Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

June 30, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի տարրական բաժնի եւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 17 յունիսի երեկոյեան, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ:

Հանդէսին ընդհանուր բնաբանը հայկական տօներն ու աւանդութիւններն էին: Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ քոլեճի քայլերգներով, որոնք մեկնաբանուեցան  աշակերտներուն կողմէ` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի:

Մանկապարտէզի եւ տարրական դասարաններու փոքրիկ աշակերտները համարձակութեամբ ու խանդավառութեամբ` բեմականացած ձեւով ներկայացուցին հայկական տօներն ու աւանդութիւնները` Նոր տարիէն, Տեառնընդառաջ, Բարեկենդան, Ծաղկազարդ, Զատիկ, Համբարձում, Վարդավառ, հասնելով Աստուածածնայ տօնին եւ խաղողօրհնէքին: Աշակերտները խօսքերով, երգերով ու պարերով կենդանացուցին այս աւանդութիւնները` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափերուն: Բեմականացման ընթացքին պարբերաբար կը ցուցադրուէին նաեւ կարճ տեսերիզներ` ներկայացուած տօնին մասին:

Հանդէսին մասնակցող աշակերտները չմոռցան նաեւ հայրենիք Լիբանանը, որուն նուիրեցին աշխուժ պարեր եւ երգեր:

Յայտագրին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ քոլեճի 40-ամեակին  նուիրուած կալա-ընթրիքին մասին տեսերիզ մը:

Փոքրիկ աշակերտները բացառիկ ճկունութեամբ եւ ճարտարութեամբ  ներկայացուցին չափական պարի եւ երգերու  շարան մը, որ հիացում պատճառեց ներկաներուն: Այս բաժնին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներուն ապագայի երազներուն մասին տեսերիզ մը, ուր իւրաքանչիւր փոքրիկ կ՛ըսէր, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ, երբ մեծնայ:

Շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներուն վերջին պարէն ետք բեմ բարձրացաւ մանկապարտիզպանուհի Զապէլ Փաջանեանը, որ շնորհաւորեց աւարտական դասարանի աշակերտներն ու անոնց ծնողները. ապա ան խօսքը տուաւ քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունիի, որ դիտել տուաւ,  թէ ըսելիք բան չմնաց դիտելէ ետք փոքրիկները, որովհետեւ անոնք ամէն ինչ ըսին իրենց խօսքերուն, երգերուն եւ պարերուն ընդմէջէն: Ան շնորհաւորեց մանկապարտիզպանուհին եւ ուսուցիչները, որոնք յաջողած են այսպիսի աշակերտներ պատրաստել: Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ծաղկեփունջեր նուիրեցին մանկապարտէզի բոլոր ուսուցիչներուն: Նկատի ունենալով, որ հանդէսին մօտիկ թուականի կը զուգադիպէր Հայրերու օրը, բոլոր աշակերտները  մէկական ծաղիկ նուիրեցին իրենց հայրերուն:

Յայտագրի վերջին բաժինով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ստացան դպրոցական կեանքի իրենց առաջին վկայականը: Վկայական ստացող աշակերտներուն հետ բեմ բարձրացան նաեւ քոլեճի շրջանաւարտ անոնց ծնողները:

Հանդէսը փակուեցաւ Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեանի ներկաներուն ուղղուած խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցիչները: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց կարեւորութիւնը հայ դպրոցին, որուն հիմը դրած է Մեսրոպ Մաշտոց:

2024-2025 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներ.

Չիւրիւքեան Սեւակ,  Գսաճըգեան Սանտրա, Թաուք Սէր-Ռիթա, Թաշճեան Վէմ, Զղոնտի Լիամ, Զղոնտի Էյտըն, Թովմասեան Քէյ, Ագըլ Լին, Ճեւահիրճեան Սառա, Գնտոյեան Սարել:

Նախորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. Տեսուչին «Պատշգամէն»

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեան, Ազգային Գործիչը (Ծննդեան 150-Ամեակի Առիթով)

RelatedPosts

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.