Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննադատելը Հակապետական Արա՞րք Է

July 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստան դարձած է շփոթեցնող հակասութիւններու երկիր մը: Լրահոսը լիքն է բուռն երեւոյթներով. խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ, հայհոյալից եւ սպառնալից յայտարարութիւններ պետական պաշտօնատարներու կողմէ, Սիւնիքի մասին վտանգալից բացայայտումներ, Էջմիածինը գրաւելու մասին յայտարարութիւններ եւ նմանատիպ այլ դրսեւորումներ: Մտահոգութիւն եւ տագնապ յառաջացնող եղելութիւններու անդադրում տարափ մը: Միւս կողմէ, Երեւանի փողոցներուն եւ բակերուն մէջ տագնապի ոչ մէկ նշան կը նշմարուի, կեանքը կը շարունակուի իր բնական հունով:

Իշխանութեան մունետիկները, պատրաստուող նոր զիջումները շղարշելու միտումով, անդադար կը խօսին ինքնիշխանութեան նուաճման մասին: Իբրեւ թէ ինքնիշխանութիւնը նուաճած ենք ազատուելով արցախեան խնդիրէն եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ հաշտութեան գործընթաց սկսելով: Արցախ, Արեւմտեան Հայաստան, Հայ դատ, Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ պահանջատիրական ամէն աշխատանք ներշնչուած են օտարներու կողմէ, արգելք հանդիսանալու համար իրական Հայաստանի, պետութեան հետ շփոթուած հայրենիքի «գաղափարախօսութեան» իրագործման դէմ: Իրական Հայաստանի կայացումը արգելակող գլխաւոր օտարը Ռուսիան է: Որեւէ բողոք Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ առաջ քաշուած թեզերուն ու գաղափարներուն դէմ ներշնչուած է Ռուսիոյ կողմէ, որ Հայաստանի դէմ հիպրիտային (քողարկուած` ուրիշներու միջոցով) պատերազմ կը մղէ: Առանց Ռուսիոյ կարծեցեալ թէ իրաւ միջամտութիւնը բացառելու, արձանագրենք, որ ամէն ընդդիմութիւն Ռուսիոյ վերագրելու մոլուցքը նպատակ ունի ընդդիմադիրները վարկաբեկելու, զանոնք ներկայացնելով իբրեւ օտարի, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս, գործակալներ:

Ռուսիոյ գործակալներ են նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ իր անմիջական շրջապատի հոգեւորականները: Օտարի գործակալներէն ձերբազատումը պետութեան ազգային անվտանգութեան խնդիր է. նոյնիսկ` առաջնահերթութիւն:

Կաթողիկոսէն ու իր գործակիցներէն ձերբազատումը կատարելու համար պատրուակ պէտք է: Պատրուակը, որ աւելի քան քառորդ դարու հնութիւն ունի, գտնուեցաւ. եկեղեցւոյ ներքին կեանքին վերաբերող խնդիր մը վերածուեցաւ ազգային անվտանգութեան խնդիրի: Նոյնիսկ համալսարանը չաւարտած Նիկոլ Փաշինեան, որ քաղաքագէտ է, բանասէր, գիւղատնտես ու ճարտարագէտ, հագաւ եկեղեցական կանոնագէտի պատմուճանը եւ որոշեց կաթողիկոս ու արքեպիսկոպոսներ կարգալոյծ հռչակել: Բարձրաստիճան հոգեւորականները սկսան կոչուիլ իրենց աշխարհական, աւազանի անուններով: Քանի որ Նիկոլ Փաշինեան ինքզինք կը նկատէ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հաւատաւոր հետեւորդ, Աստուածաշունչ ու սաղմոսներ կարդացող, ան նոր մասնագիտութիւն մըն ալ աւելցուց իր տիտղոսներուն ու դարձաւ աստուածաբան: Հրապարակային ելոյթներու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան, իր արարքները մեկնաբանելու ու արդարացնելու համար, քրիստոսաբանական հարցեր կ՛արծարծէ:

Աստուածաբանութիւնը, քրիստոսաբանութիւնը եւ կանոնագիտութիւնը տեսական գիտութիւններ են: Ասոնք գործադրութեան դնելու համար, գործնական աշխատանք պէտք է: Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ կարգ մը եկեղեցականներէ (ընդհանրապէս կարգալոյծ եղած) եւ աշխարհականներէ կազմուած խումբ մը կաթողիկոսը պիտի վտարէ վեհարանէն: Խումբին աշխարհականները պէտք է կարդացած ըլլան Աւետարանները ու նկատուին վաւերական հաւատացեալներ. անոնք կ՛անդամակցին «բարեվարքութեան» քննութենէ մը անցնելէ ետք: Խումբին կազմութիւնը, խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններուն նման, գաղտնի է:

Նիկոլ Փաշինեան ժողովուրդը հրաւիրած է Վաղարշապատ քաղաքի հրապարակը ցոյցի, այնտեղէն սկսելու համար կաթողիկոսին, ներողութիւն` Կտրիճ Ներսիսեանին, վտարումը Էջմիածնի վեհարանէն: Թուականը անորոշ է: Մեր շունչը բռնած` կը սպասենք նոր զարգացումներու:

Ինչպէս կ՛ըսեն` բարին Աստուծմէ:

 

 

 

Նախորդը

Դէմքեր… Հետքեր. Շարլ Ազնաւուր

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քրիս Փոլ Վերադարձաւ Քլիփըրզ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.