Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Հետագայ Գործողութիւններ»

August 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը: Նախաստորագրումը տակաւին իրաւականօրէն ուժի մէջ չի դներ փաստաթուղթը: Բայց երբ կը նախաստորագրուի որեւէ իրաւապայմանագրային փաստաթուղթ, ապա այդ կը նշանակէ որ հետագայ ստորագրուելիքին մէջ բովանդակային որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ ընել:

Անդրադառնանք  17 կէտերէն ամէնէն հակասական եւ ամէնէն հանգուցային յօդուածներուն:

Ըստ 2-րդ յօդուածին, «Ամբողջութեամբ համապատասխանելով յօդուած 1-ին` կողմերը կը հաստատեն, որ միմեանց նկատմամբ չունին տարածքային պահանջներ եւ հետագային նման պահանջներ չեն առաջադրեր:

Կողմերը չեն ձեռնարկեր որեւէ գործողութիւն, այդ շարքին` այդպիսի գործողութիւններու ծրագրումը, նախապատրաստումը, խրախուսումը եւ աջակցումը, որոնք նպատակ ունին ամբողջութեամբ կամ մասամբ տրոհել կամ խաթարել միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը կամ քաղաքական միասնութիւնը»:

Այստեղ, որեւէ ակնարկութիւն չկայ Հայաստանի տարածքներէն շուրջ 200 քառ քմ-ի ազրպէյճանական բանակին կողմէ ներխուժուած ըլլալուն մասին: Անորոշ կը մնայ, որ գրաւուած հայաստանեան տարածքը ո՛ր երկրի տարածքային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ:

Կրնայ առարկուիլ, որ 6-րդ յօդուածին մէջ բաժինը-կողմերը բարեխղճօրէն բանակցութիւններ կը վարեն համապատասխան սահմանային հարցերով յանձնաժողովներու միջեւ` ըստ յանձնաժողովներու համաձայնեցուցած կանոնակարգերու` կողմերու միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման մասին համաձայնագիրը կնքելու նպատակով- կրնայ արծարծել այդ տարածքը: Այդուհանդերձ  այս պայմաններուն մէջ վտանգուած կը մնան հայաստանեան ներխուժուած տարածքներու ճակատագիրը:

Անհրաժեշտ է կեդրոնանալ 12-րդ յօդուածի հետեւեալ բաժինին վրայ. «Կողմերը իրենց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կ՛առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով եւ սոյն համաձայնագիրով: Կողմերէն ոչ մէկը կրնայ վկայակոչել իր ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները` իբրեւ սոյն համաձայնագիրի չկատարման հիմնաւորում»:

Պարզ է ակնարկը: Հիմնականին մէջ  իբրեւ թէ կ՛արգելակէ Պաքուի կողմէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջի գործադրումը, զայն համարելով ներհայաստանեան խնդիր: Տարբեր հարց անշուշտ, որ իշխանութիւնները իրենք ձեռնարկած են նոր Սահմանդրութեան մշակման եւ որդեգրման գործընթաց:

Բայց պահ մը կանգ առնենք կարեւոր այս կէտին վրայ: Ուաշինկթընեան հռչակագիրին  առաջին կէտը կ՛ըսէ.

«Մենք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփ ականատես եղանք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի համաձայնեցուած բնագիրի նախաստորագրութեան` կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք համաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Ուրեմն, վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ կան տակաւին հետագայ գործողութիւններ: Շատ պարզօրէն կը հասկցուի, որ պայմանագիրը ստորագրելէ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ նոր Սահմանադրութիւն, որ յղում չի կատարեր Անկախութեան հռչակագիրին:

Այս եզրակացութեան յանգելու համար Պաքուն չուշացաւ ճշգրտումներ ընելու: Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով յստակօրէն յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ համաձայնագիրի նախաստորագրման մասին կէտը կը հաստատէ, որ փաստաթուղթի ստորագրման եւ վաւերացման համար յաւելեալ քայլեր անհրաժեշտ են: Պաքու կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուին` Ազրպէյճանի նկատմամբ տակաւին գոյութիւն ունեցող տարածքային պահանջները վերացնելու նպատակով:

Ուրեմն նախաստորագրութենէն ստորագրութիւն անցնելու նախապայմանը  նոր սահմանադրութիւն ընդունիլն է: Պահանջը այն է, որ պէտք է իրաւազուրկ դարձնել Անկախութեան հռչակագիրը: Իսկ այս պայմանը յստակօրէն ընդգծուած է Ուաշինկթընեան հռչակագիրով:

Խաբուսիկ է ուրեմն խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին մէջ յիշուած այն կէտը, որ կողմերը չեն կրնար վկայակոչել իրենց ներքին օրէնսդրութիւնը` խաղաղութեան պայմանագիրը չկատարելու համար: Այդ նախապայմանը կա՛յ Ուաշինկթընեան հռչակագիրին մէջ «հետագայ գործողութիւններ» ձեւակերպումով:

Այդ հետագայ գործողութիւնը ճակատագրորոշ է եւ կրնայ ամբողջ իրադարձութիւններու ընթացքի հունը փոխել: Հետագայ այդ գործողութիւնները կրնան տապալիլ հանրաքուէով: Իսկ այդ մէկը արդէն կախեալ է ժողովուրդի կամքէն:

«Ա.»

 

Նախորդը

Աուն. «Լիբանանը, Որ Բացարձակապէս Չի Միջամտեր Որեւէ Այլ Պետութեան, Ներառեալ Իրանի Հարցերուն, Չ՛ընդունիր, Որ Ոեւէ Մէկը Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտէ»

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Համաձայնագիրը՝ Ազգային Արժանապատւութեան Եւ Գերիշխանութեան Հաշւոյն Ցաւալի Զիջում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.