Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեան Երաժշտական Իր Բարձրորակ Իրագործումով Հարստացուց Հայ Մշակոյթի Գանձարանը

July 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Հայ երաժշտութիւնը իր մէջ ցեղին ոգին կը սնուցանէ,
որովհետեւ երաժշտութիւնը ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին»
ԿՈՄԻՏԱՍ

Հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ մեծ է ներդրումը Կոմիտաս վարդապետին: Ան իր հմտութեամբ, բարձր արուեստով եւ գեղարուեստական գործունէութեամբ հիմքը դրաւ հայ ազգային երաժշտութեան: Կոմիտաս վարդապետ չընկրկեցաւ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց եւ հայ ժողովուրդի ահաւոր ճակատագրին ականատես վկան ըլլալով, աշխատեցաւ, հաւաքեց, մշակեց, ստեղծագործեց, խմբավարեց` հայ երաժշտութեան առանձնայատկութիւնները լուսարձակի տակ բերելով, որովհետեւ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Ինձ համար չկայ ուրիշ երկինք` բացի իմ ժողովուրդիս հարազատ հոգիէն»: Արդ, Կոմիտասի աւանդն ու դրոշմը առանձնայատուկ է հայ երաժշտութեան սիրահարներու հոգիին մէջ: Իրերայաջորդ սերունդներ իր եզակի երաժշտութեան թրթիռները լսելով` հոգեկան բերկրանքի պահեր ապրեցան, լիցքաւորուեցան եւ երաժշտութեան մարզի ջահակիրներ դարձան: Կոմիտասի երգերը, ս. պատարագի մշակումը երբեք չեն մեռնիր, որովհետեւ հայկազնեան ցեղի դիւցազունները կ՛արբենան իր մերթ ոգեշնչող, մերթ հոգիները երկինք սլացնող երգերով ու մեղեդիներով:

Այս յօդուածիս մուտքը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ Պաղտասարեան ընտանիքին մէջ տիրող երաժշտական մթնոլորտը: Արդարեւ, հայ երաժշտութիւնը իրենց հոգիին մէջ վառ պահող, երաժշտահան ու երգեհոնահար (օրկանիստ) լիբանանահայ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր կնոջ` մեներգչուհի Շաքէ Պաղտասարեանի ընտանեկան գողտրիկ բոյնի արժէքաւոր հոգեհատոր զաւակը` Սէրուժ Պաղտասարեանը, վերջերս հայրենիքի լուսապայծառ երկնակամարին տակ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ  հանդէս եկաւ իւրայատուկ համերգով մը: Տաղանդաւոր երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեան ինքնուրոյն ոճով հայկական աւանդական գործիքներն ու մեղեդիները միաձուլելով` ելեկտրոնային երաժշտութեան եւ նուագախումբերու հետ կը ստեղծէ երաժշտութեան յատուկ երանգ մը:

Սէրուժ Պաղտասարեանի երաժշտութեան նորաստեղծ տարբերակները առաջին անգամ ըլլալով բեմ բարձրացան Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին, ազգագրական նուագարաններու, մենակատարներու եւ երկու երգչախումբերու հետ 22 յուլիս 2025-ին, Հայաստանի Կարէն Դեմիրջեանի անուան մարզահամերգային հսկայ համալիրին մէջ:

Դիմատետրեան առցանց սփռումով հազարաւոր հայորդիներ հոգեկան բերկրանքի, հպարտութեան պահեր ապրեցան` ի տես այս եզակի համերգի կայացման: Որքա՜ն հոգեգրաւ էր լսել` «Մուսա Լերան դաբկի»-ն, «Շալախօ»-ն, «Երազ»-ը, «Եարխուշտա»-ն, «Հայ ֆետայիներ»-ը, «Թող հնչէ շեփոր»-ը, «Գողթան մանկտիք»-ը, «Առաքել Մուշեղ»-ը, «Լեբլեբիճիների խմբերգը», «Տլէ եաման»-ը, «Օրօր իմ բալաս», «Զարթի՛ր որդեակ», «Ո՞ւր ես, մայր իմ», «Արի՛, իմ սոխակ», «Կիլիկիա», «Քոչարի» երգերու նորարար կատարումները: Ունկնդրութեանս ժամանակ կարծես մարմնիս բոլոր բջիջները կ՛ոգեւորուէին երաժշտական այս հսկայ եւ իւրօրինակ իրագործումին ի տես: Հայ երաժշտութեան մեծ փառատօն մըն էր իսկապէս, եւ բոլոր մշակողները այդ օր տողանցեցին բեմին վրայ: Իսկ հապա այնտեղ գտնուող աւելի քան երկու հազար ունկնդիրները ինչպիսի՛ ազգային զգացումներ ապրեցան եւ այս պահը վայելեցին:

Այս իւրայատուկ համերգը, որ կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքի (ֆորում) 30-ամեակին առիթով եւ Համազգայինի հովանաւորութեամբ, այս առիթով բազմաթիւ երաժիշտներ Հայաստանէն թէ սփիւռքէն ժամանած էին ներկայ ըլլալու եւ գնահատելու Սէրուժին տարիներու արգասիքը, որոնց կարգին վաստակաշատ երաժշտահան Արա Գէորգեան` ներգրաւուելու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութեան արդի կատարումները:

Հայ երաժշտութիւնը արդի աշխարհին հետ կապելու եւ նորարար ոճով ներկայացնելու Սէրուժին նպատակը արդէն իրականացաւ:

Սէրուժ Պաղտասարեան տաղանդաւոր աստղ մըն է, որ իր նորարար ոճով հայ երաժշտութեան նոր հոգի ու կեանք տուաւ եւ երաժշտութեան մարզին մէջ տարիներու իր նուիրեալ աշխատանքին արգասիքը հրամցուց, ի մասնաւորի` հայ ժողովուրդին եւ առհասարակ աշխարհին:

Վա՛րձքը կատար Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ հայ մշակոյթի ջահը անմար կը պահէ աւելի քան դարէ մը ի վեր: Յարգա՛նք եւ պատիւ` Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին, խմբավարին, ազգագրական նուագարաններուն, մենակատարներուն եւ երկու երգչախումբերուն, որոնք հայ երգը նորարար ոճով ներկայացնելու ջանքին մէջ ճիգ չխնայեցին եւ հայ երգը պանծացուցին:

Կը մաղթենք, որ հայու տոկուն կամքով եւ երաժշտութեան հանդէպ իր անուրանալի սիրով առլցուն Սէրուժը շարունակէ իր երթը` նուաճելու համար նորանոր բարձունքներ, եւ հայ երգը միշտ մնայ պատուանդանի վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Նախա՞նձ, Թէ՞ Նախանձախնդրութիւն

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգը` Ազգային Արժանապատուութեան, Զոհողութեան Եւ Գիտակից Պայքարի Խորհրդանիշ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.