէլ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ իրմէ սպասուածը պէտք է գործադրէ, ապա կը քննարկենք Դիմադրութեան զէնքի հարցը, սակայն առանց պատասխանի վերադարձաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարծէք զինադադարի համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ ականահարուեցաւ, եւ Իսրայէլ զայն պիտի չգործադրէ: Ամերիկացիները զինադադարի գործադրութեան համար մեզի տալիք երաշխիքներ չունին, եւ ըսածին պէս` զանոնք տալու հակուած չեն», նշած է խորհրդարանի նախագահը:

«Երբ Պարրաք ինծի ըսաւ, թէ Լիբանանը, եւ ոչ թէ մենք «կուսակցութիւնը» պիտի զինաթափենք, նախքան Իսրայէլ իր բռնագրաւած լիբանանեան հողերէն հեռանալը, անոր ըսի, ատիկա աւելի անիծեալ ընտրանք է: Մի՛ սպասեր, որ այդպիսի առաջարկ մը ընդունինք, ո՛չ ալ խնդիրը Իսրայէլէն ներքին բեմ տեղափոխենք: Իսրայէլ պէտք է սկսի հեռանալ: Ատկէ ետք «կուսակցութեան» հետ անոր զէնքին մասին կը խօսինք` իբրեւ ներքին խնդիր` հեռու որեւէ ճնշումէ», յայտնած է Պըրրի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նշմարե՞ց, թէ ամերիկացիները Լիբանանի հետ կը բանակցին` իբրեւ Իսրայէլի հետ պատերազմի մէջ պարտուած կողմ, որ միայն ինք պէտք է զիջում կատարէ, գինը վճարէ եւ իրաւունք չունի պայման ճշդելու, խորհրդարանի նախագահը պատասխանեց. «Կ՛ուզեն մեզի հետ վարուիլ այնպէս, կարծէք պարտուած ենք: Այո՛, գինը վճարեցինք, սակայն հիմա որեւէ գին պիտի չվճարենք»:

«Յստակ է, թէ փորձ կը կատարուի կրակէ գնդակը բանակին նետելու` անոր վստահելով զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ծրագիրի գործադրութիւնը: Թող զայն պատրաստէ, ատիկա անոր դերն է: Պիտի չարտօնենք, որ բանակին վնաս հասցուի, անոր դէմ հրահրում կատարուի կամ նոյնիսկ անոր վրայ վարդ մը նետուի: Որոշումը ի վերջոյ քաղաքական է, եւ անոր տեղը նախարարաց խորհուրդին մէջ է, որուն երբ ծրագիրը ներկայացուի, կը տեսնենք ի՛նչ կ՛ընենք», յայտնած է Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը չէ թաքցուցած տիրող լարուածութեան, մագլցումի եւ իրարանցումի մթնոլորտի տարաձայնութեան կատարման նկատմամբ իր մտահոգութիւնը եւ չէ տատամսած ըսելու. «Խնդիրը ներքին է: Ոչ ոք մեզ խաղալիքի կը վերածէ բացի ներքինը, որ ամբողջ երկրի ճակատագիրով կը խաղայ: Այս է ախտը: Փոխանակ անկիւնները  կլորցնելու, զանոնք սրենք»:

«Պիտի մնամ դիրքորոշումիս վրայ, որուն ծանօթ են երկրէն ներս թէ դուրս բոլորը: Ցաւալի է, որ երկխօսութեան ուղղութեամբ չենք ընթանար: 2006 թուականին երկխօսութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի լոյսին տակ մեզ առաջնորդեց հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջ 16 տարի տեւողութեամբ կայունութեան: Հիմա ոչ ոք կ՛ուզէ երկխօսութիւն կատարել: Ցաւալին այն է, որ ան որ երկխօսութիւնը չ՛ուզեր, ինքնին ամերիկացին կ՛ուզէ»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընկերային Հարցերու Նախարարին Հետ Հայ Համայնքին Առնչուող Հարցեր Արծարծեց

RelatedPosts

Ուալց Իշխանութեան 3 Պետերուն Հետ  Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Յաջորդող Փուլը
Գլխաւոր լուրեր

Ուալց Իշխանութեան 3 Պետերուն Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Յաջորդող Փուլը

November 17, 2026
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին  Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է
Լիբանանեան

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է

November 17, 2026
Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը  Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է  Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»
Լիբանանեան

Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.