Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Պասքեթպոլի Վեթերաններու Մրցաշարք

July 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 6 յուլիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ կազմակերպուած էր պասքեթպոլի մրցաշարք մը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մարզադաշտին վրայ:

Մրցաշարքը ընթացաւ ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, ՀՄԸՄ-ի  Պէյրութի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբի տնօրէն Կի Մանուկեանի եւ համակիրներու:

Ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վեթերան աղջիկներ ընդդէմ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի  վեթերան աղջիկներու մրցումը, որ աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին:

Երկրորդ մրցումը ընթացք առաւ ժամը 7:30-ին` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վեթերան տղաքը ընդդէմ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վեթերան տղոց. մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին: Մրցաշարքի իրաւարարութիւնը ստանձնած էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասոնի իրաւարարները:

Տեղին է յիշել, որ զոյգ խումբերը կազմուած էին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղերու տղոց եւ աղջիկներու վեթերան մարզիկներէ, որոնք տարիներ շարունակ իրենց ներդրումը բերած էին Լիբանանի պասքեթպոլի մարզական կեանքին մէջ` միշտ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի անունը: Սոյն մրցաշարքին համար, իւրաքանչիւր վեթերան մարզիկի համար պատրաստուած էր իր անունը եւ թիւը կրող տարազը, անոնք այդ տարազներով ներկայացան դաշտ եւ ապրեցան անցեալի իրենց փառքի եւ հպարտութեան օրերը, երբ կը կիրարկէին այս մարզաձեւը. վեթերան մարզիկները ունեցան անմոռանալի եւ յիշատակելի մրցաշարք մը:

Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով` դէպի 100-ամեակ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Յաղթեց Մանարայի Մէջ

Յաջորդը

Օճալան. «Թուրքիոյ Դէմ Զինեալ Պայքարը Վերջ Գտաւ, Եւ Կուսակցութեան Զինաթափումը Արագ Տեղի Պիտի Ունենայ»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.