Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիքօ Ուիլիամս` Պարսելոնայի Եւ Պայերնի Միջեւ

June 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանացի ձախ ծայրի յառաջապահ Նիքօ Ուիլիամս անցեալ ամրան յիշատակելի ելոյթ ունենալէ ետք Սպանիոյ հետ Եուրոյին շատ մը ակումբներու ուշադրութիւնը գրաւած էր:

22 տարեկան Ուիլիամս նախ Պարսելոնան ընտրած էր, բայց երբ այս վերջինս նիւթական լուրջ հարցերու մատնուեցաւ, չկրցաւ զայն ձեռք ձգել: Այդ ժամանակ Նիքօ յայտնած էր, թէ պիտի մնայ Աթլեթիք Պիլպաոյի մէջ:

Այս ամրան Ուիլիամսը պահանջող ակումբներու ցանկը երկարեցաւ: Լոնտոնի Արսենալն ու Չելսին միացան, եւ բնականաբար Ուիլիամսի եւ Պիլպաոյի պահանջներն ալ:

Բայց Նիքօ Ուիլիամս յայտնեց, թէ կ՛ուզէ միանալ Պարսելոնային, բայց հակառակ պարագային եթէ չյաջողի այդ մէկը, Պայերն Միւնիխ կը մնայ թիւ 1 թեկնածուն:

Պարսելոնայի նիւթական պայմանները այդքան ալ լաւ չեն եւ ան պիտի ստիպուի մեծ թիւով մարզիկներ «ծախել» աւելի սեղմ, բայց լաւ խմբակ մը ունենալու համար: Կը մտածուի մինչեւ իսկ Ռաֆինիան «ծախելու» մասին, մանաւանդ որ Նիքօ Ուիլիամս նոյն դիրքի մարզիկ է, եւ հետաքրքրական կրնայ ըլլալ Սպանիոյ ազգային խումբին նման Ուիլիամս-Եամալ զոյգը ըլլան Պարսելոնայի երկու ծայրի յառաջապահները:

Միւս կողմէ, Պայերն առաջարկ մը ներկայացուցած է Պիլպաոյին եւ պատրաստ է երկրորդ առաջարկ մըն ալ կատարելու: Պայերն, որ ձախողած էր ձեռք ձգել Ֆլորիան Վերցը (որ նախընտրեց միանալ Լիվըրփուլին), կը փորձէր նաեւ ձեռք ձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի Պրատլի Պարքոլան, Միլանի Ռաֆայէլ Լէաոն եւ Պրայթընի Քաորու Մեթուման:

Պարքոլա նպատակ չունի լքելու «Չեմփիընզ լիկ»-ը նոր շահած ֆրանսական ակումբը, մինչ Միլան կ՛ուզէ Լէաօն փոխանակուիլ Պարսելոնայի Ռոնալտ Արաուխոյի հետ:

Թէ Պարսելոնա կ՛ուզէ Լէաոն կամ կը նախընտրէ Նիքօ Ուիլիամսը, նիւթական հարցը միշտ ալ կանգնած կը մնայ Քաթալոնիայի ակումբին դիմաց:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քեւըն Տիւրենթ Դէպի Ո՞ւր

Յաջորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Ինթեր Եւ Տորթմունտ Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.