Երեքշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն շարունակուեցան ակումբներու մոնտիալի մրցումները, որոնց ծիրին մէջ Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտ խումբը բաւական դժուարութիւն ունեցաւ պրազիլեան Ֆլումինենսէի դէմ մրցումին, որ աւարտեցաւ սպիտակ հաւասարութեամբ:
40 տարեկան Թիակօ Սիլվայի գլխաւորութեամբ Ֆլումինենսէ ոչ միայն լաւ ձեւով պաշտպանեց իր բերդը, այլ բազմիցս վտանգեց նաեւ Տորթմունտի բերդը: Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Տորթմունտի նոր միջնապահ Ճոպ Պելինկհամ, որ Ռէալ Մատրիտի մարզիկ Ճուտ Պելինկհամի կրտսեր եղբայրն է:
Առաւօտեան ժամերուն, Ինթեր Միլան, որ քանի մը շաբաթ առաջ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին պարտութիւն կրած էր Փարիզ Սեն Ժերմենէն, նոր մարզիչ Քրիսթիան Չեւուին հետ չկրցաւ յաղթել Սերխիօ Ռամոսի Մոնթերին:
25-րդ վայրկեանին Օլիվըր Թորեսի քոռնըրէն ետք 39 տարեկան Ռամոս գլխու անզսպելի հարուածով գրաւեց Ինթեր Միլանի բերդը: Քանի մը վայրկեան առաջ Մաթէօ Տարմեան ոսկի առիթ մը կորսնցուցած էր բանալու մրցումին հաշիւը:
38-րդ վայրկեանին Ինթեր փենալթի մը պահանջեց, բայց իրաւարարը ՎԱՐ-ի կրկնութիւնները դիտելէ ետք չվաւերացուց զայն:
42-րդ վայրկեանին Լաութարօ Մարթինես գնդակը զետեղեց Մոնթերէի բերդին մէջ` օգտուելով Քարլոս Աուկուսթոյի փոխանցումէն:
Այս կոլը աւելի ուշ վաւերացուեցաւ անգամ մը եւս ՎԱՐ-ին վրայ հաստատուելէ ետք:
64-րդ վայրկեանին սպանացի Սերխիօ Քանալեսի ռմբային հարուածը զսպեց Ինթերի… բերդին սիւնը:
77-րդ վայրկեանին Մարթինես առիթ ունէր 2-րդ կոլ նշանակելու, բայց անոր հարուածը զարմանալիօրէն Մոնթերիի բերդի աջ սիւնէն դուրս անցաւ:
93-րդ վայրկեանին Նելսոն Տեոսսա իր կարգին առիթ ունէր յաղթանակը նուիրելու մեքսիքական խումբին, բայց անոր հարոածը ձախ սիւնին քովէն դուրս գնաց:
Այս մրցումէն առաջ, Հարաւային Ափրիկէի Մամելոտի Սանդաունզ Օրլանտոյի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հարաւային քորէական Ուլսան խումբը` շնորհիւ Իքրամ Ռայնըրզի կոլին: Ռայնըրզ նաեւ նշանակեց 2 այլ կոլեր, որոցմէ մէկը ըստ երեւոյթին նշանակած պահուն դպած էր ձեռքին, իսկ միւսը օֆսայտի դիրքի վրայ էր:
Արժանթինի Ռիվըր Փլէյթ խումբը 3-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակ արձանագրեց Ճափոնի Ուրաուա Ռետծի վրայ:
Ֆաքունտօ Քոլիտիօ, Սեպասթիան Տրիուսի եւ Մաքսիմիլիանօ Մեսա նշանակեցին Ռիվըր Փլէյթի կոլերը, մինչ Եուսուքէ Մացուօ փենալթիով նշանակեց ճափոնական ակումբի միակ կոլը:
Այսօր, առաւօտեան ժամերուն, Եուվենթուս պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբին դէմ, մինչ ժամը 19:00-ին Փալմէյրաս պիտի մրցի Ահլիի դէմ, իսկ Ինթեր Մայեմի` Փորթոյի դէմ (ժամը 22:00-ին):


